Ըստ թրքական ՙԶաման՚ օրաթերթին, նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանի դաշնակից համարուող Ազգայնական կուսակցութեան նախագահ Տողու Փերինչէք պիտի այցելէ Սուրիա: Ըստ նոյն աղբիւրին, ան անպաշտօն կերպով պիտի տեսակցի նախագահ Պաշշար Ասատին եւ կառավարութեան կարգ մը անդամներուն հետ: