Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՊՐԻԼԵԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄ

August 8, 2022
in Յօդուածներ
0
ԱՊՐԻԼԵԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄ

2016 թուականի Ապրիլի 1-ի լոյս 2-ի գիշերը ղարաբաղա-ատրպէյճանական շփման գիծի ամբողջ երկայնքով հակառակորդը ձեռնարկեց յարձակողական գործողութիւն: 2-5 Ապրիլին թէժ մարտեր ընթացան շփման գծի ամբողջ երկայնքով, իսկ 5 Ապրիլին կրակը դադրեցնելու բանաւոր համաձայնութիւն ձեռք բերուեցաւ:

ՙԱրարատ՚ օրաթերթը ՙԱպրիլեան Պատերազմ՚ յօդուածաշարքով պիտի անդրադառնայ ապրիլեան պատերազմի քառօրեային` պաշտօնական տեղեկատուութեան վերյուշերէն զատ ներկայացնելով պատերազմական գործողութիւններու մասնակիցներուն պատմութիւնները:

 

ԱՊՐԻԼԵԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄ

Թալիշցի լեյթենանթը, որ շարունակեց մարտը անգամ վիրաւորուելվ յետոյ

Այսօրուան վերջին թիւով կը ներկայացնենք հիւսիսային հատուածին մէջ ծառայող լեյթենանթ Գէորգ Յովհաննիսեանի պատմութիւնը, որ Ապրիլ 1-9 եղած է դիրքին վրայ, կռուած է թշնամիին դէմ ` նոյնիսկ վիրաւորուելէ յետոյ:

 

***

Ապրիլ 1-ի գիշերը մեր ուղղութեամբ հակառակորդի շարժ նկատեցինք. մեծ քանակութեամբ  կու գային դէպի մեր դիրքեր: Զեկուցեցինք հրամանատարութեան, ծառայութիւնը զօրացնելու առաջադրանք ստացանք: Հակառակորդը այդ ընթացքին յառաջ կու գար, զուգահեռ սկան հրետանին աշխատցնել: Սկսաւ կռիւը. շուրջ 300 հարիւր հոգիով մեր դիրքերուն կողմը եկած էին, ինձմէ աջ գտնուող դիրքը վերցուցին:

Մեր դիրքը կրցանք մէկ օր պահել: Այդ ընթացքին կռիւը կը շարունակուէր, մեր տղաներէն երկուքը վիրաւորուեցան: Ապրիլ լոյս 3-ի գիշերը, աւելի մեծ խումբով, հակառակորդը յարձակում գործեց մեր դիրքին վրայ: Հասկնալով, որ մենք փոքրաթիւ ե

նք եւ քիչ ուժ ունինք, թողեցինք դիրքը ու ետ քաշուեցանք` սպասելով թիկունքէն եկող օգնութեան: Ապրիլ 3-ի առաւօտեան` ժամը 11-ի կողմերը արդէն օգնութեան հասած տղաները յաջողեցան երկու դիրքն ալ ետ վերցնել ու դուրս շպրտել հակառակորդը:

***

Ապրիլ 3-ի առաւօտեան, երբ սկսած էինք դիրքը ետ բերելու գործողութիւնը, խրամատում արկ մը պայթեցաւ, բեկորներէն մէկը վնասեց ոտքս, բայց մերժեցի հիւանդանոց երթալ: Վիրակապուեցայ ու մնացի դիրքին վրայ, մինչեւ Ապրիլ 9, երբ եկան ու տարին իրենց զոհերուն մարմինները:

 

***

Եթէ դարձեալ նման գործողութիւն սկսի, ամէն ինչի պատրաստ եմ. սա մեր հողն է, մեր տունը, պահողը մենք ենք:

Մենք միշտ զգօն եղած ենք, ուղղակի ապրիլեան պատերազմը անսպասելի էր իր ծաւալով: Կը մտածէինք, որ հակառակորդին հերթական խաղը կամ սադրանքն է: Մեր զօրքը ամէն պահի պատրաստ եղած է եւ հիմա ալ պատրաստ է կռիւի:

Ապրիլէն յետոյ զգօնութիւնը աւելի բարձրացաւ: Մենք Ապրիլ 5-էն յետոյ ալ զոհեր ունեցանք, տարուան ընթացքին ալ`

Մեզի համար շատ մեծ օգնութիւն է ժամանակից տեխնիկան, որ 90 տոկոսով կը չէզոքացնէ վտանգը` թոյլ տալով խորքին նկատել ու վնասազերծել թշնամին: Մեր բոլոր դիրքերը արդէն ունին այդ տեխնիկան:

 

***

Ընտանիքիս հետ կը բնակէի Թալիշի մէջ: Երբ սկսաւ ապրիլեան պատերազմը, չեմ իմացած, թէ կինս ու որդիս ինչ վիճակի մէջ են կամ ուր են. ես դիրքերուն վրայ եղած եմ, անոնց օգնութեան հասած է կնոջս հայրը ու տարած է Ստեփանակերտ: Պատերազմէն յետոյ տեղափոխուած ենք Մատաղիս, մեր տունը, ամէն ինչ մնացած է Թալիշի մէջ:

Կինս միշտ կողքիս եղած է ու որեւէ վախ չէ ունեցած` չնայած բնակիչներէն ոմանց մօտ սկիզբը անհանգստութիւն կար, նոյնիսկ մեր վարժանքի կրակոցէն իրար կ՛անցնին, բայց այդ ալ կամաց-կամաց կ՛անցնի:

Տղաս մեծցած է Թալիշի մէջ, յաճախ կը կարօտնայ« կը հարցնէ,  թէ երբ պիտի վերադառնանք` ամէն անգամ կ՛ըսէ`ՙպապա, մեծանամ մէկ հատ հրասայլ կ’առնես, որ երթամ թուրքերուն դէմ կռուիմ՚: Չեմ ուզեր, որ մէջը թշնամութիւն սերմանուի, բայց, պատերազմող հայրենիք ունենալու պարագային, երեւի, այդ անխուսափելի է:

 

 

Նարեկ Նիկողոսեան. Պատերազմ տեսած ու կռուած զինուորը

 

 

Ապրիլ լոյս 2-ի գիշերը դիրքին վրայ մարտական հերթապահութեան էի: Հակառակորդը յարձակման փորձ կատարեց մեր ուղղութեամբ, կանխեցինք ու ետ մղեցինք զանոնք, անկէ յետոյ հրետանին սկսաւ աշխատիլ մեր դիրքին ու ամբողջ ուղղութեան վրայ:

Լուսաբացին ալ կը շարունակէին ծանր սպառազինութիւն կիրառել: Վաղ առաւօտեան նկատեցինք, որ անոնց դիրքերէն չորս ուղղաթիռ կը յառաջանան. միջդիրքային հատուածին մէջ դիրքաւորուեցան եւ սկսան կրակել մեր դիրքերուն ու Թալիշի վրայ:

Մեր զօրքը յաջողցաւ խոցել ուղղաթիռներէն մէկը« որմէ յետոյ միւս երեքը իջան ու ետ քաշուեցին:

 

***

Մեր դասակի հրամանատարը, նկատելով, որ հակառակորդը բացայայտ յարձակում կը սկսի մեր դիրքին վրայ, խնդիր տուեց բացազատել մեր պաշտպանութեան տարածքը` շարունակելով կռիւը:

Այդ ընթացքին դասակի հրամանատար Մերուժան Ստեփանեանը եւ մեր երեք ընկերները` Ռաֆիկ Յակոբեանը, Աղասի Ասատրեանն ու Վիքթոր Իւզիխովիչը զոհուեցան:

Ես եւ երկու տղայ վիրաւորուեցանք, որմէ յետոյ նահանջեցինք հարեւան դիրք ու որոշ ժամանակ շարունակեցինք մարտը, մինչ մեզի օգնութիւն եկաւ: Անկէ յետոյ զիս իջեցուցին հիւանդաՆոց, քանի որ ոտքէս վիրաւորուած էի:

 

***

Մենք պատրաստ էինք կռիւին: Մեր տղաները ակնթարթ մը անգամ չեն մտածած կամ վարանած. մենք գիտէինք, թէ ինչի համար կը կռուինք ու ինչ կ՛ուզենք, հիմա աւելի լաւ գիտենք: Թշնամիէն մեր ուզածը մէկն է` չմօտենալ մեր ունեցածին, մենք կը պահենք զայն, ինչ մերն է ու այդ կ’ընենք արեան գնով, ինչպէս ըրին մեր ընկերները:

Թշնամին որեւէ օգուտ չունեցաւ իր ձեռնարկածէն: Ճիշդ է, մեր յենակէտը կրցան քանի մը ժամով վերցնել, քանի որ մենք ստիպուած էինք ետ քաշուիլ, բայց թիկունքէն օգնութեան հասած զօրքը յաջողեցաւ շատ արագ ետ վերցնել զայն:

Մենք սկիզբն ալ չէինք թողեր մեր դիրքը, եթէ այդքան կորուստ չունենայինք ու մենք ալ չվիրաւորուէինք`

 

***

Մեր վրայ յարձակման եկածները կանոնաւոր բանակի զինուորներ չէին, տարիքով մեծ մարդիկ էին, երկուքին դէմքն ու մօրուքը մօտս տպաւորուած են` բայց այդ զօրքին համար նշանակութիւն չունէր, մեր տղաները իրենց գործը կատարած են ու դարձեալ կ’ընեն:

Պատերազմը մեզի դաս տուաւ` իրականութեան մէջ հասկնալ, թէ ով է մեր թշնամին ու ինչ է կռիւը` իսկ այդ դասը մոռնալ չ՛ըլլար, ոչ ալ անոր հետեւանքը, ինչ որ ամէն պահ պատրաստ ենք կանխելու:

 

 

Թալիշը` գիւղէ դէպի դիրք

Մատաղիսէն Թալիշ տանող շուրջ 10 քմ ճանապարհին մէկ մասը կ՛անցնինք խրամուղով: Սովորականէն աւելի երկար թուացող ճանապարհը, կ՛ըսեն, այսպէս անվտանգ դարձած է:

Թալիշի մէջ լռութիւն է, որ ընդամէնը երկվայրկեաններ կը տեւէ. յետոյ աղմուկ-աղաղակով ուշադրութիւնդ կը գրաւեն ապրիլեան պատերազմի վէրքերն ու աւերուած տուները` ամէն մէկը իր խորհրդաւոր պատմութեամբ« անշունչ կենդանութեամբ`

Քանի մը դուռ թակելէ յետոյ, վերջապէս, մէկը կը բացուի.

– Լրագրող է՞ք: Ապրեսեանենց տունը գացէք, ինքն ու կինը տունն են,- անգիրի պէս ու առանց պատասխանի սպասելու կ՛ըսէ ճերմակ մօրուքով տղամարդը, ինծի ցոյց կու տայ Ապրեսեանի տան տեղը` ընթացքին յաւելելով, որ ինք չի կրնար խօսիլ.

– Վերականգնման ծրագրին տեղեակ չեմ, չեմ ալ ուզեր իմանալ: Իմ տունը սա է, ես Թալիշը չեմ թողած Ապրիլին, չեմ թողեր նաեւ հիմա`

ԼՂՀ Նախագահին հրամանով Լեւոն Ապրեսեանը կը հանդիսանայ Թալիշի վերականգնողական ու վերաբնակեցման ծրագրի` կառավարութեան լիազօր ներկայացուցիչը:

Խօսելով Թալիշի անվտանգութեան մասին, Լեւոն Ապրեսեանը կը նշէ, որ, խախտումներ հիմնականին մէջ կ՛ըլլան դիրքերուն ուղղութեամբ, իսկ գիւղին մէջ համեմատաբար խաղաղ է. ուշագրաւ դէպքը, որ արձանագրուած է 2016-ի Ապրիլէն յետոյ, այս տարուայ (2017- Խմբ.) 24-25 Փետրուարի հրետակոծութիւնը եղած է:

ՙԹալիշի վերականգնումն ու բնակեցումը խիստ անհրաժեշտ է: Որպէս զինուորական կ՛ըսեմ, որ շատ կարեւոր է, որ դիրքին վրայ կանգնած զինուորը ետեւ նայելով թիկունքին իր ապրող գիւղն ու բնակիչը տեսնէ՚, կ՛եզրափակէ Լեւոն Ապրեսեանը:

 

ՙԹալիշի մէջ ծառայելը պատիւ է`՚

Խրամուղիներով ու նորաբաց ճանապարհներով կ՛երթանք դիրքեր: Ինչպէս միշտ, առաջին դիմաւորողը դիրքապահ շունն է, որ հոտոտելվ ու ներս թողելվ յետոյ ալ վայրկեան մը իսկ աչքը չի կտրեր հիւրերէն:

Դիրքի աւագը կ՛ուղեկցի կացարան: Տղաներուն մէկ մասը, տեսախցիկը տեսնելէ յետոյ, կը փորձեն անհետանալ իմ տեսադաշտէն` հարցազրոյց տալու ՙբարդ ու անցանկալի՚ գործը թողելով սերժանթ Յովհաննիսեանին:

Կրտսեր սերժանթ Յովհաննիսեան ինը ամիս է ծառայութեան մէջ է: Կ՛ըսէ, որ այս ամիսներու ընթացքին մէ բանով համոզուեցաւ, որ բանակին մէջ ծառայելը անհրաժեշտ է իւրաքանչիւր տղայի համար:

ՙՇատ բան կը փոխուի մտածելակերպին մէջ, աւելի հասուն ու պատասխանատու կը դառնաս ինքզինքիդ ու շրջապատիդ նկատմամբ: Յատկապէս սահման պահելու ընթացքին կը հասկնաս, որն է իսկական ծառայութիւնը, պատասխանատուութեան անբացատրելի զգացում կայ, որ մեզ չի լքեր՚, կ՛ըսէ կրտսեր սերժանթը:

Ծառայութեան բարդութիւններուն մասին հարցումը կ՛ընդհատէ. ՙՏեսանելիութեան սարքերին շնորհիւ հիմա մեր աշխատանքը շատ հեշտացած է: Ամէն ինչ հանգիստ կ՛անցնի, ճիշդ է, հակառակորդը խախտումներ կ՛ընէ, բայց պէտք եղած պարագային իրեն արժանի պատասխան կը ստանայ՚:

Մինչ տղաները մարտական հերթապահութիւն կ՛իրականացնեն, դիրքի աւագը ճաշ կը պատրաստէ:

Ծառայակիցին ընկերները նկատել կու տան, որ ՙմիայն համով ճաշեր չէ որ կը պատրաստէ. անցեալ տարի պատերազմին մասնակցած է՚:

Աւագը լուռ կը շարունակէ գործը: Կը սպասեմ որ խօսի: Կիսաեփ ճաշը կը խառնէ, կը փակէ կաթսան ու կարճ պատասխան կու տայ.

ՙԹալիշի մէջ ծառայելը պատիւ է`՚:

Կը հասկնամ, որ պատերազմին մասին խօսիլ չ՛ուզեր, բայց կը պատմէ ծառայութեան ընթացքին ստացած դասերուն ու անոնց կարեւորութեան մասին:

 

www.mediamax.am

ՙԱպրիլեան Պատերազմ՚

(2017)

 

1) Գէորգ Յովհաննիսեան

2) Նարեկ Նիկողոսեան

3) Լեւոն Ապրեսեան

5) Թալիշ

 

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՍՊԻՏԱԿ ՏԱՆ ԴԻՄԱՑ ԿԱՅԾԱԿԻ ՀԱՐՈՒԱԾԷՆ ԶՈՀԵՐՈՒ ԹԻՒԸ ՀԱՍԱԾ Է ԵՐԵՔԻ

Next Post

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԵԱՆ 2-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ

Next Post
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԵԱՆ 2-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԵԱՆ 2-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Trending
  • Comments
  • Latest
ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

August 25, 2022
ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ`  ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ` ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

March 11, 2023

ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ՄՈՒՏՔ ԿԸ ԳՈՐԾԵՆ Ս.Դ.ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՔԵՐԸ

September 14, 2022
ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՙԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ՚ ՎԷՊԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՙԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ՚ ՎԷՊԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

April 19, 2023

ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

0

ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄԻ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

0

1704 ԶԻՆՈՒՈՐԻ ԱՃԻՒՆ

0

ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄ

0
ԱՐԱՐԱՏ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ

ԱՐԱՐԱՏ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ

June 4, 2023
BRICS-Ի ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐԸ ՆՇԱԾ ԵՆ ՄԻԱԿՈՂՄԱՆԻ ՊԱՏԺԱՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒ ԲԱՑԱՍԱԿԱՆ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ

BRICS-Ի ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐԸ ՆՇԱԾ ԵՆ ՄԻԱԿՈՂՄԱՆԻ ՊԱՏԺԱՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒ ԲԱՑԱՍԱԿԱՆ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ

June 4, 2023
ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՐԺԱՆԹԻՆ-ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ԽՈՒՄԲԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ

ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՐԺԱՆԹԻՆ-ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ԽՈՒՄԲԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ

June 4, 2023
ԶԵԼԵՆՍՔԻ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԱԾ Է

ԶԵԼԵՆՍՔԻ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԱԾ Է

June 4, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.