Չորեքշաբթի երեկոյեան շարունակուեցան Եւրոպայի ֆութպոլի ակումբներու առաջնակարգ մրցաշարքի` Չեմփիընզ Լիկի փլէյ-օֆի հանգրուանի երթի վճռական մրցումները: Այս հանգրուանի ամենահետաքրքրական մրցումին, Ուքրանիոյ ՙՏինամօ Քիեւ՚ը իր դաշտին վրայ մրցեցաւ Փորթուկալի զօրաւոր ՙՊենֆիքա՚ին դէմ: Մրցումի 9-րդ վայրկեանին, պրազիլցի պաշտպան Ժիլպերթօ նշանակեց ՙՊենֆիքա՚ի կոլը, Ժոայօ Մարիայի փոխանցումով: Իսկ մրցումի 37-րդ վայրկեանին յարձակող Կոնզալօ Ռամոս հաշիւը դարձուց 0-2, Տաւիտ Ներէսի փոխանցումով: ՙՊենֆիքա՚ տարաւ կարեւր յաղթանակ մը եւ մեծ քայլ առաւ դէպի մրցաշարքի խմբակներու հանգրուան: Ստորեւ տեսնել արձանագրուած արդիւնքները.
– Քարապաղ (Ատր.) – Վիքթորիա Փլզըն (Չեխ.) 0-0
– Մաքապի Հ. (Իսր.) – Ռէտ Սթար Պելկրատ (Սրպ.) 3-2
– Տինամօ Քիեւ (Ուքր.) – Պենֆիքա (Փոր.) 0-2