ԱՄՆ-ի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը յայտարարեց, որ պատրաստ են վերադառնալու Իրանի հետ կնքուած հիւլէական համաձայնագիրին, այն պայմանով որ Իրան յետս կոչէ իր յաւելեալ պահանջքը: Նախարարութիւնը աւելցուց, որ պիտի չստորագրեն որեւէ համաձայնագիր, որ չի բխիր իրենց ազգային ապահովութեան պահանջքէն: