Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ՙՍԻՄՖՈՆԻԿ ԵՐԵՒԱՆ՚ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ՓԱՌԱՏՕՆԸ

August 4, 2022
in Գլխաւոր Լուրեր, Հայաստան
0
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ՙՍԻՄՖՈՆԻԿ ԵՐԵՒԱՆ՚ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ՓԱՌԱՏՕՆԸ

ՀՀ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան աջակցութեամբ Հայաստանի պետական սիմֆոնիկ նուագախումբը եւ ՙՄշակոյթի աջակցման եւրոպական հիմնադրամը՚ 12-25 Օգոստոսին Երեւանի մէջ կը կազմակերպեն ՙՍիմֆոնիկ Երեւան՚ միջազգային երաժշտական փառատօնը:

Հայ երաժշտասէրները, ինչպէս նաեւ քաղաքին հիւրերը, ամէնօրեայ պարբերականութեամբ հնարաւորութիւն պիտի ունենան ունկնդրելու կամերային եւ սիմֆոնիկ հարուստ ցանկով 14 համերգ: Փառատօնի շրջանակին մէջ ելոյթ պիտի ունենան ժամանակի յայտնի երաժիշտները. դաշնակահարներ` Նիքիթա Մնտոյանցը, Վանեսսա Պենելլին, Սալիմ Աշքարը, Անահիտ Տիլպարեանը, Արմինէ Գրիգորեանը, Սոնա Բարսեղեանը, ջութակահարներ` Նենսի Ժուօն, Մարք Պուշքովը, Ճովանի Անտրէա Զանոնը, կիթառահար` Շուֆէյ Եանը, թաւջութակահարներ` Պրանոն Չօն, Սեւակ Աւանեսեանը, սրնգաահարներ` Նոյեմի Կէօրին, Գէորգ Աւետիսեանը, ֆակոթահար` Նիքոլայ Պօղոսեանը, քլարինեթահար` Ֆապրիցիօ Մելոնին, ինչպէս նաեւ Խաչատրեանի անուան դաշնամուրային եռեակը: Փառատօնի պաշտօնական նուագախումբն է Հայաստանի պետական սիմֆոնիկ նուագախումբը:

Համերգներու ընթացքին պիտի հնչեն դասական եւ ժամանակակից երաժշտահաններու` Վոլֆկանկ Ամատէուս Մոցարթի, Ֆրանց Շուպերթի, Փէօթր Չայքովսքիի, Անթոնին Տվորժաքի, Էտուարտ Էլկարի, Ֆրետերիք Շոփենի, Ֆրանսիս Փուլենքի, Ալեքսանտր Թանսմանի եւ բազմաթիւ այլ հեղինակներու ստեղծագործութիւններ: Պիտի ներկայացուին նաեւ հայ երաժշտահաններու` Ալեքսանտր Սպենդիարեանի, Արամ Խաչատրեանի, Ղազարոս Սարեանի, Ալեքսանտր Յարութիւնեանի, Էտուարտ Հայրապետեանի, Տիգրան Մանսուրեանի ստեղծագործութիւնները:

Համերգները պիտի ղեկավարեն խմբավարներ Դանիէլ Ռայսքինը, Կերկելի Մատարաշը, Սերկէյ Սմբատեանը:

ՙԵս հպարտ եմ այս հրաշալի քաղաքին մէջ ՙՍիմֆոնիկ Երեւան՚ միջազգային երաժշտական փառատօնի մեկնարկին առթիւ: Մեծ պատիւ է փառատօնը կեանքի կոչել Հայաստանի պետական սիմֆոնիկ նուագախումբի` մեր վաղեմի եւ թանկագին գործընկերներէն մէկուն հետ, որ կը կիսէ դասական երաժշտութեան ժառանգութեան առնչուող մեր գաղափարներն ու մօտեցումները: Վստահ եմ, որ այս փառատօնը մեր յաջող համագործակցութեան եւս մէկ օրինակ պիտի դառնայ, եւ բոլորին կոչ կ՛ընեմ միանալու միջազգային ճանաչում ունեցող երաժիշտներու մասնակցութեամբ երաժշտական այս տօնին՚, ըսած է ՙՄշակոյթի աջակցման եւրոպական հիմնադրամ՚ի նախագահ Կոնստանդին Իշխանովը:

Հայաստանի պետական սիմֆոնիկ նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար Սերկէյ Սմբատեան նշած է, որ ՙՍիմֆոնիկ Երեւան՚ փառատօնի շրջանակին մէջ դասական երաժշտութեան անմոռանալի երեկոները տօն պիտի պարգեւեն Երեւանի բնակիչներուն ու հիւրերուն:

ՙՈւրախ եմ, որ ՙՄշակոյթի աջակցման եւրոպական հիմնադրամ՚ին հետ մեր համագործակցութիւնը տարէ տարի կ՛ընդլայնի, եւ նոր նախագիծերու ստեղծման ճանապարհին մեր մօտեցումներն ու ցանկութիւնները կը համընկնին: Վստահ եմ, որ փառատօնի շրջանակին մէջ Հայաստան այցելող բոլոր արուեստագէտները մեր երկրէն պիտի երթան` իրենց հետ տանելով հայ ունկնդիրին ջերմ ընդունելութիւնը, իսկ երաժշտասէրները փառատօնի 14 համերգներու երգացանկին մէջ պիտի գտնեն իրենց հոգեհարազատ երաժշտութիւնը՚, ընդգծած է Սերկէյ Սմբատեանը:

Ծրագրին կ՛աջակցին նաեւ Երեւանի քաղաքապետարանը, Հայաստանի պետական ֆիլհարմոնիան, Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկը:

Share61Tweet38
Previous Post

ԱՐԱՐԱՏ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆՆ ՈՒ ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ ՄԻՏՔԵՐ ՓՈԽԱՆԱԿԱԾ ԵՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ԲԱՐԵՓՈԽՈՒՄՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ

Next Post

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՒ ԻՐԱՆԵԱՆ ԽՈՀԱՆՈՑԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՋՈՑԱՌՈՒՄՆԵՐ. ՍԻՍԻԱՆԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ՙՆԱՒԱՍԱՐԴ՚ ՓԱՌԱՏՕՆԸ

Next Post
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՒ ԻՐԱՆԵԱՆ ԽՈՀԱՆՈՑԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՋՈՑԱՌՈՒՄՆԵՐ.  ՍԻՍԻԱՆԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ՙՆԱՒԱՍԱՐԴ՚ ՓԱՌԱՏՕՆԸ

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՒ ԻՐԱՆԵԱՆ ԽՈՀԱՆՈՑԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՋՈՑԱՌՈՒՄՆԵՐ. ՍԻՍԻԱՆԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ՙՆԱՒԱՍԱՐԴ՚ ՓԱՌԱՏՕՆԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Trending
  • Comments
  • Latest
ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

August 25, 2022
ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ`  ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ` ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

March 11, 2023

ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ՄՈՒՏՔ ԿԸ ԳՈՐԾԵՆ Ս.Դ.ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՔԵՐԸ

September 14, 2022
ՙԱՐԱՐԱՏ՚-Ի 85-ԱՄԵԱԿԻ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄՆԵՐ

ՙԱՐԱՐԱՏ՚-Ի 85-ԱՄԵԱԿԻ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄՆԵՐ

August 12, 2022

ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

0

ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄԻ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

0

1704 ԶԻՆՈՒՈՐԻ ԱՃԻՒՆ

0

ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄ

0

ԳԻՏԱԿԱՆ

March 18, 2023
ՔԱՆՈՆԱՀԱՐՈՒՀԻ ՄԱՐԻԱՆՆԱ ԳԷՈՐԳԵԱՆԸ ՀՆԴԿԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՀՆՉԵՑՈՒՑԱԾ Է ՀԱՅ ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ ԵՒ ԽՕՍԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԱՍԻՆ

ՔԱՆՈՆԱՀԱՐՈՒՀԻ ՄԱՐԻԱՆՆԱ ԳԷՈՐԳԵԱՆԸ ՀՆԴԿԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՀՆՉԵՑՈՒՑԱԾ Է ՀԱՅ ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ ԵՒ ԽՕՍԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԱՍԻՆ

March 18, 2023
ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ԹԱՆԳԱՐԱՆՆԵՐՈՒՆ ՅԱՏԿԱՑՈՒԱԾ ԴՐԱՄԱՇՆՈՐՀԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳՐԻ ՍՏՈՐԱԳՐՄԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ԹԱՆԳԱՐԱՆՆԵՐՈՒՆ ՅԱՏԿԱՑՈՒԱԾ ԴՐԱՄԱՇՆՈՐՀԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳՐԻ ՍՏՈՐԱԳՐՄԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

March 18, 2023
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ ԱԹԷՆՔԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ ԱԹԷՆՔԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

March 18, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.