Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՎՐԱՍՏԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ՊԱՇՏՕՆԱՊԷՍ ՇԱՀԱԳՈՐԾՄԱՆ ՅԱՆՁՆՈՒԵՑԱՒ ՙԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԵԱՆ՚ ԿԱՄՈՒՐՋԸ

August 20, 2022
in Գլխաւոր Լուրեր, Հայաստան
0
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՎՐԱՍՏԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ՊԱՇՏՕՆԱՊԷՍ ՇԱՀԱԳՈՐԾՄԱՆ ՅԱՆՁՆՈՒԵՑԱՒ ՙԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԵԱՆ՚ ԿԱՄՈՒՐՋԸ

 

Հայաստանի եւ Վրաստանի միջպետական սահմանի Բագրատաշէն-Սադախլօ անցակէտի տարածքին պաշտօնապէս շահագործման յանձնուեցաւ Դեպեդ գետի վրայ կառուցուած նոր կամուրջը: Խորհրդանշական ՙԲարեկամութիւն՚ անուանումը ստացած նոր կամուրջի պաշտօնական բացման արարողութեան մասնակցելու համար երկու կողմէ ժամանած էին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Վրաստանի կառավարութիւններուն ղեկավարները:

Հայ-վրացական անցակէտին մէջ տեղի ունեցած դէմ առ դէմ հանդիպումէն յետոյ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլին հանդէս եկան մամուլի համար յայտարարութեամբ` շնորհաւորելով միմեանց հայ-վրացական գործընկերային սերտ եւ բազմաբովանդակ համագործակցութիւնը ազդարարող կամուրջի գործարկման առիթով:

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նշեց, որ ուրախ է ողջունելու ներկաները հայ-վրացական բազմաբովանդակ համագործակցութիւնը ազդարարող կամուրջի գործարկման միջոցառման:

ՙԱնկասկած, ընդհանուր արժէքներու եւ պատմական ժառանգութեան վրայ խարսխուած մեր երկու բարեկամ երկիրներու դարաւոր կապերը ունին նման արդիական եւ ժամանակի պահանջներուն համահունչ կարեւոր ենթակառուցուածքի կարիք, որ ամուր հենք կը ստեղծէ մեր հետագայ ծաւալուն համագործակցութեան համար: Աւելի քան համոզուած եմ, որ այսօր առկայ են բոլոր անհրաժեշտ նախադրեալները, Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան կարեւոր առաջնայնութիւններուն համապատասխան, զարգացնելու եւ խորացնելու եղբայրական Վրաստանի հետ հետագայ յարաբերութիւնները՚, ըսաց ՀՀ վարչապետը:

Անոր խօսքով` ներկայիս բարդագոյն մարտահրաւէրներու պայմաններուն մէջ ակնառու աճ արձանագրուած է հայ-վրացական առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններուն մէջ, որ համատեղ ու անդադար, շարունակական ու հետեւողական աշխատանքնեու իրագործման արդիւնք է:

ՙԱյդուհանդերձ, հայ-վրացական առեւտրատնտեսական յարաբերութիւնները ունին առաւել մեծ ներուժ: Համագործակցութեան խորացման լուրջ հնարաւորութիւններ կան արդիւնաբերութեան, գիւղատնտեսութեան, դեղագործութեան, տեղեկատուութեան եւ կապի, , ուժանիւթի, զբօսաշրջութեան եւ այլ ոլորտներուն մէջ: Ակնյայտ է, որ առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման համար առանցքային նշանակութիւն ունին հաղորդակցային ուղիները, որոնք հնարաւորութիւն կու տան համարկուելու համաշխարհային տնտեսութեան եւ կենսական կապ ապահովել ազգային, տարածաշրջանային եւ միջազգային մակարդակով: Մեր երկկողմ համագործակցութեան ճանապարհային փոխադրութեան ոլորտի առաջնահերթութիւնն ու փոխադրութեան միջազգային շարք մը կառոյցներուն մէջ փոխգործակցութիւնը, մեզ հնարաւորութիւն կ՛ընձեռեն իրատեսական քայլերու ձեռնարկելու ոչ միայն Պարսից ծոց-Սեւ ծով միջազգային փոխադրութեան միջանցքի, այլ նաեւ փոխադրութեան ոլորտի հանգուցային կապ ապահովող այլ նախաձեռնութիւններու մէջ: Լիայոյս եմ, որ առաւել աշխոյժ աշխատանքներու իրականացման եւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու համադրման ու կեանքի կոչման ճանապարհով արդէն իսկ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած եւ այլ շահագրգիռ կողմերու ներգրաւումը պիտի նպաստէ տարածաշրջանային հեռանկարային համագործակցութեա՚, ընդգծեց Փաշինեան:

Վարչապետը գոհունակութեամբ նշեց, որ Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ կանոնաւոր ուղեւորափոխադրումներ կ՛իրականացուին թէ՛ ցամաքային, թէ՛ օդային ուղիներով: Ինչ կը վերաբերի բեռնափոխադրումներուն, անհրաժեշտ է յաւելեալ ջանքեր գործադրել եւ համատեղ շարունակական աշխատանքներ իրականացնել անոնց աւելի դիւրին շարժը ապահովելու համար: Այս ծիրին մէջ Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց նաեւ երկաթուղային փոխադրութեան համագործակցութեան եւ բազմաձեւ, մասնաւորապէս` լաստանաւային փոխադրումներու ընդլայնման կարեւորութիւնը:

ՙՀայաստանի համար Վրաստանը, որպէս տարանցիկ երկիր, մեծ դեր ունի ուժանիւթի աղբիւրներու, կապի եւ հեռահաղորդակցութեան յուսալի եւ անվտանգ մատակարարման առումով: Համագործակցութեան արդիւնաւէտ մեծ փորձ կայ ուժանիւթի ոլորտին մէջ: Նշուած, ինչպէս նաեւ կիպերանվտանգութեան ապահովման ուղղութեամբ առօրեայ եւ հետեւողական աշխատանք պէտք է իրականացուի համապատասխան գերատեսչութիւններու եւ կառոյցներու կողմէ:

Ընդհանուր առմամբ կառուցուած է երկու կամուրջ` իրարմէ 1 մեթր հեռաւորութեամբ: Իւրաքանչիւր կամուրջի երկարութիւնը 11.85 մեթր է, ընդհանուր լայնութիւնը` մօտ 25 մեթր: Կամուրջին երկարութիւնը 160 մեթր է: ՙԲարեկամութիւն՚ կամուրջին շինարարութիւնը մեկնարկած էր 2021-ի Մայիսին:

Share61Tweet38
Previous Post

ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ՎՐԱՍՏԱՆ ԺՈՂՈՎ

Next Post

ՀՀ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ԾԱՆՕԹԱՑԱԾ Է ԲԱԳՐԱՏԱՇԷՆԻ ՄԱՔՍԱԿԷՏԻ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆ ՈՒ ՆԱԽԱՏԵՍՈՒՈՂ ԲԱՐԵՓՈԽՈՒՄՆԵՐՈՒՆ

Next Post
ՀՀ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ԾԱՆՕԹԱՑԱԾ Է ԲԱԳՐԱՏԱՇԷՆԻ ՄԱՔՍԱԿԷՏԻ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆ ՈՒ ՆԱԽԱՏԵՍՈՒՈՂ ԲԱՐԵՓՈԽՈՒՄՆԵՐՈՒՆ

ՀՀ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ԾԱՆՕԹԱՑԱԾ Է ԲԱԳՐԱՏԱՇԷՆԻ ՄԱՔՍԱԿԷՏԻ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆ ՈՒ ՆԱԽԱՏԵՍՈՒՈՂ ԲԱՐԵՓՈԽՈՒՄՆԵՐՈՒՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.