Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԶՐՈՅՑ` ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԵՒ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ

August 6, 2022
in Գաղութային
0
ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԶՐՈՅՑ` ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԵՒ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ

Հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետին եւ կազմակերպութեամբ Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանականներու Ուսանողներու Միութեան (ՀԵՀՈՄ), լիբանանահայ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններէ աւելի քան 80 մասնակիցներ միօրեայ երկխօսութիւն մը ունեցան Շաբաթ, 30 Յուլիս 2022-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի սրահին մէջ: Զրոյցին խորագիրն էր ՙՍփիւռքահայ Երիտասարդը` Այսօր Եւ Վաղը՚: Մասնակիցները յիշեալ նիւթին շուրջ իրարու հետ բարձրաձայն մտածելու առիթը ունեցան եւ արծարծեցին սփիւռքահայ երիտասարդութիւնը յուզող հարցեր ու մարտահրաւէրներ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀԵՀՈՄ-ական Կարէն Սրկ. Եօսուլքանեանը եւ, բարի գալուստ մաղթելէ ետք մասնակիցներուն ու դասախօսներուն, ընդգծեց հայ եկեղեցւոյ հովանիին տակ եւ 2022 թուականը Վեհափառ Հայրապետին հռչակած ՙՍփիւռքի Տարի՚ին ներքեւ հաւաքուած ըլլալուն միտք բանին: Ան ըսաւ, որ ազգանուէր աշխատանք տանելու համոզումն է այն շարժառիթը, որ կը մղէ իր ինքնութեամբ հետաքրքրուող հայ երիտասարդին աշխոյժ գործունէութիւն տանելու իր համայնքին մէջ` յանուն ազգային արժէքներու եւ իտէալներու: Այս ծիրին մէջ ան դիտել տուաւ, որ ՀԵՀՈՄ-ին կազմակերպած սոյն հաւաքը կը միտի լսելու իրար, խօսելու իրար հետ եւ ծրագրելու միասնաբար` ի նպաստ առողջ Սփիւռքի:

Օրը բաղկացած էր երեք նիստերէ: Առաջին նիստը յատկացուած էր Հայ դատին: Նիստի ընթացքին Դոկտ. Նորա Պայրագտարեանն ու Եղիա Թաշճեանը, իբրեւ զրուցավար ունենալով Կարէն սարկաւագը, զեկուցեցին Հայ դատին առնչուած հարցերու եւ խնդիրներու մասին: Դոկտ. Պայրագտարեան ներկայացուց Սիսի պատմական կաթողիկոսարանի վերադարձի առնչութեամբ Թուրքիոյ պետութեան դէմ բացուած դատին պատմականը եւ ներկայ փուլը, ինչպէս նաեւ քաղաքական պատճառներով դատին առջեւ դրուած խոչընդոտները եւ կաթողիկոսութեան առնելիք յառաջիկայ քայլերը: Իսկ Թաշճեան անդրադարձաւ Հայ դատի պահանջատիրութեան մէջ քաղաքական գործունէութիւն ծաւալելու զանազան երեսները եւ ներկայ դարուն տրամադրած միջոցներն ու հմտութիւնները օգտագործելու անհրաժեշտութիւնը:

Երկրորդ նիստին նիւթն էր ազգային մշակոյթն ու անկէ բխած արժէքները: Նիստի ընթացքին Գայիանէ Մածունեան ու Շաղիկ Խիւտավերտեան խօսեցան մշակոյթ եւ արժէք սահմանումներուն եւ բաղադրիչներուն մասին: Քրիստ Խրոյեանի զրուցավարութեամբ ադրադարձ կատարուեցաւ արժէքներու եւ մշակոյթներու իմաստաւորման մէջ հաստատութիւններու եւ կառոյցներու դերակատարութեան եւ արժէքներ իւրացնելու կարեւորութեան մասին, բարձր մշակոյթ եւ ցած մշակոյթ հասկացողութեանց, ազգային եւ համամարդկային արժէքներ, ինչպէս նաեւ հայկական մշակոյթին միատարր ըլլալու հասկացողութեանց եւ հաւաքական ու անհատական արժէքներու մասին:

Երրորդ նիստին Հրակ Աւետանեան եւ Փաթիլ Եսայեան, զրուցավարութեամբ Արազ Գոճայեանի, խօսեցան հայ երիտասարդը դէմ-յանդիման նորարարութեան մարտահրաւէրներու նիւթին շուրջ եւ առաւելաբար լուսարձակի տակ առին կրթութեան մարզը, ազգային ընկերային կեանքը, Հայ դատի պահանջատիրութեան կերպերը, հայկական դիմագիծ հասկացողութիւնը, հինի եւ նորի յարաբերութիւնները, ձեւի եւ արդիւնքի մասին, ի շարս այլոց:

Օրուան աւարտին մասնակիցները երեք խումբերու բաժնուելով` վերոնշեալ նիստերէն բխած հարցադրումներու ճամբով ծրագիր մշակեցին ու ներկայացուցին, իբրեւ խմբային աշխատանք:

Նշենք, որ նիստերու ընթացքին, Վեհափառ Հայրապետը յատուկ այցելութիւն մը տուաւ եւ աւելի քան ժամ մը զրոյց ունեցաւ երիտասարդներուն հետ` մեր ազգը, ի մասնաւորի սփիւռքահայութիւնն ու սփիւռքահայ երիտասարդը յուզող ու տագնապեցնող մարտահրաւէրներու շուրջ:

 

Share61Tweet38
Previous Post

ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՄՆ ՀԱՅՈՑ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԹԵՄԻ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐԸ

Next Post

ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՈՒՆԷՆ ՆԱՄԱԿ ՔԱԹԱՐԻ ԷՄԻՐԻՆ

Next Post
ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՈՒՆԷՆ ՆԱՄԱԿ ՔԱԹԱՐԻ ԷՄԻՐԻՆ

ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՈՒՆԷՆ ՆԱՄԱԿ ՔԱԹԱՐԻ ԷՄԻՐԻՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.