Այս տարի կը լրանայ ՙԱրարատ՚ օրաթերթի հիմնադրութեան 85-ամեակը:
Արարատ սրբազան լերան անունը կրող մեր օրաթերթը իր հիմնադրութենէն ի վեր մամուլի ճամբով ծառայած է հայ ազգին, մանաւանդ Սփիւռքի մէջ, ուր մամուլը կը հանդիսանայ հայապահպանութեան գործօններէն մին:
Այս 85 տարիներուն ընթացքին ՙԱրարատ՚ օրաթերթը, ի հեճուկս ակամայ կարճ խափանումներուն, լոյսի բարիքին եկած է շնորհիւ իր 5 հիմնասիւներուն,
ա) իր կնքահայրը հանդիսացող ՍԴՀԿ-ին,
բ) իր նուիրեալ ու ժրաջան խմբագիրներուն եւ անձնակազմի անդամներուն,
գ) իր կոչումին հաւատացող յօդուածագիրներուն եւ աշխատակիցներուն,
դ) իր հաւատարիմ ընթերցողներուն,
ե) իր առաքելութեան շարունակութիւնը երաշխաւորելու համար իրենց լուման նուիրած հաւատաւոր հայորդիներու:
Այս առիթով մենք շնորհակալութիւն կը յայտնենք այս հինգ հիմնասիւները հանդիսացող իւրաքանչիւրին, անհատ առ անհատ: Այս հինգին միջեւ յաջող փոխկապակցութեան շնորհիւ է որ ՙԱրարատ՚ օրաթերթը 85 տարիներէ ի վեր կը շարունակէ իր լրատուական աշխատանքը, կը շարունակէ իր բաժին պարտականութիւնը կատարել Սփիւռքի մէջ հայապահպանման աշխատանքը անխաթար պահելու ուխտին մէջ:
Մենք վստահ ենք, որ բոլոր վերոնշեալներուն բարի կամեցողութեան եւ վճռակամութեան շնորհիւ ծերունազարդ տարիքի հասած, սակայն ընդմիշտ երիտասարդ ու աշխոյժ ՙԱրարատ՚ օրաթերթը պիտի շարունակէ ընթանալ 85 տարիէ ի վեր իր ակօսած ճամբէն, տեղեկատուութեան լոյսը սփռելով աշխարհի չորս ծագերուն գտնուող հայերուն:
Տասնամեակներ շարունակ հայ ժողովուրդի առօրեային ընկերակից դարձած օրաթերթը, որ շրջանցած է զանազան վերիվայրումներ, այժմ կը դիմագրաւէ Լիբանանի ներկայի աննախադէպ եւ տնտեսապէս ճակատագրական պայմանները, ու իր բոլոր ուժերով կը ձգտի յաղթահարելու բազմաթիւ դժուարութիւնները, իր լրատուական եւ լրագրական ազգային գոյերթը ամենայն պատասխանատուութեամբ պահպանելով:
Արդարեւ, ինչպէս եւ միշտ գտնուած են մամուլի առաքելութեան հաւատացողներ, մամուլի երթը անխափան պահելու համար իրենց սուղն ու աժանը տրամադրողներ, մամուլին նիւթապէս աջակցած նուիրական հայորդիներ, վստահ ենք, որ այսօր եւս կան այդպիսի պատուական մարդիկ, որոնք պատրաստ են իրենց լուման ներդնելու յանուն ՙԱրարատ՚ օրաթերթի գործունէութեան յարատեւութեան:
Ուստի, իրենց նիւթական աջակցութեամբ հանդէս գալ փափաքողներէն կը խնդրենք կապ հաստատել օրաթերթի տնօրէնութեան հետ ե-նամակով` [email protected] , կամ զանգահարելով +961-3-542782 թիւին:
Կանխայայտ շնորհակալութիւն:
Մեր երթը պիտի շարունակենք միասին: