Տնտեսագիտութեան մէջ, կանխիկ գումարը շարժիչն է տնտեսութեան: Անով է որ ընկերութիւն կը հիմնեն կամ բաժնետէր կը մտնեն ընկերութեան մը մէջ: Անով է որ մարդիկ կը գնեն բաժնետոմս (share) կամ պարտամուրհակ (bond), աշխուժացնելով այդ ընկերութիւնները: Ուրեմն, կանխիկ գումարի պակասը կը համարուի վտանգ դրամատիրական համակարգին մէջ:
Երբ դրամատուներ այլեւս պարտքի դրամ չեն տար, ինչպէս որ պատահեցաւ Լիբանանի մէջ, տնտեսութիւնը կը կծկուի: Այսինքն մարդիկ երբ պարտքի դրամ չեն կրնար առնել աւելի քիչ կը ծախսեն, քիչ անգամ կը գնեն բաժնետոմս կամ պարտամուրհակ: Երբ տնտեսութիւն մը մօտենայ այս վիճակին, արդէն կը բռնէ լճացումի եւ անկումի ճամբան: Պէտք է կանխիկ գումար մտցնել տնտեսութեան մէջ զայն վերաշխուժացնելու համար:
Վ. ԹՈՍՈՒՆԵԱՆ