Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿԱՄԱՒՈՐՆԵՐԸ ԱՌԱՆՁՆԱՅԱՏՈՒԿ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՆ.

ՙSTARMUS՚-Ի ՀԱՄԱՀԻՄՆԱԴԻՐԸ ՀԱՆԴԻՊԵՑԱՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒՆ

August 17, 2022
in Գլխաւոր Լուրեր, Հայաստան
0
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿԱՄԱՒՈՐՆԵՐԸ ԱՌԱՆՁՆԱՅԱՏՈՒԿ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՆ.

Հայաստանի մէջ 5-10 Սեպտեմբերին տեղի ունենալիք միջազգային ՙSTARMUS VI՚ փառատօնի շրջանակներուն մէջ, փառատօնի համահիմնադիր աստղաբնագէտ Գարիկ Իսրայէլեանը հանդիպեցաւ կամաւորներու հետ, որոնց ներկայացուց փառատօնին փիլիսոփայութիւնը, գաղափարը եւ հնարաւորութիւնները: Գարիկ Իսրայէլեանը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց կամաւորներուն, որ արձանագրուած են եւ ցանկութիւն յայտնած` մասնակցելու ՙSTARMUS VI՚ փառատօնին:

Փառատօնին համահիմնադիրը երիտասարդներուն վստահեցուց` անոնց շատ հետաքրքրական եւ արդիւնաւէտ շաբաթ կը սպասէ:

ՙԲոլոր փառատօներուն միշտ կամաւորներ ունեցած ենք, բայց ամենաառանձնայատուկ կամաւորները պիտի ըլլան Հայաստանի կամաւորները, ես անոր մէջ չեմ կասկածիր: Ինչո՞ւ, որովհետեւ նման կարգի գիտնականները Հայաստան երեւի թէ առաջին անգամ կու գան: Ձեզի համար շատ հետաքրքրական պիտի ըլլայ տեսնել, թէ որու հետ պիտի աշխատիք:

Հայաստանի մէջ, մանաւանդ վերջին տարիներուն, շատ դժուար եղած է երիտասարդներուն կեդրոնանալ ինչ-որ բանի վրայ` պատերազմի, քաղաքական խնդիրներու, քաղաքականացուած մետիադաշտի պատճառով: Եթէ գտնուած են երիտասարդներ, որոնք. չնայած այդ բոլոր բարդութիւններուն, հետաքրքրուած են եւ փափաքած են այս փառատօնին մասնակցիլ, օգնել, այդ ինծի համար շատ ու շատ աւելի կարեւոր է, քան, եթէ փառատօնը ըլլար եւրոպական ինչ-որ այլ երկրի մէջ: Հայաստանեան պայմաններուն մէջ ունենալ այսպիսի երիտասարդներ` ինծի փոփոխութիւններու յոյս կու տայ՚, նշեց Իսրայէլեանը:

Հանդիպման ընթացքին ան պատմեց, թէ ինչպէս կրցած են ընդամէնը 30 կամաւորներով պատշաճ կազմակերպել ՙSTARMUS II՚-ը, երբ միայն բրիտանացի տեսաբան բնագէտ Սթիվըն Հոքինկին օգնելու եւ ուղեկցելու համար ներգրաւուած էր 3-4 կամաւոր: Յիշեց, թէ ինչ դժուարութիւններ ունեցած են ՙStarmus III՚ փառատօնին ժամանակ: Ան նաեւ պատասխանեց կամաւորներու հարցումներուն:

Աստղաբնագէտը յոյսով է, որ ՙSTARMUS՚-ը պիտի բարձրացնէ երիտասարդներու շրջանակին մէջ գիտութեան նկատմամբ հետաքրքրութիւնը, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի մէջ նմանատիպ նոր փառատօներ պիտի կազմակերպուին:

ՙԹող ՙSTARMUS՚-ը պատճառ հանդիսանայ, որ Հայաստանի մէջ գիտութեան նկատմամբ վերաբերմունքին մէջ փոփոխութիւն ըլլայ՚, ընդգծեց Իսրայէլեանը:

ՙSTARMUS VI՚ փառատօնին կամաւորները համակարգող Տիանա Պալասանեանը յայտնեց, որ 16 Օգոստոսին մեկնարկեց կամաւորներու ուսուցման շարք, որպէսզի անոնք շատ լաւ պատկերացում ունենան փառատօնին մասին եւ պատրաստ ըլլան փառատօնին:

ՙՈւնինք մօտ 180 կամաւոր Հայաստանի գրեթէ բոլոր համալսարաններէն: Կը մասնակցին անոնք, որոնք անգլերէնի լաւ իմացութիւն ունին, որովհետեւ ՙSTARMUS՚-ը միջազգային փառատօն է, եւ մենք կ՛աշխատինք միջազգային խմբակով: Ի հարկէ, կամաւորները նաեւ պէտք է հետաքրքրուած ըլլան գիտութեամբ, արուեստով, ըլլան աշխոյժ, ցանկութիւն ունենան սորվելու:

Կամաւորները պիտի ուղեկցին ելոյթ ունեցողներուն, պիտի օգնեն հանդիսատեսին, մանաւանդ` արտասահմանցի: Եթէ ըլլան մարդիկ, որոնք լաւ չեն կողմնորոշուիր տեղանքին մէջ կամ ինչ-որ հարցեր կ’ունենան` կամաւորները անոնց պիտի օգնեն: Երիտասարդները պիտի օգնեն բեմին վրայ, պիտի օգնեն ՙSTARMUS՚ ճամբարին մէջ:

Կամաւորներուն տարբեր խրախուսանքներ կը սպասուին, բայց, կը կարծեմ, որ ամենամեծ խրախուսանքը այն է, որ անոնք պիտի կարենան տեսնել փառատօնը ներսէն, նաեւ պիտի կարենան քաղել այն բոլոր գիտելիքները, որոնք ՙSTARMUS՚-ը կ՛առաջարկէ՚, ընդգծեց Պալասանեանը:

Կամաւոր Կարինէ Յովհաննիսեանը փափաքած է ՙSTARMUS՚-ի աշխատանքներուն մէջ ներգրաւուիլ, քանի որ, իր կարծիքով, այն Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք ամենամեծ գիտական փառատօներէն մէկն է:

ՙԿը կարծեմ, որ փառատօնին շնորհիւ շատ ընդունակութիւններ ձեռք պիտի բերեմ, քան ունէի մինչեւ այս: Բացի այդ, պիտի ըլլան այնպիսի մեծութիւններ, որոնց Հայաստանի մէջ տեսնելը, իրենց օգնելը եւ իրենց հետ աշխատիլը ինծի համար մեծ պատիւ է՚, եզրափակեց Յովհաննիսեանը:

Share61Tweet38
Previous Post

ԿԻՐԻԼ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ ՀԵՌԱԳՐԵՐ ՅՂԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ ԵՒ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Next Post

ՍԵՐՊԻՈՅ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱԾ ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԵԱՆ ԱՌԻԹՈՎ ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ ՀԵՌԱԳԻՐ ՅՂԱԾ Է ՎԱՀԱԳՆ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻՆ

Next Post
ՍԵՐՊԻՈՅ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱԾ ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԵԱՆ ԱՌԻԹՈՎ ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ ՀԵՌԱԳԻՐ ՅՂԱԾ Է ՎԱՀԱԳՆ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻՆ

ՍԵՐՊԻՈՅ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱԾ ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԵԱՆ ԱՌԻԹՈՎ ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ ՀԵՌԱԳԻՐ ՅՂԱԾ Է ՎԱՀԱԳՆ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.