Ֆրանսայի նախագահական պալատի խօսնակը յայտարարեց, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն կատարած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: Օրակարգի հիմնական նիւթն էր Հարաւային Կովկասի մէջ տիրող վիճակը, Արցախի մէջ տեղի ունեցած զինեալ բախումի լոյսին տակ: Ֆրանսայի նախագահը իր մտահոգութիւնը յայտնած է Լաչինի շրջանին մէջ արձանագրուած լարուածութեան համար եւ երկու կողմերուն կոչ ուղղած է քայլեր առնելու լարուածութիւնը արգիլելու եւ բանակցութեան սեղան վերադառնալու համար:
Մաքրոն կոչ ուղղած է 9 Նոյեմբեր 2020-ի զինադադարի յայտարարաութեան կէտերը գործադրելու: