ՙԱրնելի արթ կալըրի՚ի սեփականատէր Ծովիկ Արնելեանի նախաձեռնութեամբ անցեալ ամսուն տեղի ունեցաւ գեղանկարիչ Սարգիս Տիգրան Սիսլեանի անհատական ցուցահանդէսը` գործակցաբար ՙԶիքօ հաուզ՚-ի հետ: Երկշաբաթեայ ցուցահանդէսի բացումին ներկայ գտնուեցաւ Ճափոնի դեսպան Օքոպօ Թաքիշիին եւ գաղութի արուեստասէր հասարակութիւնը:
Տասնեակ պատկերներով զարդարուած ցուցասրահին մէջ այցելուներու ուշադրութեան առանցքը կը կազմէր երանգախառն գործերու փունջ մը: Գործեր, որոնք կը խտացնէին կորուստի ներաշխարհ մը ահաւոր դէպքի մը յիշեցնող տխրութիւնը:
Արդարեւ, արհեստով ձեւաւորող (տիզայնըր) Տիգրան Սիսլեանի որդինª Սարգիս Սիսլեան երբ որոշեց մասնագիտանալ ԱԼՊԱ հիմնարկի տեսողական արուեստի ճիւղին մէջ (Visual Art – ALBA), գիծերու եւ գոյներու ներդաշնակութեան հետքերով սուզուած` գեղանկարիչի իր մտայղացքին մէջ ունեցաւ փայլուն ծրագիրներու իրագործում: Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումը կաղացուց եւ արգելք հանդիսացաւ իրագործելու երիտասարդ արուեստագէտին ցանկութիւնները:
Ապա, գործակցաբար ՙԱրնելի արթ՚-ի եւ ՙԶիքօ հաուզ՚-ին, Սիսլեան կը կազմակերպէ իր անհատական առաջին այս ցուցահանդէսը, որուն մեկենասութիւնը կը ստանձնեն Պալամանտ համալսարանի գեղարուեստի բաժանմունքը-ԱԼՊԱ եւ ՙՕվըր Լեպանոն՚ հաստատութիւնը (Acadռmie Libanaise des Beaux Arts – University of Balamand, oVR Lebanon):
Հաճըն թաղի բնակիչներէն ըլլալով` Սարգիս Սիսլեանի ընտանիքը եւս անմասն չէր մնացած Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի հետեւանքներէն, նիւթական վնասներու կողքին, խորտակուած էր նաեւ Սիսլեան ընտանիքին բնակարանը:
Երիտասարդ արուեստագէտը մնացողներէն էր, որ իր տխուր ներաշխարհին մէջ կծկուածª նաւահանգիստի պայթումին ահաւոր ապրումները կրցաւ յաւերժացնել արուեստի ճամբով: Տաղանդաւոր գեղանկարիչին գործերը կը ցոլացնեն իր եւ իր նման հազարաւոր լիբանանցիներու եւ ցաւակիցներու ապրած սուգը, տխրութիւնը, ընդվզումն ու զայրոյթը: Սիսլեանի արուեստին ոճը իւրայատուկ է, օրինակ` մատիտի, խառն գոյներու եւ ածուխով թուղթի (paper) կանվայի (canvas), աքրիլիք (acrylic) գծուած թէ զետեղուած տարբեր ձեւի ու չափի գեղանկարներու մէջ: Նշեալ պայթումին եւ առհասարակ տիրող ընկերային, տնտեսական, առողջապահական, ապրուստի, կենցաղային եւ այլ մտահոգութիւններուն պատճառով անոր եւ այլ տագնապահար մարդոց ներաշխարհը չարչրկող բազմաթիւ մտահոգութիւններու, հարցադրումներու խճանկարը ցոլացնող Սիսլեանի վրձինը կ՛արտացոլայ զանազան պիտակներով, ինչպէս` ՙԱնալոկըս՚ (Համանման -Analogous) պիտակին տակ համախմբուած վեց դիմանկարները, ուր իւրաքանչիւրին մէջ զայրոյթի թէ տխրութեան ապրումը դրսեւորուած է իւրայատուկ ոճով: Նմանապէս` ՙՕնթոլոկզ՚ (բնազանց -Ontologs) ՙՎէյլ՚ (քող -Veil) եւ այլ:
Սարգիս Տիգրան Սիսլեանի ստեղծագործական թռիչքը անհուն է: Անոր արուեստի տաղանդը գիծ ու երանգ կը ստանայ ինքնըստինքեան, ինքնաբուխ կերպով` ըստ ՙպահ՚-ի առթած տրամադրութեան, տիրող տագնապներն ու մարտահրաւէրները արուեստի միջոցով դիմակայելու եւ յաղթահարելու իր ճիգերուն մէջ այս երիտասարդ արուեստագէտը նոյնքան պատրաստակամ է ընդառաջելու իր արմատներու կոչին` Արցախի թէ հայրենիքի մասին ազգային պիտակով ստեղծագործելու, յատկապէս երբ այդ մղումը կը ծնի ինքնաբուխ կերպով:
Սիսլեանի վճռակամ որոշումն է մնալ Լիբանան ու շարունակել իր գեղանկարչական երթը: Այս առթիւ իր սերնդակից երիտասարդութեան թէ հաւաքականութեան փոխանցելիք խօսքին մէջ, գեղանկարիչ Սիսլեան կոչ կ’ուղղէ կառչելու կեանքի մէջ ներկայացող պատեհ ՙպահերուն՚, որոնք կրնան չկրկնուիլ, եւ որոնք կրնան անկիւնադարձային դեր ունենալ իրենց կեանքին մէջ եւ օգտագործել զանոնք ի սպաս իրենց անհատական թէ հաւաքական ընկերութեան ծառայութեան: Սիսլեան տակաւին շատ ծրագիրներ ունի իր ստեղծագործական մտայղացքի հորիզոններուն վերաբերեալ. ան իր շնորհակալութեան ու երախտագիտութեան զգացումները յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին այս ցուցահանդէսի իրականացման ու յաջողութեան:
Սարգիս Սիսլեան որդին է Հ.Մ.Մ.-ի սկաուտական երկար տարիներու խմբապետ ընկեր Տիգրան Սիսլեանի: Կը շնորհաւորենք ծնողները եւ յաջողութիւն կը մաղթենք Հ.Մ.Մ.ի երբեմնի սկաուտ, տաղանդաւոր գեղանկարիչ Սարգիս Տիգրան Սիսլեանին: