Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՒ ԻՐԱՆԵԱՆ ԽՈՀԱՆՈՑԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՋՈՑԱՌՈՒՄՆԵՐ. ՍԻՍԻԱՆԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ՙՆԱՒԱՍԱՐԴ՚ ՓԱՌԱՏՕՆԸ

August 4, 2022
in Հայաստան
0
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՒ ԻՐԱՆԵԱՆ ԽՈՀԱՆՈՑԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՋՈՑԱՌՈՒՄՆԵՐ.  ՍԻՍԻԱՆԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ՙՆԱՒԱՍԱՐԴ՚ ՓԱՌԱՏՕՆԸ

 

Հայկական եւ Իրանեան խոհանոցի բազմազան իւրօրինակ ուտեստներու ներկայացում, երգ, պար, երաժշտութիւն, արուեստի գործերու եւ արհեստագործական արտադրանքներու ցուցադրութիւն, լազերային ներկայացում եւ աստղադիտում ՙԶօրաց Քարեր՚ պատմամշակութային արգելոցին մէջ: Այս ամէնը հնարաւոր պիտի ըլլայ վայելել Սիւնիքի մարզի Սիսիան քաղաքին մէջ 10-11 Օգոստոսին, երբ տեղի պիտի ունենայ ՙՆաւասարդ՚ խորագրով հայ-իրանեան մշակութային, խոհանոցային փառատօնը:

Զբօսաշրջութեան հայկական ֆետերասիոնի նախագահ Մեխակ Ապրեսեան նշեց, որ միջոցառումը ուղղուած է յետքովիտային ժամանակահատուածին նոր ձեւաւորուած շուկային մէջ զբօսաշրջային աւելի մրցունակ դիրքեր ունենալուն:

ՙՔովիտէն յետոյ համաշխարհային շուկան նոր կը ձեւաւորուի, եւ զբօսաշրջութիւնը կարեւորող բոլոր երկիրները պիտի ընեն ամէն ինչ այս նոր շուկան դէպի իրենց կողմ գրաւելու համար: Այս միջոցառումը, համոզուած ենք, որոշակիօրէն պիտի նպաստէ անոր: Սա նաեւ մեծ նշանակութիւն պիտի ունենայ զբօսաշրջութիւնը Երեւանէն դէպի մարզեր տանելու գործընթացին համար, ինչպէս նաեւ այս փառատօնը հնարաւորութիւն պիտի տայ Սիսիան քաղաքին ներկայացնելու իր զբօսաշրջային ամբողջ ներուժը՚, ըսաւ Մեխակ Ապրեսեանը:

Ան ընդգծեց, որ ոչ-տեղացի զբօսաշրջիկներուն տեղեկացնելու եւ ներգրաւելու  նպատակով միջազգային գործընկերներու ներգրաւմամբ միջոցառման գովազդ կ՛իրականացուի Իրանի մէջ: Գովազդային արշաւներ սկսած են նաեւ ընկերային ցանցերու մէջ:

ՙԱռաջին օրուան ընթացքին փառատօնի մասնակից հայկական եւ իրանեան խմբակները տաղաւարներուն մէջ պիտի պատրաստեն եւ ներկայացնեն իրենց խոհանոցի բազմազանութիւնն ու պատմութիւնը` սկսած Ուրարտայ – Աքեմենեան ժամանակաշրջանէն: Մշակութային եւ երաժշտական գօտիներուն մէջ պիտի ներկայացուին երգ, պար, երաժշտութիւն, արուեստի գործեր, արհեստագործական արտադրանք: Մինչ փառատօնի վերոնշեալ հիմնական մասը` պիտի կազմակերպուի մրցոյթ մասնակից խմբակներու միջեւ տարբեր անուանակարգերով, իսկ փառատօնի աւարտին տեղի պիտի ունենայ մրցանակներու շնորհման արարողութիւն: Սիսիան քաղաքին մէջ իրականացուող միջոցառումներու ընթացքին պիտի ըլլայ նաեւ լազերային ներկայացում եւ Քաղաքապետարանի շէնքին վրայ պիտի ցուցադրուի ՙՀայկ՚ համաստեղութեան ծնունդը՚, ըսաւ ան:

Զբօսաշրջութեան հայկական ֆեսերասիոնի նախագահը ընդգծեց, որ 11 Օգոստոսին ժամը 03:00-05:00 կը նախատեսուի այցելութիւն ՙԶօրաց Քարեր բնակատեղի՚ պատմամշակութային արգելոց` աստղային դիտման նպատակով, ուր լարային քառեակը պիտի ներկայացնէ նաեւ դասական երաժշտութիւն: Ժամը 04:00-ին ՙՀայկ՚ համաստեղութեան ծագման պահուն ջութակով պիտի հնչէ Կոմիտասի ՙԿռունկ՚-ը:

Մեխակ Ապրեսեանը ըսաւ, որ զբօսաշրջիկները ընդունելու, անոնց գիշերակացը ապահովելու ուղղութեամբ ալ բնակիչներուն հետ կը տարուին շարք մը աշխատանքներ, որպէսզի ներգրաւեն Սիւնիքի մարզի հիւրանոցային եւ զբօսաշրջիկական ամբողջ ներուժը եւ բարձր մակարդակով ընդունին հիւրերը:

