Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԸ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ

August 16, 2022
in Գաղութային
0
ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԸ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ

14 Օգոստոսին Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին նշեց Սուրբ Մարիամ Աստուածածնի Վերափոխման տօնը:

Բերկրառատ օրուան առիթով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանութիւնը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. ծայրագոյն պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին գլխաւորութեամբ, Սուրբ Գայիանէ վանքին մէջ մասնակցեցաւ Պատարագի սրբազան արարողութեան: Պատարագիչն էր Մայր Աթոռի Վանորէից տեսուչ գերաշնորհ Տ. Արտակ եպիսկոպոս Տիգրանեանը:

Ներկայացնելով տօնին խորհուրդը` պատարագիչ Սրբազանը մասնաւորապէս ընդգծեց. ՙՎերափոխման յիշատակի այս տօնը մեզի կարեւոր պատգամ կը փոխանցումէ. ըլլալ տէր եւ հնազանդ Աստուծոյ կամքին: Աստուածածինը մեզ ամէնքիս Իր կեանքի կարեւորագոյն պատգամներէն մէկը կը փոխանցէ` Աստուծոյ խօսքին, աւետարանական պատգամին կատարեալ հնազանդութեամբ կեանք ունենալ: Սուրբ Աստուածամօր օրինակով կոչուած ենք հնազանդուելու Երկնաւոր Հօրը, կոչուած ենք հաւատքով դառնալու Աստուծոյ լոյսի կրողներն ու այն տարածողները, որպէսզի աշխարհը եւ մենք խաւարի մէջ չմնանք՚:

Աւարտին Արտակ Սրբազանը հայցեց Տիրամօր բարեխօսութիւնը մարդու եւ Աստուծոյ հաշտութեան համար` պատգամելով վերափոխուիլ ու մեր անձերը աղօթքով սրբագործել:

Սուրբ Պատարագի աւարտէն յետոյ եկեղեցական թափօրը Սուրբ Գայիանէ վանքէն ուղղուեցաւ դէպի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Սուրբ Տրդատի բաց խորան, ուր հանդիսապետութեամբ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին, կատարուեցաւ ՙԽաղողօրհնէք՚ի հանդիսաւոր կարգը: Օրհնուած խաղողի ողկոյզները բաժանուեցան հաւատաւոր ժողովուրդին:

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՎԱԽԻ ՀՐԱՀՐՄԱՄԲ ԳՈՐԾՈՂ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Next Post

Ս. ԿՈՅՍ ՄԱՐԻԱՄ` ՏԻՐՈՋ ՀՆԱԶԱՆԴ ԱՂԱԽԻՆԸ

Next Post
Ս. ԿՈՅՍ ՄԱՐԻԱՄ` ՏԻՐՈՋ ՀՆԱԶԱՆԴ ԱՂԱԽԻՆԸ

Ս. ԿՈՅՍ ՄԱՐԻԱՄ` ՏԻՐՈՋ ՀՆԱԶԱՆԴ ԱՂԱԽԻՆԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.