Ararad Daily
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily
No Result
View All Result

ՙԱՐԱՐԱՏ՚-Ի 85-ԱՄԵԱԿԻ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄՆԵՐ

August 12, 2022
in Գլխաւոր Լուրեր
0
ՙԱՐԱՐԱՏ՚-Ի 85-ԱՄԵԱԿԻ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄՆԵՐ

ՙԱրարատ՚ օրաթերթը այս տարի կը դառնայ 85 տարեկան: Տասնամեակներ շարունակ Լիբանանի, Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի առօրեային ընկերակցած օրաթերթը եւս ապրած է յաջողութիւններու եւ մարտահրաւէրներու օրեր, յաղթահարած է ապահովական, քաղաքական եւ տնտեսական բազում դժուարութիւններ, սակայն իր լրատուական, լրագրական եւ ազգային երթը կը շարունակէ, որպէս Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Լիբանանի շրջանի պաշտօնական օրկանը: Իր հրատարակումի 85-ամեակին առթիւ, եւ քայլ պահելով արհեստագիտական նորարարութիւններուն հետ, ՙԱրարատ՚ օրաթերթը իր ընթերցողներուն եւ գաղութի զաւակներուն համար հանդէս կու գայ երկու նոր նախաձեռնութիւններով.

Առաջինը` հիմնովին բարեփոխուած եւ արդիականացած կայքն է` Araraddaily.com, որ արդէն սկսած է գործել ցանցին վրայ, շնորհիւ հայազգի բարերարի մը, որ գնահատելով ՙԱրարատ՚-ի գործունէութիւնը, ստաձնած է կայքը բարեկարգելու եւ աշխուժացնելու ֆինանսաւորումը: ՙԱրարատ՚-ի անունով շնորհակալութիւն կը յայտնենք այդ բարերարին:

Երկրորդ նորութեամբ, ՙԱրարատ՚ օրաթերթը 2022-ի առաջին ամիսներէն ի վեր կը համագործակցի լիբանանեան լրատուական բջջային առաջատար app-երէն ՙINFO3՚-ին հետ` խմբագրելով անոր հայերէնով` լիբանանեան, հայկական եւ միջազգային լուրերը: INFO3-ն iOS եւ Android համակարգերով բանող սարքերու վրայ անվճար հասանելի է Appstore-ի եւ Playstore-ի միջոցաւ եւ օրուան ամբողջ ընթացքին բաժանորդներուն վայրկեանը վայրկեանին կը տրամադրէ լիբանանեան, շրջանային եւ միջազգային բոլոր լուրերը` քաղաքական, ապահովական, տնտեսական, մարզական, արուեստի եւ այլ ոլորտներու մէջ: Լուրերը կը ներկայացուին երեք մակարդակի վրայ` խորագիր, ամփոփ լուր եւ մանրամասնուած լուր, ընլերցողին հնարաւորութիւն տալով իւրաքանչիւր լուրին համար ընտրել նախասիրած ընտրանքը եւ լուրերու լեզուն: INFO3-ն լուրեր կը ներկայացնէ արաբերէն, հայերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, սպաներէն եւ փորթուկալերէն լեզուներով: ՙԱրարատ՚-ի խմբակը կը խմբագրէ INFO3-ի հայերէն լուրերը, անոնց կցելով նաեւ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի լուրերը, ոչ միայն հայերէն, այլ մնացեալ լեզուներով եւս, որպէսզի անոնք հասանելի ըլլան նաեւ ոչ-հայերուն: Կարճ ժամանակի մէջ, INFO3-ն դարձած է Լիբանանի մէջ այս ոլորտի առաջատարը:

 

Share62Tweet39
Previous Post

2021-2022 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ԿԻԼԻԿԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՄԻՋՆԱԿԱՐԳԻ ՎԿԱՅԱԿԱՆԱՑ ԲԱՇԽՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆԸ

Next Post

ՄԵՐ ԵՐԹԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՆՔ ՄԻԱՍԻՆ

Next Post
ՄԵՐ ԵՐԹԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՆՔ ՄԻԱՍԻՆ

ՄԵՐ ԵՐԹԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՆՔ ՄԻԱՍԻՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Trending
  • Comments
  • Latest
ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

August 25, 2022

ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ՄՈՒՏՔ ԿԸ ԳՈՐԾԵՆ Ս.Դ.ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՔԵՐԸ

September 14, 2022
ՙԱՐԱՐԱՏ՚-Ի 85-ԱՄԵԱԿԻ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄՆԵՐ

ՙԱՐԱՐԱՏ՚-Ի 85-ԱՄԵԱԿԻ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄՆԵՐ

August 12, 2022

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ԿԱՅԱՑԱՒ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԸ

July 8, 2022

ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

0

ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄԻ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

0

1704 ԶԻՆՈՒՈՐԻ ԱՃԻՒՆ

0

ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄ

0
Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Մէջ.

Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Մէջ.

January 26, 2023
ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՆԱՀԱՏԱԿ ՍԱՐԳԻՍ ՏԽՐՈՒՆԻԻ ՄԱՀՈՒԱՆ 94-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՆԱՀԱՏԱԿ ՍԱՐԳԻՍ ՏԽՐՈՒՆԻԻ ՄԱՀՈՒԱՆ 94-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

January 26, 2023
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ

January 5, 2023
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՈՒՂԵՐՁԸ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՈՒՂԵՐՁԸ

January 5, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily, Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily, Member of the Social Democrat Hunchak Party.