Ըստ ՙԷլ.Պի.Սի.՚ պատկերասփիւռի կայանին, Պէյրութի դատական մարմինները կալանք դրած են Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի հարցին շուրջ հարցաքննուող երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլի գոյքին վրայ: Կալանքին արժէքը կը համարուի 100 միլիառ լիբանանեան ոսկի: Նոյն մարմինները նաեւ դատ բացած են երեսփոխան Ղազի Զըաայթէրի վրայ: