Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԿԻՐԻԼ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ ՀԵՌԱԳՐԵՐ ՅՂԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ ԵՒ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

August 17, 2022
in Հայաստան
0
ԿԻՐԻԼ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ ՀԵՌԱԳՐԵՐ ՅՂԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ ԵՒ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Մոսկուայի եւ Համայն Ռուսիոյ Կիրիլ պատրիարքը ցաւակցական հեռագրեր յղած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին եւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին Երեւանի ՙՍուրմալու՚ առեւտրի կեդրոնին մէջ 14 Օգոստոսին տեղի ունեցած ողբերգական դէպքին` հրավառութեան պահեստի պայթումին հետեւանքով մարդոց մահուան կապակցութեամբ:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին ուղղուած իր ցաւակցական հեռագրին մէջ Ռուսիոյ հոգեւոր առաջնորդը նշած է, որ խոր ցաւով ընդունած է Երեւանի առեւտուրի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած ողբերգութեան մասին տեղեկութիւնը, մասնաւորապէս այն, որ հրդեհի եւ շէնքի փլուզման հետեւանքով բազմաթիւ զոհեր եւ վիրաւորներ կան:

ՙԽորապէս կը կարեկցիմ եղբայրական Հայաստանի ժողովուրդին եւ կը խնդրեմ անկեղծ ցաւակցութիւնս փոխանցել բոլոր անոնց, որոնց առնչուած է այս սարսափելի դժբախտութիւնը, յատկապէս անոնց, որոնք կորսնցուցած են իրենց հարազատներն ու մտերիմները: Կ՛ուզեմ վստահեցնել Ձեզի, որ Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցին, ի դէմս երեւանեան-հայաստանեան թեմի հոգեւորականներուն եւ աշխարհականներուն, պատրաստ է բարոյական աջակցութիւն ցուցաբերելու բոլոր անոնց, որոնք ունին անոր կարիքը: Թող բարերար Տէրը ողորմութեամբ ընդունէ հանգուցեալներուն հոգիները, մխիթարէ սգաւորները եւ շուտափոյթ ապաքինում շնորհէ տուժածներուն՚, նշուած է Կիրիլ պատրիարքի ցաւակցական ուղերձին մէջ:

Մոսկուայի եւ Համայն Ռուսիոյ պատրիարքը եղբայրական ուղերձ հասցէագրած է նաեւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին, անկեղծ ցաւակցութիւն յայտնելով ամբողջ հայ ժողովուրդին      ` տեղի ունեցածին առիթով եւ յոյս յայտնելով, որ Ամենաողորմած Արարիչը հանգստութիւն պարգեւէ զոհուածներու հոգիներուն, շուտափոյթ ապաքինում շնորհէ վիրաւորներուն եւ մխիթարէ սգաւորները:

Share61Tweet38
Previous Post

ԱՅՍՕՐ ԵՒ ՎԱՂԸ ՍՈՒԳ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

Next Post

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿԱՄԱՒՈՐՆԵՐԸ ԱՌԱՆՁՆԱՅԱՏՈՒԿ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՆ.

Next Post
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿԱՄԱՒՈՐՆԵՐԸ ԱՌԱՆՁՆԱՅԱՏՈՒԿ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՆ.

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿԱՄԱՒՈՐՆԵՐԸ ԱՌԱՆՁՆԱՅԱՏՈՒԿ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՆ.

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Trending
  • Comments
  • Latest
ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

August 25, 2022
ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ`  ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ` ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

March 11, 2023

ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ՄՈՒՏՔ ԿԸ ԳՈՐԾԵՆ Ս.Դ.ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՔԵՐԸ

September 14, 2022
ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՙԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ՚ ՎԷՊԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՙԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ՚ ՎԷՊԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

April 19, 2023

ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

0

ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄԻ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

0

1704 ԶԻՆՈՒՈՐԻ ԱՃԻՒՆ

0

ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄ

0
ԱՐԱՐԱՏ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ

ԱՐԱՐԱՏ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ

June 4, 2023
BRICS-Ի ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐԸ ՆՇԱԾ ԵՆ ՄԻԱԿՈՂՄԱՆԻ ՊԱՏԺԱՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒ ԲԱՑԱՍԱԿԱՆ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ

BRICS-Ի ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐԸ ՆՇԱԾ ԵՆ ՄԻԱԿՈՂՄԱՆԻ ՊԱՏԺԱՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒ ԲԱՑԱՍԱԿԱՆ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ

June 4, 2023
ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՐԺԱՆԹԻՆ-ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ԽՈՒՄԲԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ

ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՐԺԱՆԹԻՆ-ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ԽՈՒՄԲԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ

June 4, 2023
ԶԵԼԵՆՍՔԻ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԱԾ Է

ԶԵԼԵՆՍՔԻ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԱԾ Է

June 4, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.