Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՆԹԱՐՔԹԻՔԱՅԻ ՍԱՌՑԱԴԱՇՏԵՐԸ ՊԻՏԻ ՍԿՍԻՆ ԱՒԵԼԻ ԱՐԱԳ ՀԱԼԻԼ` ՋՈՒՐԸ 2-3 ԱՍՏԻՃԱՆՈՎ ՏԱՔՆԱԼՈՒ ՊԱՏՃԱՌՈՎ

August 4, 2022
in Միջազգային
0
ԱՆԹԱՐՔԹԻՔԱՅԻ ՍԱՌՑԱԴԱՇՏԵՐԸ ՊԻՏԻ ՍԿՍԻՆ ԱՒԵԼԻ ԱՐԱԳ ՀԱԼԻԼ` ՋՈՒՐԸ 2-3 ԱՍՏԻՃԱՆՈՎ ՏԱՔՆԱԼՈՒ ՊԱՏՃԱՌՈՎ

Անթարքթիքայի արեւելեան ափին մօտ ջուրի ջերմաստիճանը 20-րդ դարի առաջին կէսի հաեմատութեամբ 2-3 աստիճանով բարձրացած է` ովկիանոսային հոսանքներու փոխուած ւղղութիւններուն պատճառով: Այդ մասին կը հաղորդուի Աւստրալիոյ գիտական եւ կիրառական հետազօտութիւններու միաւորման (CSIRO) եւ Բրիտանիոյ Սաութհեմփթընի համալսարանի զեկոյցին մէջ, որ հրապարակուած է 3 Օգոստոսն:

Ջրային զանգուածները սկսած են տեղափոխուել ուրիշ երթուղիներով Հարաւային ովկիանոսին մէջ արեւմտեան քամիներու պատճառով, որոնք նոյնպէս սկսած են փչել նոր ուղղութիւններէ: Տասնեակ տարիներու ընթացքին այդ գործընթացը հարաւային բեւեռի կողմը տեղաշարժած է Անթարքթիքական շրջաբեւեռային հոսանքը, որ աստիճանաբար կը տաքցնէ Աւրորայի ենթասառցադաշտային աւազնի աւելի պաղ ջուրը:

ՙԼիովին հալելով` սառցադաշտերը այդ աւազանի շրջանին մէջ կրնան բարձրացնել ծովի մակարդակը 5,1 մեթրով՚, նախազգուշացուցած է հետազօտութեան հեղինակներէն մէկը` Լորա Էրաիս Պորեկերօն:

Վերջին տարիներուն Անթարքթիքան տարեկան կը կորսնցնէ 155 միլիառ թոն սառոյց, ինչ որ աշխարհի մնացեալ սառցադաշտերու հալելուն հետ մէկտեղ համաշխարհային ովկիանոսի մակարդակը տարեկան կը բարձրացնէ 3,6 միլիմեթրով:

Աւրորայի ենթասառցադաշտաին աւազանը կը գտնուի Անթարքթիքայի սառցային վահանի տակ: Այն յայտնաբերուած Է 1960-ական, 1970-ական թուականներուն եւ անուանուած է մայր ցամաքի հետազօտող Տուկլաս Մոուսոնի (1882-1958) նաւի պատուին: Անթարքթիքական շրջաբեւեռային հոսանքը 30 հազար քիլոմեթր երկարութեամբ եւ 2,5 հազար քիլոմեթր լայնութեամբ արեւմուտքէն դէպի արեւելք կը գօտեւորէ Երկրագունդը:

Share61Tweet38
Previous Post

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՒ ԻՐԱՆԵԱՆ ԽՈՀԱՆՈՑԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՋՈՑԱՌՈՒՄՆԵՐ. ՍԻՍԻԱՆԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ՙՆԱՒԱՍԱՐԴ՚ ՓԱՌԱՏՕՆԸ

Next Post

2022-ԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՄԷՆԷՆ ՇԱՏ ԶԲՕՍԱՇՐՋԻԿՆԵՐ ԸՆԴՈՒՆԱԾ Է ՌՈՒՍԻԱՅԷՆ, ԻՐԱՆԷՆ, ԳԵՐՄԱՆԻԱՅԷՆ

Next Post
2022-ԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՄԷՆԷՆ ՇԱՏ ԶԲՕՍԱՇՐՋԻԿՆԵՐ ԸՆԴՈՒՆԱԾ Է ՌՈՒՍԻԱՅԷՆ, ԻՐԱՆԷՆ, ԳԵՐՄԱՆԻԱՅԷՆ

2022-ԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՄԷՆԷՆ ՇԱՏ ԶԲՕՍԱՇՐՋԻԿՆԵՐ ԸՆԴՈՒՆԱԾ Է ՌՈՒՍԻԱՅԷՆ, ԻՐԱՆԷՆ, ԳԵՐՄԱՆԻԱՅԷՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.