Լիբանանի տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ամին Սալամ յայտարարեց, որ ինք կողմնակից չէ նախագահի առարկութեան` մաքսային տոլարի փոխարժէքը ուղղակի բարձրացնել 25 հազար լիբանանեան ոսկիի, այլ կողմնակից է նախ բարձրացնելու 18 հազար լիբանանեան ոսկիի: Սալամ դէպի Սուրիա կատարուած հացի մաքսանենգութիւնը համարեց աղիտալի, որ երկար ժամանակի վրայ պիտի հասցնէ աղէտի ու աւարտին, 9 ամիս ետք Լիբանան պիտի ստիպուի ալիւրէն օժանդակութիւնը ամբողջովին վերացնելու: