Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրը յայտարարեց, որ Գեղարքունիքի շրջանի Սոթք գիւղին մօտ, ուր կան ռուս խաղաղապահներ, ատրպէյճանական դիքերէն կրակ բացած են հայկական զինեալ ուժերու ուղղութեամբ եւ մէկ զինուոր վիրաւորուած է: Ըստ ռուս խաղաղապահներու լրատու աղբիւրին, ռուսական ուժեր միջամտած են ու խաղաղութիւնը վերականգնուած է: