Լիբանանի Դրամատուներու միութիւնը ժողով գումարեց 4 Օգոստոսին եւ յայտարարեց, որ այլեւս չդիմանալով դրամատուները հարուածող դատերուն եւ դատական հոլովոյթին, դրամատուներ որոշեցին Երկուշաբթի` 8 Օգոստոսին սկսիլ գործադուլ: 10 Օգոստոսին միութիւնը ժողով պիտի գումարէ որոշելու համար իր ապագային առնելիք քայլերը: Այս քայլին իսկական պատճառ կը համարուի ՙՔրետիթ պանք՚ի գործադիր տնօրէնին ձերբակալութիւնը, բաժնետէրի մը բացած դատին պատճառով: