Լիբանանեան ՙԱլ Ժատիտ՚ պատկերասփիւռի կայանը յայտարարեց, որ ծովային սահմանագծումի կարցով ամերիկացի պատուիրակ Ամոս Հոքշթայն, հանրապետութեան նախագահէն, խորհրդարանի նախագահէն եւ վարչապետի պաշտօնակատարէն լսած է նոյն պատասխանը, թէ թիւ 23 գիծը սահմանն է եւ անկէ զիջում չկայ: Իսրայէլի հետ որեւէ դաշտի բաժանում չկայ եւ գիծի շեղում չկայ ու Լիբանան կ’ուզէ փորելու եւ արտադրելու լիազօրագիր: