Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԵՂԻՇԷ ՉԱՐԵՆՑԻ ՏՈՒՆ-ԹԱՆԳԱՐԱՆԻ ՀԱՒԱՔԱԾՈՒՆ ՀԱՄԱԼՐԵՑ ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ ՆԿԱՐԻՉ ՀՐԱՉԵԱՅ ՌՈՒԽԿԵԱՆԻ` ԳՐՈՂԻ ԴԻՄԱՆԿԱՐԸ

August 9, 2022
in Հայաստան
0
ԵՂԻՇԷ ՉԱՐԵՆՑԻ ՏՈՒՆ-ԹԱՆԳԱՐԱՆԻ ՀԱՒԱՔԱԾՈՒՆ ՀԱՄԱԼՐԵՑ ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ ՆԿԱՐԻՉ ՀՐԱՉԵԱՅ ՌՈՒԽԿԵԱՆԻ` ԳՐՈՂԻ ԴԻՄԱՆԿԱՐԸ

Եղիշէ Չարենցի տուն-թանգարանի հաւաքածուն համալրուեցաւ հեղինակին դիմանկարով, որ կը պատկանի Հայաստանի ժողովրդական նկարիչ Հրաչեայ Ռուխկեանի վրձինին:

Կտաւը երկար տարիներ պահուած է մասնաւոր հաւաքածուներու մէջ եւ հանուած է վաճառքի: Զայն ձեռք բերած է փեթերսպուրկաբնակ բարերար Հրաչեայ Պօղոսեանը: Ան  5 Օգոստոսին կտաւը նուիրեց տուն-թանգարանին` նշանաւորելով Եղիշէ Չարենցի 125-ամեակը:

Մինչ տուն-թանգարան երթալը միջոցառման հիւրերը, խումբ մը զինուորականներ ծաղիկներ խոնարհեցին մեծանուն գրողի յուշարձանին մօտ:

Հրաչեայ Պօղոսեանը պատմեց, որ կտաւը գնելուն պէս որոշած է զայն նուիրել տուն-թանգարանին, որպէսզի հանրութեան լայն շրջանակը զայն տեսնելու հնարաւորութիւն ունենայ: ՙՇատ կը փափաքէի Չարենցի յոբելեանի շրջանակին մէջ գրողին նուիրուած որեւէ միջոցառում նախաձեռնել: Որոշեցինք յուշարձանին մօտ ծաղիկներ խոնարհել, իսկ տուն-թանգարանին մէջ հիւրերը կրնան վայելել այն ուտեստները, որոնք սիրած է Չարենցը: Ան շատ սիրած է չիրեղէն, պասթուրմա, սուճուխ, հայկական կոնեաք ու միրգեր՚, ըսաւ Պօղոսեանը` ընդգծելով, որ երբեմն կը վերընթերցէ Չարենցի ստեղծագործութիւնները եւ շնորհակալ է իր բոլոր ուսուցիչներուն, որոնց շնորհիւ մեծ սէր կը տածէ գրողին նկատմամբ:

Չարենցի տուն-թանգարանի տնօրէն Ժաննա Մանուկեան յիշեցուց, որ թանգարանները իրենց հաւաքածուները կը համալրեն գնումներու, փոխանակումներու, նուիրատուութիւններու եւ այլ եղանակներով, իսկ նուիրատուները առանձնայատուկ կարեւորութիւն ունին տուն-թանգարանի հաւաքածուն հարստացնելու գործին մէջ:

ՙՀաւաքածուն ունի տարբեր բաժիններ, որոնց մէջ իւրայատուկ տեղ կը զբաղեցնեն կերպարուեստի նմուշները. կը պահուին տասնեակ գեղանկարչական աշխատանքներ, կրաֆիքական գործեր: Կան Մարտիրոս Սարեանի, Հենրիկ Սիրաւեանի, Արա Պեքարեանի աշխատանքները` նուիրուած Չարենցին: Վերջերս Նարեկ Վան Աշուղաթոյեանը թանգարանին նուիրեց իր մեծ հօր` ՀԽՍՀ վաստակաւոր նկարիչ Յովհաննէս Շարամպէյեանի կրաֆիքական աշխատանքը: Չարենցեան տարին հարուստ է նուէրներով, իսկ Ռուխկեանի կտաւը, որ կը նուիրէ Հրաչեայ Պօղոսեանը, մեծ ոգեւորութեամբ ընդունած ենք: Այն տեղ պիտի գտնէ մեր հաւաքածուին մէջ՚, շեշտեց Մանուկեանը:

Չարենցի թոռնուհի Գոհար Չարենցի խօսքով` բանաստեղծին դիմանկարը մեծ նուէր է տուն-թանգարանին համար: ՙՌուխկեանը մեր ժամանակներու հրաշալի նկարիչներէն մէկն է: Ան մէկ անգամ չէ, որ նկարած է Չարենցին: Անոր ստեղծագործութիւններէն մէկը տուն-թանգարանի հաւաքածուին մէջ է, սակայն այս կտաւը իմ վրայ մեծ տպաւորութիւն թողուց: Նկարին էմջ Չարենցը մտահոգ է, շատ կոկիկ՚, ըսաւ ան` շեշտելով, որ Հրաչեայ Պօղոսեանը բացառիկ անձնաւորութիւն է ու իսկական բարերար, քանի որ շատ օգած է իր կարիքը ունեցող բազմաթիւ մարդոց, յուշարձաններ բացած է, եւ ուրախ են, որ կտաւը գնած ու նուիրած է տուն-թանգարանին:

Գոհար Չարենցը կարեւորեց տուն-թանգարանը նոր ցուցանմուշներով համալրելը եւ յորդորեց Չարենցի հետ առնչուող նիւթերը նուիրել տուն-թանգարանին:

Share61Tweet38
Previous Post

ՙԵՌԱԲԼՈՒՐ՚ ՏԱՆՈՂ ՃԱՆԱՊԱՐՀԸ ԱՅՍՈՒՀԵՏԵՒ ԼՈՒՍԱՒՈՐ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ

Next Post

ՉԻՆԱՍՏԱՆԸ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻՆ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ ԿՈՉ Կ՛ԸՆԷ ԽՈՒՍԱՓԵԼՈՒ ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԻՆ ՄԷՋ ԻՐԱՎԻՃԱԿԻ ՍՐՈՒՄԷՆ

Next Post
ՉԻՆԱՍՏԱՆԸ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻՆ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ ԿՈՉ Կ՛ԸՆԷ ԽՈՒՍԱՓԵԼՈՒ ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԻՆ ՄԷՋ ԻՐԱՎԻՃԱԿԻ ՍՐՈՒՄԷՆ

ՉԻՆԱՍՏԱՆԸ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻՆ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ ԿՈՉ Կ՛ԸՆԷ ԽՈՒՍԱՓԵԼՈՒ ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԻՆ ՄԷՋ ԻՐԱՎԻՃԱԿԻ ՍՐՈՒՄԷՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.