Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԹԵՄԵՐԷՆ ՆԵՐՍ ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ` ՙՍՈՒՐՄԱԼՈՒ՚Ի ԶՈՀԵՐՈՒ ՀՈԳԻՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ

August 22, 2022
in Գլխաւոր Լուրեր, Հայաստան
0
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԹԵՄԵՐԷՆ ՆԵՐՍ ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ` ՙՍՈՒՐՄԱԼՈՒ՚Ի ԶՈՀԵՐՈՒ ՀՈԳԻՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ

Կիրակի, 21 Օգոստոս 2022-ին, հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին եւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի մատրան մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան կարգ` Երեւանի ՙՍուրմալու՚ առեւտրական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած պայթումին հետեւանքով ինկած զոհերու հոգիներուն համար:

Յայտնենք, որ Նորին Ս. Օծութեան Հայրապետական տնօրինումով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բոլոր թեմերու եկեղեցիներուն մէջ եւս այսօր կատարուեցաւ հոգեհանգիստ, ի խաղաղութիւն պայթումին հետեւանքով իրենց մահկանացուն կնքած հայորդիներու հոգիներուն:

Յիշենք, որ Վեհափառ հայրապետը պայթումէն անմիջապէս ետք, Դիմատետրի իր էջին մէջ հետեւեալ ցաւակցական եւ զօրակցական գրառումը կատարած էր. ՙԽոր մտահոգութեամբ եւ ցաւով ականատես եղայ Երեւանի ՙՍուրմալու՚ առեւտուրի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած պայթումին: Կը ցաւակցիմ Հայաստանի մեր ժողովուրդի զաւակներուն: Թող Աստուած զոհերուն հոգիները լուսաւորէ, մխիթարութիւն պարգեւէ անոնց ընտանիքներուն եւ շուտափոյթ ապաքինում` վիրաւորներուն: Աստուած ամուր ու հաստատ պահէ մեր Հայրենիքը եւ հեռու` ամէն տեսակ չարէ ու չարիքէ՚:

Այս առիթով, Վեհափառ Հայրապետը, Կիլիկեան Միաբանութիւնը եւ մեր Ս. Աթոռին բոլոր թեմերը անգամ մը եւս իրենց բարոյական զօրակցութիւնը եւ խոր ցաւակցութիւնը կը յայտնեն զոհերու ընտանիքներուն, ինչպէս նաեւ վիրաւորներուն կը մաղթեն շուտափոյթ ապաքինում:

Share61Tweet38
Previous Post

ՇԱՐՔ ՄԸ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ԴԵՍՊԱՆՆԵՐ ԳՐԱՌՈՒՄՆԵՐ ԿԱՏԱՐԱԾ ԵՆ ՔԱԹԱՐԻ ՄԷՋ ՀՀ ԴԵՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԲԱՑՈՒԱԾ ՍԳՈՅ ՄԱՏԵԱՆԻՆ ՄԷՋ

Next Post

ԱՆՀԵՏԱՑՈՂ ԱՐՀԵՍՏՆԵՐ

Next Post
ԱՆՀԵՏԱՑՈՂ ԱՐՀԵՍՏՆԵՐ

ԱՆՀԵՏԱՑՈՂ ԱՐՀԵՍՏՆԵՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.