ՀՆԴԻԿ ՄԵԾ ՓԻԼԻՍՈՓԱՅ
ԲԱՆԱՍՏԵՂԾ, ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒՄԻ ՀԱՅՐª
ՌԱՊԻՆՏՐԱՆԱԹ ԹԱԿՈՐ (1861-1941)
Դ. ՄԱՍ
Հնդիկ մեծ փիլիսոփայ, բանաստեղծ, գրող, թատերագիր, ընկերային բարեկարգումի ռահվիրայ, երաժիշտ, փիլիսոփայ եւ արուեստի գործիչ: Ան կատարեց մեծ գործ, երբ պենկալի արուեստը եւ գրականութիւնը վերաձեւեց ըստ 20-րդ դարու նորարարութեան: Սակայն այս բոլոր գործերուն մէջէն ան ամենաշատ փայլեցաւ իր բանաստեղծական հանճարով: Իր գրած ՙԿիթանճալի՚ բանաստեղծութիւնը ուրոյն տեղ վերապահեց իրեն համաշխարհային գրականութեան մէջ եւ ան դարձաւ առաջին ոչ-եւրոպացի գրողը, որ կը ստանայ գրականութեան Նոպէլեան մրցանակ, 1913 թուականին: Անոր շնորհուած ՙՊենկալի աշուղ՚ տիտղոսը տրուած էր ճիշդ անձին:
1912 թուականին, Թակոր ՙԿիթանճալի՚ն կը թարգմանէ անգլերէնի եւ զայն ցոյց կու տայ այն ատենուան ամենաազդեցիկ բանաստեղծներէն Ուիլիըմ Պաթըր Եիցին եւ Էզրա Փաունտին: Յաջորդ տարի ան կը դառնայ առաջին ոչ-եւրոպացի գրողը, որ կը ստանայ գրականութեան Նոպէլեան մրցանակը իր այս բանաստեղծութեան համար:
Ան ազգասէր եւ մարդասէր բանաստեղծ էր: Փաստը հետեւեալն է` 1915 թուականին, ան իր գրական տաղանդին համար կը ստանայ Բրիտանիոյ Ճորճ Ե. թագաւորին կողմէ ասպետութեան կոչում: Սակայն երբ 1919 թուականին բրիտանացի գաղութարար զինուորներ կը սպաննեն խումբ մը հնդիկներ, որոնք կը բողոքէին գաղութատիրական իշխանութեան դէմ, ան կը վերադարձնէ ասպետութեան կոչումը թագաւորին: Իրեն պէտք չէին կոչումներ, այլ` մարդկային վերաբերմունքը: Մարդը պէտք է յարգէր իր եղբայրը, ով որ ալ ըլլար ան: Մշակ, բանուոր թէ մտաւորական: Այս էր Ռապինտրանաթ Թակոր իր իսկութեան մէջ: Գլխագիր մարդ:
Թակոր մեծ գործ կատարեց իր ժողովուրդի զաւակները փրկելու համար տգիտութեան ախտէն: Ան դէմ էր գիւղացիներու շահագործումին եւ փորձեց ստեղծել պայմաններ հնդիկ գիւղացին դաստիարակելու եւ զարգացնելու համար: Ան լաւ գիտէր, թէ զարգացումն է յաջողութեան առաջին պայմանը: Ան նաեւ դէմ էր հինտու կրօնքի դաւանած դասակարգերու ձեւին, ուր դասակարգ մը կար, որ կը կոչուէր ՙանհպելի, այսինքն մարդոց հետ չէին կրնար շփուիլ անոնք իրենց ծայրայեղ աղքատութեան պատճառով:
Թակորը աւելի լաւ հասկնալու համար, շարունակենք սերտել իր ՙԿիթանճալի՚ բանաստեղծութենէն տուներ:
ՙՄայրի՛կ, իմ վիշտի արցունքներով քու վիզիդ համար մարգարիտներու շղթայ պիտի հիւսեմ
Աստղերը իրենց լոյսի օղակները շինած են քու ոտքերը պատելու համար, բայց իմս կախուած պիտի ըլլայ կուրծքէդ:
Հարստութիւնն ու համբաւը կու գան քեզմէ, եւ քու գործդ է տալ կամ պահել զանոնք: Բայց այս իմ վիշտը բացարձակապէս իմս է, եւ երբ ես զայն կը բերեմ քեզի որպէս իմ ընծաս, դուն զիս կը վարձատրես քու շնորհովդ՚:
ԱՍՏՂԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ
ԼՈՒՍԻՆԻՆ ԱՐՄԱՏՆԵՐԸ
Զուիցերիոյ ՙԶիւրիխ՚ի համալսարանէն խումբ մը գիտնականներ հաւաքած են յաւելեալ փաստ, թէ Լուսինը կազմուած է Երկիր մոլորակի մէկ մասէն: Անոնք օգտագործած են ընտիր կազերու գոյութիւնը Լուսինի մակերեսին վրայ, որպէս փաստ Երկիրի հետ անոր առնչութեան:
Ընտիր կազերը` նէոն, զենոն, քրիփթոն եւ այլն, մաս կը կազմեն այդ կազերու խումբին: Անոնք կը գտնուին միայն Երկիր մոլորակին վրայ: Գիտնականներ այս կազերէն պահուած գրպաններ գտած են Լուսինի մակերեսի ժայռերուն մէջ: Այս կը նշանակէ, թէ Լուսինը կրնայ կազմուած ըլլալ, երբ երկնային մարմին մը զարնուած է Երկիր մոլորակին ու Լուսինը անկէ փրթած է ու շարունակած է գոյութիւն ունենալ ինքնուրոյն: Այս կը հաստատէ հին վարկած մը, որ Լուսինը Երկիր մոլորակէն անջատուած երկնային մարմին մըն է:
Աղբիւր ՙhttp://www.sciencedaily.com՚
ԱՇԽԱՐՀԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
ԱՇԽԱՐՀԱԳՐՈՒԹՒՆԸ ԱՆՓՈԽԱՐԻՆԵԼԻ՞ – ՂԶ. ՄԱՍ
ՓՈՔՐ ԱՍԻԱ
Թուրքիա, մանաւանդ 2002-ին իսլամական կուսակցութեան իշխանութեան գալէն ետք, միշտ օգտագործած է Իսլամի եղբայրութեան լոզունգը: Թուրքիա որպէս համաշխարհայնացումի մաս կազմող երկիր, սկսաւ ունենալ իր ուրոյն համաշխարհայնացումը, որու մէջ Իսլամին տրուեցաւ առաջնահերթութիւնը:
Թուրքիա իր ճիգին մէջ` ըլլալու Միջին Արեւելքէն եւ Կովկասէն Եւրոպա հասնող բնական կազի խողովակներու հանգոյցը, փորձեց սիրաշահիլ Իրանը, որպէս բնական կազ արտադրող մեծ պետութիւն: Սակայն Արեւմուտքի պարտադրած պատժամիջոցները արգելք դարձան այս նպատակին հասնելու ճամբուն վրայ: Ներկայիս Թուրքիա կը համարուի դէպի Եւրոպա հասնող ռուսական ու ատրպէյճանական բնական կազի խողովակներու հանգոյցը: Սուրիոյ պատերազմին մէջ միջամտելու Թուրքիոյ նպատակներէն մէկն էր նաեւ Քաթարի եւ Ծոցի բնական կազը Սուրիոյ եւ իր վրայով հասցնել Եւրոպա, ձեւով մը շրջանցելով ռուսական դերը: Ռուսիան ալ միջամտեց Սուրիոյ մէջ արգիլելու համար այս ծրագիրին գործադրութիւնը, որ մեծ վնաս պիտի հասցնէր իրեն:
(Շարունակելի)
Աղբիւր` ՙՏը Ռիվէնճ Աֆ Ճիոկրաֆի՚« Ռոպըրթ Քափլան
ԸՆԿԵՐԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ
ԵՐԻՏԱՍՐԴԻՆ ՊԱՀԱՆՋՔԸ
Անցեալ շաբաթ ներկայ գտնուեցայ մշակութային միութեան մը անդրանիկ ժողովին: Օրուան նիւթն էր երիտասարդ ուժեր ներգրաւելու հրամայականը: Ներկայիս, ծանօթ պատճառներով, երիտասարդներ, որոշ բացառութեամբ, չեն միանար մշակութային, ընկերային միութիւններու: Պատճառները շատ են ու անոնց մեծ մասը կախեալ է մեր կարգ մը ղեկավարներու կաղապարուած մտածելակերպէն:
Նիւթը քննելէ ետք հասանք այն եզրակացութեա, որ այսօրուան երիտասարդը ժամանակ չ՛ուզեր վատնել կամ ժամավաճառ ըլլալ: Ան նաեւ կ’ուզէ հեռու մնալ անհմաձայնութիւններէ եւ ըսի-ըսաւներէ: Կը փնտռէ զինք հասկցող մարդիկ, որոնք զինք ընդունին ինչպէս որ է ու ըստ այնմ իր մէջ զարգացնել այն կէտերը, որոնք օգտակար պիտի ըլլան իրեն, միութեան ու
ազգին: Նախկին աշխատանքի ձեւը` հլու-հնազանդ մարդոց խումբ հաւաքելու եւ զանոնք ոչխարի նման քշելու, շատոնց դարձած է ժամանակավրէպ: Ակումբներուն մէջ դրական մթնոլորտը շատ բան պիտի փոխէ ու զայն դարձնէ գրաւիչ: Երիտասարդներու սիրած նիւթերու վրայ աշխատիլը ու զանոնք ալ գործի մղելը իրենց սիրած ասպարէզին մէջ, պիտի կազմեն այն դրական լիցքը, որուն պէտք ունի երիտասարդը:
Այս մեթոտին հետեւելով, մենք պիտի ունենանք բանիմաց երիտասարդութիւն, որ կը սիրէ մշակութային գործը, կը սիրէ ակումբի մթնոլորտը ու ամէն ջանք կը թափէ իրեն վստահուած գործը յաջողութեամբ պսակելու համար: Ուրեմն, մեզի պէտք են մշակութային գործիչներ, որոնք նաեւ գիտեն աշխատիլ երիտասարդներ
ու մտածելակերպը, աշխատանքի ձեւը, նախասիրութիւնները: Նաեւ գիտեն սիրցնել երիտասարդին կատարելիք գործը, զինք հեռու պահելով ժխտական ամէն գաղափարէ: Ժխտականը եւ ըսի-ըսաւը քանդած է շատ մը միութիւններ ու ակումբներ: Հեռու մնանք անոնցմէ ու եթէ կարելի է միութիւններու ղեկավար կազմէն հեռացնել ժխտական մտածելակերպ ու աշխատանքի ձեւ ունեցող անհատները, որպէսզի չկաղան մեր միութիւնները: Շատ մը միութիւններ, որոնց մէջ չկայ հաշուետուութիւն ու կը գտնուին կամայական գործի հաւատացող մարդիկ, կը տուժեն ու անոնց անդամաշարքը կը նօսրանայ: Փաստերը յայտնի են:
ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՈԴԻՍԱԿԱՆԸ
ԽԳ. ՄԱՍ
Այս շարքով պիտի շարունակենք ներկայացնել Արեւմտեան Հայաստանի հարցին վերաբերող պատմութեան ծալքերը ու անոնց վերլուծումը: Ներկայացնելէ ետք փանթուրքիզմ շարժումի հիմնադիրները, որոնք մեծամասնութեամբ սիոնիստ հրեաներ էին, պիտի շարունակենք ներկայացնել թէ որոնք հովանաւորեցին փանթուրքիզմը եւ ինչ նպատակներու համար:
Այս պայմաններուն տակ, յոյներու, արաբներու, քիւրտերու եւ հայոց գոյատեւումի պարզ փաստն անգամª մնայուն սպառնալիք մը կը հանդի
սանայ տարատնկուած թուրք պետութեան համար, որ երբեւէ վստահ չէ եղած իր ՙազգային՚ սահմաններու վերջնական ճանաչումի մասին, քանի որ այդ սահմանները կը շարունակուին հարցականի տակ առնուիլª յոյներու, արաբներու, քիւրտերու եւ հայոց կողմէ, հետեւաբար ալ` հարցականի տակ կ’առնուի թուր
քերու ՙազգային՚ լինելիութիւն, ճիշդ այնպէս` ինչպէս է պարագան Իսրայէլ կոչուած տարատնկուած միւս պետութեան, որ աւազի վրայ հիմնուած է եւ, իր աւազի վրայ գծուած սահմաններու կորստեան սարսափէն մղուա, միշտ հակամէտ է այդ սահմանները աւելի ըն
դարձակելու ուղղութեամբ գործելու… ինչպէս որ կ’ընէ Թուրքիա, Իսրայէլի հետ միասին հանդիսանալով` Միջին Արեւելքի եւ աշխարհի խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը վտանգող երկու տարատնկուած պետութիւններ:
Ինչ խօսք, սակայն, որ Իսրայէլ եւ Թուրքիա չեն կրնար սպառնալ Միջին Արեւելքի միւս ժողովուրդներու գոյութեան ու լինելիութեան, առանց իմփերիալիստական հզօր պետութեան մը նեցուկին եւ հովանաւորութեան« որ վայելած են անոնք, ամէն անգամ որ հզօր տէրութիւն մը փայփայած է ծաւալողական երազ մը Խորհրդային Միութեան կամ Միջին Արեւելքի դէմ… կամ այնքան ժամանակ որ աշխարհ մնացած է երկբեւեռացումի ու ՙցուրտ պատերազմ՚եան առճակատումի դրութեան մէջ: Ասիկա կը հաստատուի վերջին մէկ դարու պատմութեամբ:
(Շարունակելի)
Աղբիւր` ՙՍիոնիզմի եւ Բանթուրքիզմի Առնչութիւնները՚, Մեթր Գ. Տէրտէրեան, 1990
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆ
ԱԼԶՀԱՅՄԸՐԻ ԿԱՐԵՒՈՐ ԳՈՐԾՕՆ ՄԸ
ԱՄՆ-ի ՙԼուիզիանա Սթէյթ Եունիվըրսիթի՚ համալսարանէն խումբ մը հետազօտողներ սկսած են հետազօտել Ալզհայմըրի հիւանդութիւնը պատճառող կարեւոր գործօնները: Գիտնականներու խումբը, որ կ’ընդգրկէր ջիղերու, բջիջներու եւ այլ գործարաններու մասնագէտներ, հասաւ այն եզրակացութեան, որ Ալզհայմըրի հիմնական պատճառները կը սկսին աղիքներէն ու կը հասնին ուղեղին մէջ գտնուող բորբոքում յառաջացնող նիւթեր:
Ըստ գիտնականներուն, Bacteroides fragilis մանրէն, որ կը գտնուի աղիքային համակարգին մէջ, կը յառաջացնէ թունաւոր նիւթ մը` lipopolysaccharide or LPS, որ կը հարուածէ ուղեղի բջիջները եւ կը սկսի Ալզհայմըրի զարգացման հոլովոյթը:
Անոնք եզրակացուցած են, թէ մանրաթելերով (fiber) հարուստ բանջարեղէնը լաւ պաշտպան է մարդու ջղային համակարգին:
Աղբիւր` https://www.sciencedaily.com
ՄՇԱԿՈՅԹ
ՈՒՇ ՄԻՋՆԱԴԱՐՈՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԳՈՐԾԻՉՆԵՐ
ՍՈՒՐԲ ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻ – Զ. ՄԱՍ
Սուրբ Ներսէս Շնորհալի կամ Կլայեցի Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ նուիրապետութեան ամենաբեղուն ու լուսաւոր հայրապետներէն մէկն է:
Հոս կը մէջբերենք Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին ՙՆախադրութիւնք` Խրատական՚ը, որ գրած է ՙՀաւատով Խոստովանիմ՚ աղօթքին սկիզբը.
ՙԲայց մեր ժողովուրդը, աղօթատեղիներէն դուրս, բնաւ չի յիշեր Աստուծոյ անունը, որովհետեւ ջանք չունի աղօթելու այնպէս, ինչպէս կը վայելէ աստուածապաշտներուն: Կը սիրեն դատարկաբանութիւն ընել քան աղօթել: Ոմանք ալ երբ եկեղեցի կու գան« կը կանգնին բաց բերան կամ կը զբաղին խօսակցութեամբ. ո՛չ աղօթել գիտեն, եւ ո՛չ քահանայից պաշտամունքին հետեւիլ՚:
Միայն ՙՀաւատով Խոստովանիմ՚ աղօթքը բաւարար է վարկ բերելու համար սիրելի Հայրապետին: Ստորեւ կը շարունակենք ներկայացնել աղօթքին գրաբար եւ աշխարհաբար տարբերակները:
Հաւատով Խոստովանիմ
Անեղ բնութիւն« մեղայ քեզ մտօք իմովք, հոգւով եւ մարմնով իմով. մի՛ յիշեր զմեղս իմ զառաջինս` վասն անուանդ քում սրբոյ. եւ ողորմեա քո արարածոց ե՛ւ ինձ` բազմամեղիս:
Անեղ բնութիւն, մեղայ քեզ մտքովս, հոգւովս եւ մարմնովս. մի՛ յիշեր իմ առաջուան մեղքերս` Քու սուրբ անուանդ համար. եւ ողորմէ՛ Քու արարածներուդ ե՛ւ ինձ` բազմամեղիս:
(Շարունակելի)
ՙՀայոց Հին Գրականութեան Պատմութիւն՚, Մանուկ Աբեղեան, Տպ.Սեւան, 1968
ՆՈՐ ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ
ՀԱՄԱԿԱՐԳԻՉԸ ԱՐԱԳԱՑՆԵԼՈՒ ՁԵՒԵՐ – Ա. ՄԱՍ
Ձեր համակարգիչը կրնաք արագացնել առանց զայն փոխարինելու: Առաջին ձեւն է փոխել անոր մէջ գնուողտիսքը: Ներկայիս solid state կամ ssd տիսքեր կրնան փոխարինել ձեր sata արհեստագիտութեամբ գործող տիսքը, բաւական արագացնելով համակարգիչը: Այս արհեստագիտութեան մէջ, տեղեկութիւնը կը պահուի չիփին վրայ եւ ոչ թէ կ’արձանագրուի տիսքին վրայ: Այսինքն ան դարձող տիսք չէ ինչպէս որ էին հին տիսքերը: Անոր համար ալ աւելի արագ է:
Աղբիւր` ՙwww.makeuseof.com՚
Վ. ԹՈՍՈՒՆԵԱՆ