Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Ս. ԿՈՅՍ ՄԱՐԻԱՄ` ՏԻՐՈՋ ՀՆԱԶԱՆԴ ԱՂԱԽԻՆԸ

August 16, 2022
in Յօդուածներ
0
Ս. ԿՈՅՍ ՄԱՐԻԱՄ` ՏԻՐՈՋ ՀՆԱԶԱՆԴ ԱՂԱԽԻՆԸ

Այս տարի անգամ մը եւս հրճուանքով եւ ցնծութեամբ կը պատրաստուինք մեծարելու, տօնախմբելու եւ նշելու Աստուծոյ սիրած աղախինին եւ համայն քրիստոնեայ մայրերուն սիրող մօր Ս. Աստուածածնի տօնը:

Այսօր Օգոստոսի առաջին կիսուն մէջ կը գտնուինք, առիթն է եւ յարմար պահն է մտածելու թէ ինչպէս կարելի է մեր կեանքը շաղախել Ս. Կոյս Աստուածածնի կեանքին հետ:

Այսօր պահն է զգալու եւ ապրելու անարատ մօր ներկայութիւնը մեր կեանքէն ներս:

Վերջապէս այսօր ժամն է մեր միտքն ու հոգին ազատելու ամէն տեսակի աշխարհիկ եւ սին ըսի-ըսաւներէ եւ բամբասանքներէ, հեռանա՛լ այդ բոլորէն ու միանալ մաքուր, անմեղ, անարատ ու սուրբ տիրուհիին:

Հայ եկեղեցւոյ արարողութիւններէն, առաւօտեան արարողութեան մէկ բաժնին մէջ, շարականներուն ընդմէջէն ամբողջութեամբ կը գովերգեն եւ կը ներբողեն իր օրինակելի եւ նուիրուած պատկերով զաւկին` Յիսուս Քրիստոսի:

Ս. Կոյս Աստուածածնի կեանքին մասին մտածելով, փորձենք աւելի մօտէն ճանչնալ անոր կեանքը եւ տեսնել ու յատկապէս սորվիլ անոր վեհ նկարագրէն: Երբ լաւապէս սերտենք Աստուածաշունչը, շարականները եւ Ս. Հայրերու գրականութիւնը, անոնց ընդմէջէն փորձենք դիտել Սրբուհիին կեանքը, մեր ուշադրութիւնը պիտի գրաւեն հետեւեալները. խոնարհութիւն եւ հնազանդութիւն:

Պահ մը քննենք մեր անձերը եւ մտածենք նախ որպէս քրիստոնեաներ, ապա որպէս մայրեր, արդեօք ճիշդ եւ ուղիղ դաստիարակութիւնը կը ջամբե՞նք մեր զաւակներուն եւ անոնց հոգիին մէջ իրենց փոքր եղած տարիքէն, եկեղեցւոյ եւ Քրիստոսի հանդէպ կատարեալ հնազանդութեան սերմերը կը յաջողի՞նք ցանել թէ ո՛չ. մտածենք…:

Աւետարանին մէջ կը տեսնենք Քրիստոսի եւ մօր միջեւ եղած խօսակցութիւնը Կանայի հարսանիքի ընթացքին: Քրիստոս իր առաջին հրաշքն էր որ պիտի կատարէ ջուրը գինիի դարձնելով: Քրիստոսի մայրը կþըսէ իր զաւկին թէ անոնց գինին սպառած է, իսկ Քրիստոս կը պատասխանէ. ՙՈ՜վ կին, դուն ինծի հետ ի՞նչ բան ունիս. իմ ժամանակս դեռ հասած չէ՚ (Յհ. 2.4): Մարիամ Աստուածածին իր զաւկին վրայ կատարեալ վստահութիւն ունենալով կը պատուիրէª ըսելով. ՙինչ որ ձեզի ըսէ, ըրէ՛ք՚ (Յհ. 2գ5): Այդպիսով Քրիստոսի մայրը ո՛չ մէկ աւելորդ արտայայտութեամբ հանդէս եկաւ:

Սոյն երկխօսութիւնը որ մօր ու զաւկին միջեւ եղած երկխօսութիւն մըն է, մեզի կը մատնանշէ հետեւեալ երկու իրականութիւնները.

ա) Մարիամ Աստուածածին որպէս մայր իր մայրութիւնը լաւապէս կատարած էր, այդ իսկ պատճառաւ անոր հանդէպ կատարեալ վստահութիւն ունէր: Այո՛, Քրիստոս Մեսիան էր, փրկիչն էր, սակայն Մարիամ Աստուածածին ինք եւս որպէս մայր` ըսելիք կրնար ունենալ իր զաւկին. այլ խօսքով կրնար բարեխօսել եւ անմիջապէս այդ անորոշ կացութեան վերջ տալ առանց յարմար ժամը սպասելով:

բ) Աստուածածնայ հնազանդութիւնը կþարտացոլայ այս հատուածին ընդմէջէն, երբ Քրիստոս կը պատասխանէ. ՙՈ՜վ կին… իմ ժամանակս դեռ հասած չէ՚, ան կը հնազանդի եւ կը վստահի իր զաւկին. մտքին մէջ նկատի ունենալով Յիսուս Քրիստոսի Աստուածորդի ըլլալով` անշուշտ պիտի կատարէր այն ինչ որ բարի է եւ Աստուծոյ փառքը կը գովաբանէ եւ հասկնալով իր զաւկին Աստուածորդի ըլլալով` կը հնազանդի իր զաւկին եւ ըստ Աւետարանիչներուն անմիջապէս այդ նիւթը անգամ մը եւս չþըներ:

Եկէք մեր ապաւէնն ու պաշտպանը Մարիամ Աստուածածինը ունենանք մեր ամբողջ կեանքի ընթացքին, չմոռնանք քաղցր տիրուհին եւ մեր սէրը յարատեւ յայտնենք անոր, միեւնոյն ատեն խնդրենք արագահաս բարեխօսութիւնը Ս. Աստուածածնին այնպէս ինչպէս բարեխօսեց հարսանիքի ներկայ գտնուող հրաւիրեալներուն, թէ անոնք ձեւով մը նեղութեան մէջ են. մեզի համար ալ բարեխօսէ որպէսզի իր միածին որդին փրկէ մեզ մեր դժուարութիւններէն, առաջնորդելով մեզ հոն, ուր խաղաղութիւնն ու ցնծութիւնը առկայ են:

 

ԱՐՏԱՒԱԶԴ ՎՐԴ. ՇԱՌՈՅԵԱՆ

 

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԸ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ

Next Post

ԼՐԱՏՈՒԱՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒՆ եւ ՔԱՂԱՔԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ԿԸ ՅՈՐԴՈՐԵՆՔ ԶԵՐԾ ՄՆԱԼ ԱՀԱԲԵԿՉԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ՉՃՇԴՈՒԱԾ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՀՐԱՊԱՐԱԿԵԼԷ. ՀՀ ԱԱԾ

Next Post
ԼՐԱՏՈՒԱՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒՆ եւ ՔԱՂԱՔԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ԿԸ ՅՈՐԴՈՐԵՆՔ ԶԵՐԾ ՄՆԱԼ ԱՀԱԲԵԿՉԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ՉՃՇԴՈՒԱԾ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՀՐԱՊԱՐԱԿԵԼԷ. ՀՀ ԱԱԾ

ԼՐԱՏՈՒԱՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒՆ եւ ՔԱՂԱՔԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ԿԸ ՅՈՐԴՈՐԵՆՔ ԶԵՐԾ ՄՆԱԼ ԱՀԱԲԵԿՉԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ՉՃՇԴՈՒԱԾ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՀՐԱՊԱՐԱԿԵԼԷ. ՀՀ ԱԱԾ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.