Ararad Daily
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily
No Result
View All Result

2021-2022 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ԿԻԼԻԿԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՄԻՋՆԱԿԱՐԳԻ ՎԿԱՅԱԿԱՆԱՑ ԲԱՇԽՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆԸ

August 12, 2022
in Գաղութային
0
2021-2022 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ԿԻԼԻԿԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՄԻՋՆԱԿԱՐԳԻ ՎԿԱՅԱԿԱՆԱՑ ԲԱՇԽՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆԸ

Կիրակի, 3 Յուլիս 2022-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Հալէպի Կիլիկեան Ճեմարանի շրջափակէն ներս տեղի ունեցաւ 2021-2022 ուսումնական տարեշրջանի միջնակարգի աւարտական ամավերջի հանդէսը:

Հանդիսութեան ներկայ էին Ս.Դ.Հ.Կ.-ի Սուրիոյ Հիւսիսային Շրջանի Վարիչ Մարմինի ատենապետը եւ անդամները, Կիլիկեանի հոգաբարձութիւնը, տնօրէնութիւնը եւ ուսուցչական կազմը, ինչպէս նաեւ կուսակցութեանս հովանաւորութիւնը վայելող մշակութային, մարզական, Ուս.-Երիտ., տիկնանց միութիւններու ներկայացուցիչները:

Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներով հանդէսին բացումը կատարուեցաւ, ապա ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին արաբ եւ հայ նահատակներուն յիշատակը:

Բացման խօսքը հայերէնով եւ արաբերէնով կատարուեցաւ աւարտականի աշակերտ-աշակերտուհիներու կողմէ:

Գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրը կþընդգրկէր հայկական եւ արաբական պար, խմբային ասմունք` Եղիշէ Չարենցի բանաստեղծութիւններէն, իսկ երգչախումբը ներկայացուց փունջ մը հայրենասիրական երգեր:

Հայերէն եւ արաբերէն ուղերձները ընթերցուեցաւ 9-րդ կարգի աշակերտութեան կողմէ. անոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին Կիլիկեան Ճեմարանի հոգաբարձութեան, տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին, ազգանուէր բարերարներու եւ ծնողներունª ամբողջ տարուան ընթացքին իրենց ցուցաբերած հոգատարութեան համար: Անոնք խոստացան մնալ իրենց նախնիներուն նման` գիտութեան եւ ուսման մէջ պատուաբեր արդիւնքներ ապահովել, մնալ հաւատարիմ Կիլիկեան ճեմարանի ուխտին:

Ապա հրաւիրուեցաւ Կիլիկեան Ճեմարանի տնօրէն Պրն. Յովհաննէս Ջուլճեան փոխանցելու տնօրէնութեան պատգամը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ուսուցչական կազմին, բարերարներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք նիւթապէս եւ բարոյապէս սատարեցին Կիլիկեան Ճեմարանին: Աւարտին ան իր խօսքը ուղղելով աշակերտներուն` ըսաւ, թէ երեք տարուան աշխատանքին արդիւնքով դուք հասաք այս օրուան ու մաղթեց բոլորին, որ պետական քննութիւններուն փայլուն արդիւնքներ ապահովեն: Տնօրէնը մեծ դրուատիքով ուժ եւ կորով մաղթեց Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան իմաստուն եւ խոհեմ վսեմաշուք նախագահ Տոքթ. Պաշար Հաֆէզ Ասատին, որպէսզի Սուրիան առաջնորդէ դէպի բարգաւաճ երկիրª անցեալին նման:

Ժամը հասած էր վկայականաց բաշխումին, ուր տնօրէն Պրն. Յովհաննէս Ջուլճեանի եւ տեսուչ տիկին Քարէն Չոփուրեանի ձեռամբ կատարուեցաւ արարողութիւնը:

Հանդիսութեան ընթացքին տիկին Քարէն Չոփուրեան ընթերցեց Ամերիկայի Կիլիկեան Բարեգործական Միութեան նամակը` ուղղուած Կիլիկեան Ճեմարանի մեծ ընտանիքին, նաեւ մաղթեց շրջանաւարտներուն փայլուն ապագայ, ամբողջական զօրակցութիւն յայտնելով Կիլիկեանին, բարձր պահելու Կիլիկեան Ճեմարանի ջահը սերունդէ սերունդ: Տիկին Չոփուրեան շնորհակալական խօսք ուղղեց երկկողմանի գործակցութեան համար, որ փայլուն ապագայ կը խոստանայ անկեղծ համագործակցութեան որպէս արդիւնք:

Այս տարի նաեւ տեղի ունեցաւ պարգեւատրում այն աշակերտներուն, որոնք 2020-2021 տարեշրջանի բարձրագոյն միջին եւ առաջնութիւն ապահոված էին: Անոնք ստացան նիւթական պարգեւª բարերար ընկեր Ճորճ Թաւուքճեանի կողմէ, ինչպէս նաեւ Կիլիկեան Ճեմարանի հոգաբարձութեան կողմէ նիւթական պարգեւներ ստացան հայոց լեզուի բարձրագոյն նիշ եւ առաջնութիւն ապահոված աշակերտները:

Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ խրախճանք Կիլիկեան Ճեմարանի նախակրթարանի բաժնին մէջ, ծնողներուն ներկայութեամբ:

Շնորհաւոր, սիրելի շրջանաւարտներ, կանաչ ճանապարհ կը մաղթենք բոլորիդ:

 

ԳԷՈՐԳ ՎԱՀԱՆ ՏԱՂԼԵԱՆ

 

Share61Tweet38
Previous Post

ԽՈՍՏՄՆԱԼԻՑ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏ ՍԱՐԳԻՍ ՏԻԳՐԱՆ ՍԻՍԼԵԱՆԻ ԱՆՀԱՏԱԿԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ

Next Post

ՙԱՐԱՐԱՏ՚-Ի 85-ԱՄԵԱԿԻ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄՆԵՐ

Next Post
ՙԱՐԱՐԱՏ՚-Ի 85-ԱՄԵԱԿԻ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄՆԵՐ

ՙԱՐԱՐԱՏ՚-Ի 85-ԱՄԵԱԿԻ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄՆԵՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Trending
  • Comments
  • Latest
ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

August 25, 2022

ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ՄՈՒՏՔ ԿԸ ԳՈՐԾԵՆ Ս.Դ.ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՔԵՐԸ

September 14, 2022
ՙԱՐԱՐԱՏ՚-Ի 85-ԱՄԵԱԿԻ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄՆԵՐ

ՙԱՐԱՐԱՏ՚-Ի 85-ԱՄԵԱԿԻ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄՆԵՐ

August 12, 2022

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ԿԱՅԱՑԱՒ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԸ

July 8, 2022

ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

0

ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄԻ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

0

1704 ԶԻՆՈՒՈՐԻ ԱՃԻՒՆ

0

ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄ

0
Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Մէջ.

Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Մէջ.

January 26, 2023
ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՆԱՀԱՏԱԿ ՍԱՐԳԻՍ ՏԽՐՈՒՆԻԻ ՄԱՀՈՒԱՆ 94-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՆԱՀԱՏԱԿ ՍԱՐԳԻՍ ՏԽՐՈՒՆԻԻ ՄԱՀՈՒԱՆ 94-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

January 26, 2023
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ

January 5, 2023
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՈՒՂԵՐՁԸ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՈՒՂԵՐՁԸ

January 5, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily, Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily, Member of the Social Democrat Hunchak Party.