Խաչափայտին վրայ, հոգեվարքի պահուն, Փրկիչը խորիմաստ պատգամ մը կու տայ Իր չարչարակից մօր. ՙՈ՜վ կին, ահա քու որդիդ՚, եւ սիրելի աշակերտին` Յովհաննէսին.ՙԱհա՛ քու մայրդ՚: (Յվհ. 19:26-27)
Աստուածաշնչական այս հաստատումը մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսին կողմէ պարգեւ մըն է. Ան Իր մայրը իբրեւ օգնական եւ շնորհք` կու տայ աշխարհին, շնորհք` մանաւանդ եկեղեցւոյ եւ այն հաւատացեալներուն, որոնք դարերու ընթացքին պիտի համախմբուին Ս. Խաչին հովանիին ներքոյ: ՙՈւրախացի՛ր Աստուածածին, որ կուսութեանց եւ պարծանք եւ մայր հաստատութեան մարդկան, օգնական եւ շնորհք աշխարհի՚: Յիշեալ շարականին ընդմէջէն մեզի կը փոխանցուի այն իրականութիւնը կամ տեսութիւնը Մարիամի կրկնակի կոչման` ՙՄա՛յր եկեղեցւոյ՚ եւ ՙՄա՛յր հաւատացեալներուն՚:
Յովհաննէս առաքեալ Աստուածամայրը չառաւ իբրեւ սեփականութիւն, այլª իբրեւ աստուածատուր մէկ անդամ, Մայր` նորածին եկեղեցւոյ, որովհետեւ Ս. Հոգւոյն Գալստեան օրը վերնատան մէջ ներկայ էր նաեւ Ս. Կոյսը: Հոն էր Մարիամ իբրեւ Մայր` եկեղեցւոյ եւ նոր ծնելիք հաւատացեալներուն: Ս. Գրիգոր Նարեկացի հետեւեալ գովքը կը հիւսէ Անոր մասին. ՙՄայր հիմնադրութեան հաստատութեան եկեղեցւոյ՚:
Ըստ Ս. Օգոստինոսի իմաստալից խօսքին. ՙՃշմարիտ Քրիստոսը Ինքն է եւ մենք՚: Ս. Կոյսը Մարիամ, Ս. Հոգւոյն կողմէ ներառուած է սրբացող այս արարքին մէջ: Աստուծոյ գործն է այս արարքը եւ Մարիամ Անոր գործակիցը` միջնորդը: Մարիամ մայրութեան այս կոչումը ընդունեց Իր մահամերձ Որդիէն` Ս. Հոգւոյն զեղմամբ:
Մարիամ Իր մայրութեան տիտղոսով, աւելի ճիշդ կոչումով, կ’ուզէ բոլոր արարածները դարձնել Իր սիրելի որդիները, զանոնք պարուրելու Իր սիրոյն մէջ, որ կը տածէ Իր Միածինին հանդէպ: Այս կոչումը Ս. Կոյսը կը դնէ այնպիսի կացութեան մը մէջ մայրանալու եւ դաստիարակելու բոլոր անոնք, որոնք մկրտութեամբ կ’ընդունին որդեգրութիւնը Երկնաւոր Հօր, ըլլալու համար ժառանգակից Քրիստոսի եւ տաճար` Հոգւոյն Սրբոյ:
Մեզի` քրիստոնեաներուս համար, Ս. Կոյսին մայրութիւնը ընդունիլ կը նշանակէ ընդունիլ նաեւ Աստուծոյ բացարձակ հայրութիւնը` Քրիստոնէական եկեղեցւոյ ընդմէջէն:
Ս. Կոյսը դարձաւ բարեխօսը մեղաւորներուն, մայրը` Խաչեալին, ճանապարհակիցն ու մասնակիցը` Որդւոյն խաչակրութեան եւ խաչելութեան, հաւատացողը` Որդւոյն փրկագործութեան, առաջին վկան` Որդւոյն Յարութեան:
