Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հրամանագիր ստորագրած է այսօր եւ վաղը` 17 ու 18 Օգոստոս 2022-ը յայտարարելու սուգի օրեր ամբողջ երկրի տարածքին, ի յիշատակ ՙՍուրմալու՚ առեւտրական կեդրոնի պայթումի զոհերուն: Լրատուական տարբեր միջոցներ պիտի հեռասփռեն միայն պատշաճ ծրագիրներ, այս որոշումը յարգելով:
Յիշեցնենք, որ 14 Օգոստոսին, Երեւանի ՙՍուրմալու՚ առեւտրական կեդրոնին մէջ պայթում տեղի ունեցած էր հրդեհի մը պատճառով: Պայթումին զոհ գացին 16 քաղաքացիներ: Կան 10 կորսուած անձեր ու 61 անձեր ընդունուած են հիւանդանոց, որոնցմէ եօթը հոգին տակաւին բուժում կը ստանան: