Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՊԱՐԱԿՆ ՈՒ ՕՓԵՐԱՅԻ ԹԱՏՐՈՆԻ ՇԷՆՔԸ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՆ ՆՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

August 3, 2022
in Գլխաւոր Լուրեր, Հայաստան
0
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՊԱՐԱԿՆ ՈՒ ՕՓԵՐԱՅԻ ԹԱՏՐՈՆԻ ՇԷՆՔԸ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՆ ՆՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Երեւանի Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալետի ազգային ակադեմական թատրոնի շէնքն ու Հանրապետութեան հրապարակը պիտի ունենան նոր լուսաւորութիւն: Երեւանի քաղաքապետարանի զարգացման եւ ներդրումային ծրագրերու վարչութեան պետի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Արմէն Յարութիւնեան տեղեկացուց, որ աշխատանքները արդէն սկսած են:

ՙՆախ ըսեմ, որ հրապարակին վրայ առկայ շէնքերու գեղարուեստական լուսաւորութեան հետ որեւէ փոփոխութիւն տեղի պիտի չունենայ: Այստեղ փոփոխութիւնը կապուած է շէնքերու տանիքներուն վրայ տեղադրուած լուսարձակներուն հետ: Ներկայիս գործող լուսարձակները բաւական հին են, մէկ մասը չ՛աշխատիր: Կը նախատեսուի եղածները փոխարինել նորերով, ինչպէս նաեւ աւելցնել անոնց թիւը՚, ըսաւ Արմէն Յարութիւնեան:

Լուսարձակները, որոնք կը համապատասխանեն ժամանակակից պահանջներուն, պիտի գործարկուին տօնական օրերուն, համերգային միջոցառումներու ժամանակ, որ ինչպէս հրապարակը, այնպէս ալ յարակից փողոցները ունենան շատ աւելի լաւ լուսաւորութիւն: Ընդհանուր առմամբ, տեղադրուած պիտի ըլլայ շուրջ 20 նոր լուսարձակ: Ուժանիւթ խնայող ու ժամանակից լուսարձակներով Հանրապետութեան հրապարակը աւելի վառ տեսք պիտի ունենայ:

Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալետի ազգային ակադեմական թատրոնի շէնքի պարագային նախատեսուած է փոխել գեղարուեստական լուսաւորութիւնը: Արմէն Յարութիւնեան նկատեց, որ եղած լուսարձակները, լուսատուները բաւական հին են ու այսօրուան տեխնիկական չափանիշերուն չեն համապատասխաներ:

ՙՇատ լուսարձակներ վնասուած են, սպասարկման առումով ալ բարդ հոլովոյթ է: Այժմ պիտի փոխուի ամբողջ ճարտարապետական լուսաւորութիւնը: Կրկին այս աշխատանքներուն մէջ առկայ է ուժանիւթի խնայողութեան բաղադրիչը՚, ըսաւ Արմէն Յարութիւնեան: Աշխատանքը նախագծային փուլին է, որ աւարտելէ յետոյ, պիտի յայտարարուի մրցոյթ: Հանրապետութեան հրապարակի եւ Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալետի ազգային ակադեմական թատրոնի շէնքի լուսաւորութեան աշխատանքները պիտի աւարտին մինչեւ տարուան վերջ: Վերջնարդիւնքով Երեւանի կեդրոնը պիտի ունենայ աւելի վառ լուսաւորութեամբ շէնքեր ու փողոցներ:

Արմէն Յարութիւնեան ընդգծեց, որ Երեւանը կ՛առաջնորդուի այն սկզբունքով, որ  լուսատուները ըլլան ուժանիւթ խնայող: Անոր խօսքով` ամէն տարի լուսաւորուած շէնքերուն քանակը կ՛աւելնայ եւ հիմնականին մէջ ձեռք կը բերուին ուժանիւթ խնայող լուսատուներ: Աշխատանքները շարունակական պիտի ըլլան:

Share61Tweet38
Previous Post

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԶԲՕՍԱՇՐՋԱՅԻՆ ՎԱՅՐԵՐԸ ԿՐՆԱՆ ՏԵՂ ԳՏՆԵԼ ԱՇԽԱՐՀԱՀՌՉԱԿ ՎԻՐԹՈՒԱԼ ՀԱՐԹԱԿԻՆ ՄԷՋ.

Next Post

–10-ԱՐԴԱՐԱԴԱՏՈՒԹԻՒՆ

Next Post

--10-ԱՐԴԱՐԱԴԱՏՈՒԹԻՒՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.