Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՄՆ ՀԱՅՈՑ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԹԵՄԻ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐԸ

August 6, 2022
in Գլխաւոր Լուրեր, Հայաստան
0
ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ  ԱՄՆ ՀԱՅՈՑ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԹԵՄԻ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐԸ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. ծայրագոյն պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց ԱՄՆ Հայոց Արեւելեան թեմի Պոսթոնի շրջանի Հայփոյնթ համայնքի ուխտաւորները` առաջնորդութեամբ հոգեւոր հովիւ արժանապատիւ Տ. Վարդ քահանայ Կէօզալեանի:

Հանդիպման սկիզբը արժանապատիւ Տէր Հայրը ներկայացուց ուխտաւորները` հայցելով Նորին Սրբութեան օրհնութիւնը:

Այնուհետեւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը իր օրհնութիւնն ու պատգամը փոխանցեց ուխտաւորներուն` կարեւորելով ուխտագնացութիւններու կազմակերպումը դէպի Հայաստան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, որոնք կը նորոգեն հայորդիներու ազգային, հոգեւոր ապրումները` հաղորդ դարձնելով սեփական ինքնութեան եւ հոգեւոր արժէքներուն:

Զրոյցի ընթացքին Հայոց Հովուապետը նաեւ անդրադարձ կատարեց Արցախի մէջ առկայ իրավիճակին եւ հայ ժողովուրդին առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն` վստահութիւն յայտնելով, որ հայորդիները լաւատեսութեան ոգիով եւ զօրեղ հաւատքով կը յաղթահարեն բոլոր դժուարութիւնները:

Հանդիպման ընթացքին Ամենայն Հայոց կաթողիկոսն իր մասնաւոր գնահատանքն ու օրհնութիւնը բերաւ արժանապատիւ Տ. Վարդ քահանայ Կէօզալեանին նախանձախնդիր ու նուիրեալ ծառայութեան համար:

Վեհափառ Հայրապետը պատասխանեց նաեւ ուխտաւորներուն հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին Մայր Աթոռի առաքելութեան ու գործունէութեան:

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՓՈՒԹԻՆ ԵՒ ԷՐՏՈՂԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԾ

Next Post

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԶՐՈՅՑ` ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԵՒ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ

Next Post
ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԶՐՈՅՑ` ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԵՒ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԶՐՈՅՑ` ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԵՒ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.