Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

2022 ԹՈՒԱԿԱՆԻ ՙՕՐՈՐԱ՚Ի ՀԵՐՈՍՆԵՐՈՒՆ ԱՌԱՋԱԴՐԱԾ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

August 20, 2022
in Միջազգային
0
2022 ԹՈՒԱԿԱՆԻ ՙՕՐՈՐԱ՚Ի ՀԵՐՈՍՆԵՐՈՒՆ ԱՌԱՋԱԴՐԱԾ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

ՙՕրորա՚ի հերոսները ընտրած են շահոյթ չհետապնդող կազմակերպութիւններ, որոնք կը տրամադրեն մարդասիրական օգնութիւն, կը նպաստեն խաղաղութեան, կը պաշտպանեն մարդու իրաւունքները, հասանելի կը դարձնեն բժշկական ծառայութիւնները եւ կ՛օգնեն խոցելի համայնքներուն:

19 Օգոստոսին` Մարդասիրութեան համաշխարհային օրը, ՙՕրորա՚ մարդասիրական նախաձեռնութիւնը ներկայացուցած է 2022 թուականի ՙՕրորա՚ի հերոսներուն առաջադրած կազմակերպութիւնները: 2022-ին երեք հերոսներէն մէկը պիտի դառնայ ՙՕրորա՚ մրցանակի դափնեկիր, որուն անունը պիտի յայտարարուի Իտալիոյ Վենետիկ քաղաքին մէջ 15 Հոկտեմբեր 2022-ին: Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրողներուն անունով, ի երախտագիտութիւն զանոնք փրկողներուն, դափնեկիրը պիտի ունենայ բացառիկ հնարաւորութիւն` շարունակելու նուիրատուութեան շղթան` 1.000.000 տոլար մրցանակին մէկ մասը յատկացնելով առաջադրած կազմակերպութիւններուն:

2022-ին ՙՕրորա՚ի հերոսները որոշած են աջակցիլ կազմակերպութիւններու, որոնք կը տրամադրեն մարդասիրական օգնութիւն, կը նպաստեն խաղաղութեան, կը պաշտպանեն մարդու իրաւունքները, կ՛օգնեն խոցելի եւ տեղահանուած համայնքներուն, ինչպէս նաեւ հասանելի կը դարձնեն բշկական օգնութիւնը:

Ճամիլա Աֆղանին (Աֆղանստան), որ խաղաղութեան աքթիվիսթ է եւ ՙՆուռ՚ կրթութեան եւ կարողութիւններու զարգացման կազմակերպութեան (NECDO) հիմնադիրը, 25 տարի պայքարած է կրթութիւնը Աֆղանիստանի կանանց հասանելի դարձնելու համար, առաջադրած է հետեւեալ կազմակերպութիւնները`

Կանանց միջազգային լիկա յանուն խաղաղութեան եւ ազատութեան (WILF), ՙՆուռ՚ կրթութեան եւ կարողութիւններու զարգացման կազմակերպութիւն (NECDO):

Հատի Ճումաան (Եմէն)` խաղաղութեան աքթիվիսթ եւ միջնորդ-բանակցող, որ, պարբերաբար վտանգելով սեփական կեանքը, կը կազմակերպէ ռազմագերիներու փոխանակում եւ առաջնագիծէն դուրս կը բերէ զոհուածներու մարմինները, առաջադրած է հետեւեալ կազմակերպութիւնները`

ՙՕգնութիւն Եմէնին՚ կազմակերպութիւն (Yemen Aid),

ՙԵմէնի գործընկերներ՚ կազմակերպութիւն (Partners Yemen):

Մահինուր Մասրին (Եգիպտոս)` փաստաբան եւ քաղաքական աքթիվիսթ, որ կը պայքարի երկրին մէջ քաղաքական ազատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու համար` կազմակերպելով բողոքի խաղաղ շարժումներ եւ դատարանին մէջ պաշտպանելով քաղաքական բանտարկեալներու իրաւունքները, առաջադրած է հետեւեալ կազմակերպութիւնները`

ՙԳործել յանուն յոյսի՚ կազմակերպութիւն (Action For Hope),

ՙՄերսալ՚ հիմնադրամ (Mersal Foundation):

ՙՄարդասիրութեան համաշխարհային օրը հիանալի հնարաւորութիւն է մեծարելու ՙՕրորա՚ի հերոսներուն նման մարդիկ, որոնք կը վտանգեն սեփական անձը` փրկելու ուրիշներ: Այս տարուան հերոսներուն առաջադրած կազմակերպութիւնները ու անոնց կատարած կենսական աշխատանքը արդէն փոխած են հազարաւոր մարդոց կեանքեր: Եւ մենք յոյս ունինք, որ ՙՕրորա՚ին աջակցութեամբ անոնք պիտի կրնան աւելին ընել՚, նշած է ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու հարցերով նախկին գերագոյն յանձնակատար եւ ՙՕրորա՚ մրցանակի Ընտրող յանձնաժողովի անդամ Մերի Ռոպինսընը:

2022 թուականին ՙՕրորա՚ մրցանակի շնորհման արարողութիւն ու անոր ուղեկցող յատուկ միջոցառումները տեղի պիտի ունենան Իտալիոյ Վենետիկ քաղաքին մէջ 14-16 Հոկտեմբեր 2022-ին: ՙՕւրորա՚ն պիտի համախմբէ մարդասիրութեան ոլորտի աշխարհի առաջատարները` արժանին մատուցելու մերօրեայ հերոսներուն, փառաբանելու մարդկայնութեան ոգին եւ զօրացնելու մարդոց օգնութեան ձեռք մեկնողներու յաջորդ սերունդը:

Share61Tweet38
Previous Post

ՇԻՐԱԿԻ ՄԱՐԶԻՆ ՄԷՋ Կ՛ԻՐԱԿԱՆԱՑՈՒԻՆ ԲՆԱԿԱՎԱՅՐԵՐՈՒ ԽՄԵԼՈՒ ՋՐԱԳԻԾԵՐՈՒ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՄԱՆ ԵՒ ՎԵՐԱԿԱՌՈՒՑՄԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐ

Next Post

ԻՒՐՈՓԱ ԼԻԿԻ ԶՏՈՒՄԻ ՓԼԷՅ-ՕՖԻ ԵՐԹ

Next Post
ԻՒՐՈՓԱ ԼԻԿԻ ԶՏՈՒՄԻ ՓԼԷՅ-ՕՖԻ ԵՐԹ

ԻՒՐՈՓԱ ԼԻԿԻ ԶՏՈՒՄԻ ՓԼԷՅ-ՕՖԻ ԵՐԹ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.