Հինգշաբթի երեկոյեան տեղի ունեցան կիներու ֆութպոլի Միջազգային ախոյեաններու բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի մրցումները: Առաջին մրցումին, Եւրոպայի ախոյեան Ֆրանսայի ՙՕլիմփիք Լիոնէ՚ն մրցեցաւ Անգլիոյ ՙՉելսի՚ին դէմ, ԱՄՆ-ի Փորթլէնտ քաղաքի մարզադաշտին վրայ: Աւստրալիացի յարձակող Քէր` 8-րդ եւ յարձակող Ճէյմզ` 55-րդ վայրկեաններուն նշանակեցին ՙՉելսի՚ի կոլերը, Քաթպըրթի մէկ փոխանցումով: Սակայն ամերիկացի կիսապաշտպան Հորան` 76-րդ եւ փոխարինող դանիացի յարձակող Պրիւն` 88-րդ վայրկեաններուն հաշիւը դարձուցին 2-2: Մրցումի հիմնական եւ երկարաձգուած ժամանակը աւարտեցաւ հաւասարութեամբ ու ՙՕլիմփիք Լիոնէ՚ յաղթեց տուգանային հարուածներով: Երկրորդ մրցումին, ԱՄՆ-ի ախոյեան ՙՓորթլէնտ Թորնզ՚ եւ Մեքսիքայի ախոյեան ՙՄոնթըրրէյ՚ հաւասարեցան ու ՙՄոնթըրրէյ՚ յաղթեց տուգանային հարուածներով: 5-րդ վայրկեանին, յարձակող Էվըրէթ նշանակած էր ՙԹորնզ՚ի կոլը, Պեքիի փոխանցումով: Իսկ 68-րդ վայրկեանին կիսապաշտպան Կարսիա նշանակած էր հաւասարութեան կոլ, Օլիվիերիի փոխանցումով: Ստորեւ տեսնել արձանագրուած արդիւնքները.
– Օլիմփիք Լիոնէ (Ֆր.) – Չելսի (Անգ.) 2-2 տուգ. 4-3
– Փորթլէնտ Թորնզ (ԱՄՆ) – Մոնթըրրէյ (Մեքս.) 1-1 տուգ. 2-3