ՙԵռաբլուր՚ տանող ճանապարհահատուածը այսուհետեւ լուսաւոր պիտի ըլլայ. կառուցուած է նոր ցանց: ՙԵռաբլուր՚ զինուորական պանթէոն տանող` մուտքի կամարէն մինչեւ աստիճանահարթակ, շուրջ 1.3 քմ ճանապարհահատուածի արտաքին լուսաւորութեան ցանցի կառուցման աշխատանքները աւարտած են:
Երեւանի քաղաքապետարանին մէջ կայացած գործակարգավարական խորհրդակցութեան ժամանակ Երեւանի Փոխադրութեան վարչութեան պետի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Հայկ Սարգսեան ըսաւ, որ Երեւանի արտաքին լուսաւորութեան ցանցի արդիականացման նպատակով քաղաքապետարանը Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան զարգացման ծրագրին (ՄԱԶԾ) աջակցութեամբ այս տարի ձեռք պիտի բերէ շուրջ 500 միլիոն դրամի լուսատու:
ՙ2023 թուականին նոյն քանակի լուսատուներու ձեռքբերման համար արդէն կը տարուին նախապատրաստական աշխատանքներ՚, յաւելեց քաղաքապետը:
նորարար մշակոյթի երեւոյթներէն մէկը, որ այսօր ալ խիստ ժամանակակից է՚, կ՛ըսէ Մհեր Նաւոյեանը:
Համերգին մասնակցած է Աւստրիոյ մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արմէն Պապիկեանը: ՙԳեղարդ՚ երգեցիկ խումբին ելոյթները ուղեկցուած են յոտնկայս ծափահարութիւններով: Հանդիսատեսը մեծ ոգեւորութեամբ ընդունած է նաեւ Մանսուրեանի ՙՌեքուիեմը՚, ինչ որ Մհեր Նաւոյեանի խօսքով` հպարտութեան առիթ է: