Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՙSTARMUS՚ ՓԱՌԱՏՕՆԸ ԼՈՒՍԱԲԱՆԵԼ ՓԱՓԱՔՈՂ ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՏԱՐՄԱԳՐՄԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԸ ՄԵԿՆԱՐԿԱԾ Է

August 4, 2022
in Գլխաւոր Լուրեր, Հայաստան
0
ՙSTARMUS՚ ՓԱՌԱՏՕՆԸ ԼՈՒՍԱԲԱՆԵԼ ՓԱՓԱՔՈՂ ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՏԱՐՄԱԳՐՄԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԸ ՄԵԿՆԱՐԿԱԾ Է

Հայաստանի մէջ 5-10 Սեպտեմբերին տեղի ունենալիք միջազգային ՙSTARMUS VI՚ փառատօնին մասնակցիլ եւ լուսաբանել փափաքող լրագրողներու հաւատարմագրման գործընթացը մեկնարկած է:

Հայաստանեան զանգուածային լրատուամիջոցներուն համար կը գործէ հայերէնով առանձնացուած ելեկտրօնային ձեւաթուղթ, որու միջոցով կ՛ընդունուին յայտերը` https://forms.gle/rG3UR5vuR26EnN9p7: Այն տեղադրուած է նաեւ STARMUS-ի կայքին մէջ` https://www.starmus.com/media-accreditation, ուր առանձնացուած տեղեկատուութիւն առկայ է հայաստանեան եւ միջազգային զանգուածային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն համար:

Փառատօնի ծրագրին մանրամասնութիւնները ներկայացուած են կայքին մէջ` www.starmus.com/program:

ՙSTARMUS՚ փառատօնին շնորհիւ Հայաստանը Սեպտեմբերի առաջին տասնօրեակին պիտի դառնայ գիտութեան, արհեստագիտութիւններու, արուեստի ու երաժշտութեան համաշխարհային կեդրոն` հիւրընկալելով մեծանուն գինտականներ ու երաժշտութեան աստղեր: Միջոցառումը պիտի լուսաբանուի նաեւ միջազգային լրատուամիջոցներու կողմէ, որոնք պիտի անցնին իրենց համար նախատեսուած հաւատարմագրման գործընթացով:

ՙSTARMUS՚ փառատօնը մինչ այս տեղի ունեցած է Թեներիֆէի (Քանարեան կղզիներ, Սպանիա), Նորվեկիոյ, Զուիցերիոյ մէջ:

Հայաստանի մէջ ՙSTARMUS VI՚ գիտութեան եւ արուեստի փառատօնը տեղի պիտի ունենայ ՙSTARMUS VI. 50 տարի Մարսի վրայ՚ խորագրով եւ նուիրուած պիտի ըլլայ Հրատի վրայ Մարս 3 տիեզերակայանի առաջին վայրէջքի 50-ամեակին: Յատկանշական է, որ Մարս 3-ը տեղափոխած է դէպի Կարմիր մոլորակ հայ մեծանուն ճարտարապետ Ալեքսանտր Քեմուրճեանի Prop-M (փրոփ-էմ) ռոպոթը:

ՙSTARMUS՚ աշխարհահռչակ փառատօնը կապուած է Սիվըն Հոքինկի, Պրայըն Մէյի, Ալեքսէյ Լէոնովի եւ աշխարհահռչակ այլ յայտնի անուններու հետ, տեղի կ՛ունենայ 2011 թուականէն եւ կը միաւորէ գիտութիւնը, կրթութիւնը, արուեստն ու արհեստագիտութիւնները:

ՙSTARMUS՚ փառատօնը հիմնադրուած է աստղաբնագէտ Գարիկ Իսրայէլեանի եւ առասպելական ՙQueen՚ խումբի կիթառահար, աստղաբնագէտ Պրայըն Մէյի կողմէ` դառնալով համաշխարհային ճանաչում ունեցող գիտնականներ, Նոպէլեան մրցանակակիրներ, տիեզերագնացներ, մտածողներ, գիտութեան մշակոյթի ու արուեստի գործիչներ միաւորող հարթակ, որու շրջանակներուն մէջ անոնք հանրութեան հետ կը կիսուին իրենց գիտելիքներով, փորձով ու նորագոյն յայտնագործութիւններով: Անոնց միաւորումը մէկ հարթակի շուրջ հնարաւոր կը դարձնէ մեր ժամանակներու խնդիրներու վերհանումն ու լուծումներու շուրջ քննարկումները:

Share61Tweet38
Previous Post

ՊԻՏԻ ՏՊԱԳՐՈՒԻ ԿՈՒՄԱՅՐԻ ՊԱՏՄԱՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՐԳԵԼՈՑ-ԹԱՆԳԱՐԱՆԻ ՏԱՐԱԾՔԻՆ ԿԱՌՈՒՑԱՊԱՏՄԱՆ ԿԱՆՈՆԱԿԱՐԳՄԱՆ ՈՒՂԵՑՈՅՑ

Next Post

ՉԵՄՓԻԸՆԶ ԼԻԿԻ ԶՏՈՒՄԻ 3-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻ ԵՐԹ

Next Post
ՉԵՄՓԻԸՆԶ ԼԻԿԻ ԶՏՈՒՄԻ 3-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻ ԵՐԹ

ՉԵՄՓԻԸՆԶ ԼԻԿԻ ԶՏՈՒՄԻ 3-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻ ԵՐԹ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Trending
  • Comments
  • Latest
ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

August 25, 2022
ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ`  ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ` ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

March 11, 2023
ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՙԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ՚ ՎԷՊԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՙԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ՚ ՎԷՊԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

April 19, 2023

ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ՄՈՒՏՔ ԿԸ ԳՈՐԾԵՆ Ս.Դ.ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՔԵՐԸ

September 14, 2022

ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

0

ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄԻ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

0

1704 ԶԻՆՈՒՈՐԻ ԱՃԻՒՆ

0

ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄ

0
ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ  ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԵՐԳԱՀԱՆ  ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 120-ԱՄԵԱԿԻՆ

ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԵՐԳԱՀԱՆ ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 120-ԱՄԵԱԿԻՆ

September 21, 2023
ԱՐՑԱԽԸ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ԹԻՐԱԽ

ԱՐՑԱԽԸ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ԹԻՐԱԽ

September 21, 2023
ԺԱԱԺԱԱ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ

ԺԱԱԺԱԱ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ

September 21, 2023
ԼԱՐՈՒԱԾ ՎԻՃԱԿ ՀԱՐԱՒԻ ՄԷՋ

ԼԱՐՈՒԱԾ ՎԻՃԱԿ ՀԱՐԱՒԻ ՄԷՋ

September 21, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.