Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՐՑԱԽԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏԻ ՄԷՋ ՇՐՋԱԾ Է ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌԻ ՏԱՂԱՒԱՐՆԵՐՈՎ

August 8, 2022
in Գլխաւոր Լուրեր, Հայաստան
0
ԱՐՑԱԽԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏԻ ՄԷՋ ՇՐՋԱԾ Է ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌԻ ՏԱՂԱՒԱՐՆԵՐՈՎ

Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան մասնակցած է ընկերային զարգացման եւ գաղթականութեան նախարարութեան կազմակերպած ՙԱշխատանքի տօնավաճառ՚-ի բացման արարողութեան, որ մէկ հարկի տակ համախմբած է 200 մասնագիտութիւններու առնչութեամբ 1500-է աւելի աշխատողի կարիք ունեցող 61 գործատու եւ բազմաթիւ աշխատանք փնտռողներ: Այս մասին կը յայտնեն Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարարի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնէն:

ՙԶգալով աշխատանքի առաջարկի ու պահանջարկի մեծ ծաւալը` որոշում կայացուցած են աշխատանքի տօնավաճառի միջոցով կազմակերպել գործատուներու եւ աշխատանք փնտռողներու հանդիպումը: Յոյս ունինք, որ աշխատանք փնտռող մեր համաքաղաքացիներն ու գործատուները կը գտնեն իրար եւ փոխշահաւէտ պայմանաւորուածութեան կը յանգին: Այդ պիտի ըլլայ կառավարութեան աջակցութիւնը ե՛ւ ընկերային խնդիր լուծելու, ե՛ւ տնտեսութեան զարգացման խթան ապահովելու համար՚, իր խօսքին մէջ նշած է Արտակ Բեգլարեանը:

Պետական նախարարը ընդգծած է աշխատանք եւ աշխատող գտնելու գործընթացի դիւրացման, զբաղուածութեան ոլորտին մէջ որակաւորման բարձրացման եւ այլ յարակից ուղղութիւններով Արցախի կառավարութեան շարունակական ջանքերու իրականացման վճռականութիւնը:

Ա. Բեգլարեան գործադիր իշխանութեան ներկայացուցիչներու հետ շրջած է բոլոր տաղաւարներով, շփուած է գործատուներու եւ աշխատանք փնտռող քաղաքացիներու հետ, ծանօթացած է տեղեկատուական արհեստագիտութիւններուն, սպասարկման, շինարարութեան, արտադրութեան, կրթութեան, առողջապահութեան եւ այլ ոլորտներուն մէջ առկայ աշխատատեղիներու ցանկին:

Share61Tweet38
Previous Post

ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԻ ԽԱԽՏՈՒՄ

Next Post

ՄԱՍՔ ՅԱՅՏՆԱԾ Է ԹՈՒԻԹԸՐ ԳՆԵԼՈՒ ՊԱՅՄԱՆԸ

Next Post
ՄԱՍՔ ՅԱՅՏՆԱԾ Է ԹՈՒԻԹԸՐ ԳՆԵԼՈՒ ՊԱՅՄԱՆԸ

ՄԱՍՔ ՅԱՅՏՆԱԾ Է ԹՈՒԻԹԸՐ ԳՆԵԼՈՒ ՊԱՅՄԱՆԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.