ՙՀայ խոհարարական աւանդոյթներու զարգացման եւ պահպանման՚ հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Սեդրակ Մամուլեանը ընդգծեց, որ իրանեան խոհանոցին հետ շատ ընդհանրութիւններ ունինք, եւ այդ ներուժը օգտագործելը պիտի նպաստէ մեր փոխադարձ կապերու ամրապնդման:

ՙՄիջոցառման ընթացքին մենք պիտի տօնենք ՙՆաւասարդ՚-ը: Ըսեմ, որ քրիստոնէութիւնը ընդունելէ առաջ այս տօնը նշուած է, նշուած է նաեւ իրանցիներուն հետ, եւ մենք այժմ կը փափաքինք վերականգնել այդ աւանդոյթը: Նշեմ, որ ընդհանրապէս մեր տօները` ըլլան անոնք եկեղեցական, թէ ժողովրդական, շատ լուրջ զբօսաշրջային արդիւնք կու տան, քանի որ կը ներառեն խոհանոցային, բանահիւսական, մշակութային եւ մարզական լուրջ տարրեր, որոնք կը ներկայացնեն մեր ազգային կերպարը՚, ըսաւ ան:

Սեդրակ Մամուլեան ըսաւ, որ միջոցառումը բաղկացած է քանի մը մասէ: Մէկը պիտի ըլլայ խոհարարական, որուն պիտի մասնակցին երկու կողմերը, պիտի ներկայացնեն իրենց կերակրատեսակները: ՙՄենք քիչ մը ուղղորդած ենք, որ ծիսական կերակրատեսակ համարուող Նաւասարդի հարիսան, ՙԿորկոտը՚ եւ համարժէք իրանեան կերակուրը` ՙՀալիմը՚, կլոր գաթան, որ կը խորհրդանշ է արեւը եւ, իհարկէ, մեր բոլոր տօնական սեղաններուն բնորոշ տոլման պարտադիր ներկայացուած ըլլան: Մնացածին ընտրութեան մէջ մասնակիցները ազատ են՚, ըսաւ ան:

ՀՀ Զբօսաշրջութեան կոմիտէի նախագահ Սիսիան Պօղոսեանը նշեց, որ նման փառատօներու կայացումը կարեւոր նշանակութիւն ունի երկու երկիրներու զբօսաշրջութեան զարգացման գործին մէջ:

ՙՊէտք է ըսեմ, որ Իրանը մեր թիրախային շուկաներէն մէկն է, եւ այս պահուն մենք այնտեղէն բաւականին մեծ թիւով զբօսաշրջիկներ ունինք: Ամէն ինչ կ՛ընենք, որ նմանատիպ փառատօներու միջոցով նոյնպէս հետաքրքրական ծրագրեր իրականացնենք, որպէսզի մեր հարեւան երկիրներէն մշտապէս մեծ զբօսաշրջային շարժ ունենանք՚, ըսաւ ան:

Փառատօնը կը կազմակերպեն Զբօսաշրջութեան հայկական ֆետերասիոնը եւ ՙՀայ Խոհարարական Աւանդոյթներու Զարգացման եւ պահպանման՚ հասարակական կազմակերպութիւնը` ՀՀ Ուժանիւթի նախարարութեան զբօսաշրջութեան կոմիտէի աջակցութեամբ, ՀՀ Սիւնիքի մարզպետարանի, Սիսիանի համայնքապետարանի, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Մշակութային ժառանգութեան, ձեռնարուեստի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան, Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանութեան եւ Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանատան Մշակոյթի կեդրոնին հետ համագործակցութեամբ:

Share61Tweet38
Previous Post

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ՙՍԻՄՖՈՆԻԿ ԵՐԵՒԱՆ՚ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ՓԱՌԱՏՕՆԸ

Next Post

ԱՆԹԱՐՔԹԻՔԱՅԻ ՍԱՌՑԱԴԱՇՏԵՐԸ ՊԻՏԻ ՍԿՍԻՆ ԱՒԵԼԻ ԱՐԱԳ ՀԱԼԻԼ` ՋՈՒՐԸ 2-3 ԱՍՏԻՃԱՆՈՎ ՏԱՔՆԱԼՈՒ ՊԱՏՃԱՌՈՎ

Next Post
ԱՆԹԱՐՔԹԻՔԱՅԻ ՍԱՌՑԱԴԱՇՏԵՐԸ ՊԻՏԻ ՍԿՍԻՆ ԱՒԵԼԻ ԱՐԱԳ ՀԱԼԻԼ` ՋՈՒՐԸ 2-3 ԱՍՏԻՃԱՆՈՎ ՏԱՔՆԱԼՈՒ ՊԱՏՃԱՌՈՎ

ԱՆԹԱՐՔԹԻՔԱՅԻ ՍԱՌՑԱԴԱՇՏԵՐԸ ՊԻՏԻ ՍԿՍԻՆ ԱՒԵԼԻ ԱՐԱԳ ՀԱԼԻԼ` ՋՈՒՐԸ 2-3 ԱՍՏԻՃԱՆՈՎ ՏԱՔՆԱԼՈՒ ՊԱՏՃԱՌՈՎ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.