Ս. Կոյսին բարեխօսութիւնը կը սատարէ նաեւ եկեղեցւոյ կառուցուման, իբրեւ Քրիստոսի մարմինը: Եկեղեցին եթէ չէ հասած իր ծաղկման լրումին, ապա անիկա կարիքը ունի ինքզինք կառուցելու, վերանորոգելու, պայծառացնելու իր անդամներուն սրբութեամբ եւ աստուածահաճոյ առաքելութեամբ, հետեւաբար Ս. Կոյսը իբրեւ Մայրը եկեղեցւոյ այս կառուցումը կը հովանաւորէ: Ան պաշտպանն է հաւատքի ուղղափառութեան եւ հաւատարմութեան` աւետարանական ոգիին:
Ան դարձաւ մեր սրտերուն եւ հոգիներուն իջեւանը, օթեւանն ու առինքնողը: Ան դարձաւ միջնորդը մեր եւ Աստուծոյ միջեւ: Եկեղեցւոյ մայրը դառնալով, երբեք չզլացաւ եւ ոչ ալ երկմտեցաւ Իր մայրական հոգածութենէն հեռու պահելու մեզ, այլ միշտ Իր մայրական խրատներն ու յորդորները տածեց ու դեռ կը տածէ զԻնք հաւատացողին եւ ընդունողին:
Ան միակ Կոյսն է, որ Աստուծոյ պատուիրանները պահեց, օրէնքներն ու կանոնները յարգեց, Իր Որդին տաճար ընծայեց եւ նոյն Ինքն տաճար ընծայուեցաւ փոքր տարիքէն, որպէսզի Իր ամբողջ կեանքին ընթացքին Տիրոջ ծառայէ:
Մայրը` գեղեցկութեան եւ առաքինութեան մարմնացումն է
Աշխարհի մեծագոյն ուժը, գեղեցկութիւնը եւ առաքինութիւնը սէրն է եւ մայրը` անոր մարմնացումը: Խրիմեան հայրիկ տունը թագաւորութեան մը կը նմանցնէ, որուն մեծագոյն զէնքը մօր սէրն է: Մայրն է, որ իր տան ճրագը միշտ վառ կը պահէ եւ այդպիսով այդ տան թագուհին ու հպատակը կը դառնայ:
Միշտ ի մտի ունենանք, որ մայրը, իբրեւ գուրգուրանքի, զոհաբերումի, նուիրումի, աշխատանքի եւ սիրոյ անսպառ վառարանն է: Մենք` իբրեւ հողեղէն ու հոգեղէն էակներ, հարկ է, որ միշտ մեր որդիական երախտագիտութիւնը յայտնենք անոր: Շնորհակալական խօսք մը որդւոյն կողմէ ուղղուած իր մօր, կրնայ մօր ներաշխարհին սրտին վարդերը բանալ, անոր մէջ ապրեցնել գարունը` իր գունագեղ ծաղիկներով: Մենք բոլորս ալ, մեր առօրեայ կեանքին մէջ, ամէն հնարք պէտք է ի գործ դնենք, որպէսզի տարբեր ձեւերով կարենանք երջանկութեան նշոյլներ ցոլացնել մեր մայրերուն կեանքերուն մէջ:
Տիպար Մօր Մը Պարտաւորութիւնները
Մայրե՛ր, դուք եւս պարտաւորութիւններ եւ պատասխանատուութիւններ ունիք. մայր ըլլալը, մայրական կոչումը բոլորին չէ շնորհուած: Դուք ձեր քրիստոնէական դաստիարակութեամբ, բարոյական առաքինի վարքով պէտք է օրինակ դառնաք ձեր զաւակներուն, զանոնք առաջնորդէք Աստուծոյ տաճարը, ինչպէս Ս. Կոյս Մարիամը ըրաւ, երբ իր Միածին Որդին Տիրոջ տաճարը ընծայեց: Մայր ըլլալ չի նշանակեր միայն մարդկային կողմը մտածել, այսինքն` հոգալ զաւակին պէտքերը, զինք ուսման ուղարկել եւ անոր ապագան ապահովել. բնականաբար այս բոլորը կենսական են, սակայն ասոնց զուգահեռ նաեւ կայ աստուածային կողմը, ուր նախապայման է մօր ներդրումը, ինչպէս` առաքինի ուղղութեան մը մէջ զանոնք դաստիարակելը, ամբողջական հնազանդութեան եւ կարգապահութեան ոգիի մը մէջ անոնց ներաշխարհը աճեցնելը, դրական եւ օգտաւէտ գործերով իրենց կեանքը պտղաւորելը եւ ի մասնաւորի` զանոնք քաջալերելը, որ եկեղեցւոյ ծոցին ու անդաստանին մէջ գործեն ու ապրին: Մայրեր իրենց զաւակներուն ներկայացուցիչներն են Աստուծոյ մօտ. անոնք պէտք է այնպէս մը կրթեն իրենց զաւակները, որ երբ վերջիններս եկեղեցւոյ ընտանիքէն ներս մուտք գործեն, այսինքն` երկնաւոր Հօր տունը մտնեն, իրենք զիրենք հարազատ զգան եւ պատրաստ` հնազանդելու Աստուծոյ Ձայնին:
Այսօրուան արդիականացած աշխարհին մէջ բազմաթիւ մայրեր գայթակղութիւններով, մոլութիւններով, անպատշաճ կենցաղով եւ լպիրշ վարքով կը կրթեն իրենց զաւակները, որոնց իբրեւ արդիւնք` անոնց մէջ կ’արմատանայ ժխտական նկարագիրը, կը դառնան ազգին պատուհաս եւ պետութեան` բեռ: Այս ձեւի կրթութիւնը անհաճոյ է Աստուծոյ համար: Զաւակները արդիւնքն են ընտանեկան կեանքին: Առաջին դպրոցը զաւակին տունն է, կրթութեան կաճառը տունն է:
Ամերիկայի նախկին նախագահներէն մին կ’ըսէ. ՙԵթէ կ’ուզես, որ զաւակդ քրիստոնեայ ըլլայ, նախ դուն պէտք է քրիստոնեայ ըլլաս՚:
Սիրելի մայրեր, պէտք է ձեր բոյնը հաստատ հիմերու վրայ շինէք, որպէսզի երբ փոթորիկի մը դէմ-յանդիման գտնուիք, փլուզման չենթարկուի: Չար ընկերութիւնն ու միջավայրը մարդը կ’ապականեն. Պօղոս առաքեալ կ’ըսէ. ՙՉար ընկերը բարին կ’ապականէ՚: Հետեւաբար, սիրելի մայրեր, հարցում մը կ’ուղղեմ ձեզի. ՙԱրդեօ՞ք կը հսկէք ձեր զաւակին նիստուկացին, դպրոցին ու դրացիին, բարեկամին եւ միջավայրին՚:
Հետեւաբար, սիրելի ուխտաւոր մայրեր,
Մեծ է ձեր կոչումը եւ վեհ` ձեր պարտականութիւնը: Սովորական մայր ըլլալը բաւարար չէ. տիպար եւ առաքինի մայր ըլլալու համար, պէտք է դառնալ Աստուծոյ եւ կեանքի աղբիւրէն` Աւետարանէն, ջուր խմել, Աստուծոյ խօսքը ընդունիլ իբրեւ կեանքի ուղեցոյց:
Յարգանք տիպար մայրերուն, պատիւ` հերոս մայրերուն, կոչ` բոլոր մայրերուն եւ զաւակներուն, հետեւելու լոյսի շաւիղին` տիպար հայ մայրերուն:
ԱՐՄԷՆ ԱԲՂ. ԳԱԼԱՃԵԱՆ