Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՊԻՏԻ ՏՊԱԳՐՈՒԻ ԿՈՒՄԱՅՐԻ ՊԱՏՄԱՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՐԳԵԼՈՑ-ԹԱՆԳԱՐԱՆԻ ՏԱՐԱԾՔԻՆ ԿԱՌՈՒՑԱՊԱՏՄԱՆ ԿԱՆՈՆԱԿԱՐԳՄԱՆ ՈՒՂԵՑՈՅՑ

August 4, 2022
in Միջազգային
0

Իտալացի փորձագէտները Քաղաքաշինութեան կոմիտէի եւ Ասիական զարգացման դրամատան համատեղ նախաձեռնութեամբ մշակած են Կումայրի պատմաճարտարապետական արգելոց-թանգարանի տարածքին կառուցապատման կանոնակարգման ուղեցոյց եւ գօտեւորման աշխատանքներու մեթոտաբանութիւն` միտուած Կիւմրիի պատմական միջավայրի քաղաքաշինական ամբողջականութեան պահպանման: Մինչ վերջնական տարբերակի հաստատումը` մշակուած փաստաթուղթերը կը ներկայացուին շահագրգիռ կողմերը` պատուիրատու գերատեսչութեան, համայնքի բնակիչներուն, տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն, մասնագիտական հանրութեան:

Մասնաւորապէս` փաստաթուղթերու լրամշակուած տարբերակը քննարկուած է Քաղաքաշինութեան կոմիտէի պատասխանատուներուն հետ: Դիտարկուած են պատմական ժառանգութեան ամբողջականութեան պահպանման հիմնաւորումները եւ առաջարկուող գործիքակազմը:

Կատարուած աշխատանքը ներկայացուած է նաեւ Կիւմրի համայնքի ղեկավարի տեղակալ Դաւիթ Առուշանեանի գլխաւորութեամբ կայացած խորհրդակցութեան ընթացքին, որուն ժամանակ վերջինս կարեւորած է փորձագէտներու վերհանած հիմնախնդիրները: Ուշադրութիւն դարձուած է նաեւ արդիական այլ խնդիրներու` պատմական միջավայրի մէջ գովազդային եւ տեղեկատուական վահանակներուն ներկայացուող պահանջներու յստակացման ու հանրային տարածքներու կազմակերպման:

Ուղեցոյցն ու մեթոտաբանութիւնը մէկ անգամ եւս շրջանառուած են հիպրիտային ձեւաչափով կազմակերպուած աշխատաժողովի շրջանակին մէջ, որուն ընթացքին շահառու խումբերու, ոլորտի մասնագէտներու հնչեցուցած առաջարկները ներառուած են փաստաթուղթերուն մէջ: Ասիական զարգացման դրամատան կողմէ գործընթացը համակարգող իտալացի մասնագէտները անդրադարձած են նաեւ Կումայրի պատմաճարտարապետական արգելոց-թանգարանի եւ ամբողջ քաղաքի տարածքին վերաբերեալ հաւաքագրուած տուեալներու թուայնացման հնարաւորութեան:

Փաստաթուղթերու կազմութեան նախորդած են հետազօտական աշխատանքներ` հաւաքագրելու պատմամշակութային արգելոց-թանգարանի պատմական միջավայրի վերաբերեալ տուեալներ: Գործընթացին մէջ ներգրաւուած են նաեւ մասնագիտացուած բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու դասախօսները եւ ուսանողները: Նախաձեռնութեան շրջանակին մէջ կարեւորելով կրթական բաղադրիչը` կազմակերպուած են դասախօսութիւններ Հայաստանի ամերիկեան համալսարանին, նաեւ Ճարտարապետութեան եւ շինարարութեան Հայաստանի ազգային համալսարանին մէջ: Իտալացի փորձագէտները ուսանողներուն ներկայացուցած են ժառանգութեան պահպանութեան մեթոտաբանութեան, ինչպէս նաեւ տեղեկատուութեան թուայնացման առանձնայատկութիւնները:

Յաջորդ փուլին կը նախատեսուի ուղեցոյցի եւ մեթոտաբանութեան վերջնական տարբերակը տպագրել երկու լեզուով` հայերէն եւ անգլերէն: Ուղեցոյցը պիտի ընդգրկուի Քաղաքաշինութեան կոմիտէի համակարգմամբ ՙՇիրակ-4՚-ի համար մշակուող քաղաքաշինական ծրագրային փաստաթուղթի կազմին մէջ, որ կը ներառէ 3 մակարդակ` տարածքային ծրագրաւորում, գլխաւոր յատակագիծ, գօտեւորման նախագիծ: Այդ հնարաւորութիւն պիտի տայ ուղղորդելու եւ կանոնակարգելու համայնքին մէջ իրականացուող քաղաքաշինական գործընթացները` պահպանելով պատմական ժառանգութիւնը եւ քաղաքաշինական միջավայրի ամբողջականութիւնը:

Share61Tweet38
Previous Post

2022-ԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՄԷՆԷՆ ՇԱՏ ԶԲՕՍԱՇՐՋԻԿՆԵՐ ԸՆԴՈՒՆԱԾ Է ՌՈՒՍԻԱՅԷՆ, ԻՐԱՆԷՆ, ԳԵՐՄԱՆԻԱՅԷՆ

Next Post

ՙSTARMUS՚ ՓԱՌԱՏՕՆԸ ԼՈՒՍԱԲԱՆԵԼ ՓԱՓԱՔՈՂ ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՏԱՐՄԱԳՐՄԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԸ ՄԵԿՆԱՐԿԱԾ Է

Next Post
ՙSTARMUS՚ ՓԱՌԱՏՕՆԸ ԼՈՒՍԱԲԱՆԵԼ ՓԱՓԱՔՈՂ ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՏԱՐՄԱԳՐՄԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԸ ՄԵԿՆԱՐԿԱԾ Է

ՙSTARMUS՚ ՓԱՌԱՏՕՆԸ ԼՈՒՍԱԲԱՆԵԼ ՓԱՓԱՔՈՂ ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՏԱՐՄԱԳՐՄԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԸ ՄԵԿՆԱՐԿԱԾ Է

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Trending
  • Comments
  • Latest
ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

August 25, 2022
ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ`  ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ` ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

March 11, 2023
ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՙԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ՚ ՎԷՊԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՙԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ՚ ՎԷՊԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

April 19, 2023

ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ՄՈՒՏՔ ԿԸ ԳՈՐԾԵՆ Ս.Դ.ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՔԵՐԸ

September 14, 2022

ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

0

ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄԻ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

0

1704 ԶԻՆՈՒՈՐԻ ԱՃԻՒՆ

0

ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄ

0
ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ  ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԵՐԳԱՀԱՆ  ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 120-ԱՄԵԱԿԻՆ

ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԵՐԳԱՀԱՆ ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 120-ԱՄԵԱԿԻՆ

September 21, 2023
ԱՐՑԱԽԸ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ԹԻՐԱԽ

ԱՐՑԱԽԸ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ԹԻՐԱԽ

September 21, 2023
ԺԱԱԺԱԱ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ

ԺԱԱԺԱԱ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ

September 21, 2023
ԼԱՐՈՒԱԾ ՎԻՃԱԿ ՀԱՐԱՒԻ ՄԷՋ

ԼԱՐՈՒԱԾ ՎԻՃԱԿ ՀԱՐԱՒԻ ՄԷՋ

September 21, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.