Ամէն տեսակի ապահովագրութիւն (insurance ծնունդ առած է վստահաբար արեւմտեան աշխարհի տնտեսապէս յաջող երկիրներուն մէջ, ուր գործի մարդիկ կամ վարպետ առեւտրականներ իրենց շուրջինները ՙբարի սուտով՚ կամ ՙվախազդու՚ միջոցով համոզած են, թէ գողէն խուսափելու համար դրամը պէտք չէ տան մէջ պահել, այլ պահ դնել դրամատան մէջ: Անոնք պարբերաբար համոզած են նաեւ, թէ պէտք է ապահովագրուիլ կեանքի ապահովագրութեամբ (life insurance, որպէսզի մահանալու պարագային մարդ իր ընտանիքին ապրուստը ապահովէ, կամ պէտք է ունենայ տան կամ ինքնաշարժի համար ապահովագրութիւն (home and auto insurance, որպէսզի արկածի մը պարագային մեծ ծախսերով չբեռնաւորուի (property insurance, travel insurance, purchase warranties, alarm systems, եւլն., եւլն.:
Մակերեսային գնահատումով` շատ լաւ մտածած են այդ մարդիկը, կասկած չկայ, սակայն երբ հարցին մէջ խորանանք` պիտի տեսնենք, որ անոնք փշրանքը մեզի տալով աներեւակայելի հարստութիւն ամբարած են` մեր բոլորին մէջ վախ ստեղծելով:
ՎԱԽ` ապագային պատահելիք անորոշութեան մը դէմ, որ կրնայ երբեք չպատահիլ:
Միայն կեանքի ապահովագրութիւնը ապագային պատահելիքի համար է, եւ այդ ալ կարելի է նկատել ՙսպիտակ ձիւնը՚, որ ծածկած է անոնց ՙվաշխառութիւնը՚:
Վախի հրահրմամբ հիմնուած Արեւմուտքի առեւտրական գործելակերպը դարձած է նաեւ անոր քաղաքական գործելակերպը:
Արեւմուտքի զաւակ Իսրայէլ` իր ստեղծման առաջին օրերէն սկսեալ իր գոյութեան հիմերը ամրացնելու համար Արեւմուտքի ականջին իր ՎԱԽԸ լսելի կը դարձնէր` ըսելով, որ ՙարաբները զինք ծովը պիտի թափեն՚: Սակայն վախցողը եղաւ միշտ յաղթողը:
Եւրոպայի ազգայնական շարժումները իրենց երկիրներուն մէջ իշխանութեան տիրանալու համար ահազանգ կը հնչեցնեն եւ ՎԱԽԻ մթնոլորտ կը ստեղծեն` ըսելով, թէ Եւրոպան կÿիսլամանայ եւ պէտք է իսլամները ՙծովը թափել՚: Սակայն Եւրոպան կը մնայ Իսրայէլի պաշտպան` հակառակ իսլամացումի վտանգին:
Ամերիկայի մէջ թրամփական ազգայնականները իշխանութեան տիրացան եւ կը փորձեն նորէն տիրանալ` հոն ալ ՎԱԽԻ մթնոլորտ յառաջացնելով, թէ Ամերիկա կորսնցուցած է իր ճերմակամորթներու իշխանութիւնը եւ պէտք է վերատիրանալ այդ յափշտակուած իշխանութեան: Այսուհանդերձ Ամերիկա կը մնայ ճերմակ Փենթակոնի ենթական:
Հայաստանի մէջ ալ արեւմտամէտ քաղաքականութեամբ շարժող մարդիկ ՎԱԽԻ մէջ կÿապրեցնեն հայ ժողովուրդը` ըսելով, թէ ՙՓաշինօղլու՚-ն Հայաստանն ու Արցախը թուրքին եւ ազերիին կը ծախէ:
Սակայն Հայաստան կը մնայ իր շահերուն պաշտպանը: Բոլոր անոնք, որոնք նկատի չառնելով ուժերու անհաւաւասար իրականութիւնը հայերու եւ թուրք-ազերի անթանթին միջեւ եւ քաջագործութեան կոչեր կÿարձակեն, կը նմանին այն չարաճճի փոքրիկին, որ մեծ մարդու մը բռնութեան կը դիմադարձէ` անոր փորին իր գլուխը հրելով եւ կը փորձէ իր փոքրիկ ձեռքերով անոր կողերուն անվնաս հարուածներ տեղացնել…:
Այս բոլոր երեւոյթները ՎԱԽԻ հրահրմամբ գործող քաղաքականութիւններ են, որոնք կը ծառայեն զանոնք տարաձայնողներու շահերուն եւ նպատակ ունին մոլորեցնելու կրքոտ զանգուածները:
ՎԱԽ տարածող վարպետները իրենց մոլորեցնող սովորութիւնը կիրարկելով` վերջին երկու տարուան ընթացքին պսակաձեւ ժահրին դէմ պատուաստուելուն հակառակ արշաւ մը տարին,- կրօնական եւ քաղաքական համոզումներէ մղուած,- իրենց հետեւորդերը մոլորեցնելով պատուաստին գաղտնի պահուած ապառողջ հետեւանքներով: Կարծէք թէ գիտութեան ընծայած բազմատեսակ առողջապահական դեղերն ու զանազան պատուաստները եւ վիրաբուժական գործողութիւնները կը տարբերին իրենց մէջ պարունակող վնասին չափով անկէ, որ Քովիտ-19-ի պատուաստը կը ներկայացնէ:
Ամերիկայի հռչակաւոր նախագահներէն Ֆրանքլին Ռուզվելթ ¥Franklin D. Roosevelt, FDR¤ իր 1933 թուականի նախագահական պաշտօնակալութեան ելոյթին մէջ ՎԱԽԻ մասին խօսելով` կÿըսէր. ՙԹոյլ տուէք հաստատելու իմ ամուր համոզումը, թէ միակ բանը որմէ պէտք է վախնանք` այդ ինքնին վախն է ¥the only thing we have to fear is fear itself¤` անանուն, անհիմն եւ չարդարացուած սարսափը, որ կը խափանէ նահանջը յառաջդիմութեան վերածելու պէտք եղած ջանքերը ¥nameless, unreasoning, unjustified terror which paralyzes needed efforts to convert retreat into advance¤՚£
Վախի հրահրմամբ գործող քաղաքականութիւնը իսկապէս կը խափանէ բոլոր կարող եւ ազնիւ մարդոց ներդրումը մարդկութեան կեանքը բարելաւելու գործին մէջ:
ՄԵԹՐ ՊԱՐԳԵՒ ԴԱՒԻԹԵԱՆ