Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու եւ հեռահաղորդակցութեան ոլորտին մէջ լրջագոյն նուաճումներու հասած Հարաւային Քորէայի մէջ քիչ չեն մարդոց տարբեր ծառայութիւններ առաջարկող, անոնց կեանքը հեշտացնող, հետաքրքրութիւնները բաւարարող յաւելուածները: Երկրի մեծագոյն ընկերութիւններէն մէկուն` Naver Z-ի ZEPETO յաւելուածը կը համարուի Հարաւային Քորէայի հիմնական մակնիշներէն մէկը: Յաւելուածը մարդոց հնարաւորութիւն կու տայ վիրթուալ տիրոյթին մէջ, այլընտրանքային իրականութեան մէջ ստեղծելու սեփական կերպարը` աւաթարը, եւ անով իրեն համար տարբեր բացայայտումներ ընել, ըլլալ վայրերու մէջ, ուր իրական կեանքին մէջ կարելի չըլլալ այցելել, օրինակ, Փարիզի մէջ, ծանօթանալ այլ երկիրներու զբօսաշրջային վայրերուն, շփուիլ այլ մարդոց հետ, ինքնաշարժ վարել, ամուսնանալ, մասնակցիլ երեկոյթներու, բաւարարել տարբեր այլ հետաքրքրութիւններ: Յաւելուածը 300 միլիոնի հասնող օգտատէրեր ունի աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ: Ընկերութենէն պատրաստակամութիւն կը յայտնեն համագործակցելու նաեւ Հայաստանի հետ, մասնաւորապէս, այնտեղ կրնան տեղ գտնել Հայաստանի զբօսաշրջային վայրերը եւ աշխարհի տարբեր երկիրներու օգտատէրեր կրնան վիրթուալ տիրոյթին մէջ տեսնել զանոնք ու, ինչու ոչ, ցանկութիւն յայտնեն այցելելու Հայաստան:
Քորէայի մշակոյթի եւ տեղեկատուութեան ծառայութեան կազմակերպած մետիա շրջապտոյտի շրջանակներուն մէջ ՙԱրմէնփրես՚-ը հանդիպած եւ զրուցած է Naver Z ընկերութեան առեւտրային յառաջխաղացման պատասխանատու Այրիս Սոնի հետ: Սոն ընդգծեց, որ իրենց ամենայայտնի ծրագիրը ZEPETO յաւելուածն է, որ մեծ թափով տարածում կը ստանայ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ` ներգրաւելով նորանոր եւ տարբեր հետաքրքրութիւններ ունեցող օգտատէրեր: Ընկերութիւնը ներդրումներ կը ստանայ ինչպէս Հարաւային Քորէայի կառավարութենէն, այնպէս ալ տարբեր սեփական կազմակերպութիւններէ:
ՙZEPETO-ն հարթակ է վիրթուալ իրականութեան մէջ, ուր մարդիկ կրնան հանդիպիլ միմեանց: Այնտեղ մարդիկ կրնան ստեղծել իրենց աւաթարները, ստեղծել իրենց համար յարմար միջավայր: Այդ, այսպէս ըսած, նոր աշխարհ է վիրթուալ իրականութեան մէջ: Հարթակի հիմնական օգտատէրերը 13-22 տարեկան անձեր են: Օգտատէրերուն մեծ մասը կանայք են: Սա անսովոր երեւոյթ է խաղերու եւ տեղեկատուական եւ հաղորդակցութեան արհեստագիտութիւններու ոլորտներուն համար: Օգտատէրերուն 90 տոկոսը այլ երկիրներէ են: Սա շատ զարմանալի է: Մենք իրենց կ՛անուանենք համաշխարհային օգտատէրեր: Անոնք սովորաբար Ասիոյ երկիրներէն են` Ինտոնեզիայէն, Թայլանդտէն, օգտատէրեր կան նաեւ Ֆրանսայից, Պրազիլէն եւ այլն՚, մանրամասնեց Այրիս Սոնը:
Ան յաւելեց, որ հարթակի քորէացի օգտատէրերը, ի տարբերութիւն արտերկրի օգտատէրերու, տարբեր տարիքային խումբերու օգտատէրեր են: Սոնը այդ կը բացատրէ այն հանգամանքով, որ Naver Z-ը, համաշխարհային մեծ ընկերութիւն է, ուստի քորէացիներուն մօտ վստահութիւն կայ ընկերութեան առաջարկած ծառայութիւններուն նկատմամբ:
Զրոյցի ընթացքին պարզեցինք, որ ZEPETO հարթակին վրայ Հայաստանէն եւս կան օգտատէրեր, սակայն անոնց քանակը շատ քիչ է: ZEPETO հարթակի ծառայութիւններէն օգտուելու համար հարկաւոր է ընդամէնը սմարթֆոն, համացանց եւ յաւելուածը: Յաւելուածի ներբեռնումն անվճար է:
Ընկերութիւնը կը համագործակցի նաեւ Քորէայի պետական կառոյցներուն հետ: Սոն տեղեկացուց, որ համագործակցած են Քորէայի Հանրապետութեան զբօսաշրջային գործակալութեան հետ. համագործակցութենէն առաջ հարցախոյզ կատարած է` հասկնալու համար, թէ Քորէայի մէջ որն է ամենաշատ ժողովրդականութիւն վայելող վայրը օտարերկրեայ զբօսաշրջիկներու համար: Եւ արդիւնքը եղաւ այն, որ ամենաժողովրդականութիւն վայելող վայրը երկրի մայրաքաղաք Սէուլ գետի մէջտեղով հոսող Հան գետի ափին գտնուող Եանկանկ այգին է: Հիմնուելով այդ արդիւնքին վրայ` ZEPETO-ն ստեղծած է այդ այգին այլընտրանքային իրականութեան մէջ: ՙԱյնպէս որ ես յոյս ունիմ, որ մենք կրնանք համագործակցիլ նաեւ Հայաստանի հետ: Դուք հաւանաբար ունիք գեղեցիկ վայրեր, եւ մենք կը փափաքինք, որ այդպիսի գեղեցիկ վայրերը ըլլան մեր հարթակին մէջ: Այդ պարագային մենք տունէն, բազմոցին նստած, կրնանք վայելել Հայաստանի գեղատեսիլ վայերուն գեղեցկութիւնը: Իրականութեան մէջ Քովիտի պատճառով շատերը միայնակ կը զգային, եւ համակարգին մէջ մարդկային շփումը անսահման հնարաւորութիւն ունի, անոր համար մարդիկ կրնան զգալ եւ ընել այն, ինչ հնարաւոր չէ ընել իրական կեանքին մէջ՚, նշեց Սոնը:
Naver Z ընկերութեան առեւտրային յառաջխաղացման պատասխանատուն յայտնեց, որ իրենց ընկերութիւնը կը համագործակցի այնպիսի ընկերութիւններու հետ, ինչպիսիք են Nike-ը, Gucci-ն, Samsung-ը: Անոր խօսքով` այդ ընկերութիւնները իրենց հետ կը համագործակցին` երկարաժամկէտ հեռանկարին մէջ իրենց մակնիշը յառաջ մղելու նպատակով: ՙԱնոնք կը փափաքին հասկնալ թէ ինչպէս Z սերունդի ներկայացուցիչները` ZEPETO հարթակի օգտատէրերը, իրենց կը դրսեւորեն այլընտրանքային իրականութեան մէջ, ինչ կը սիրեն անոնք, ինչ նախասիրութիւններ ունին, ինչով կը զբաղին ազատ ժամանակ: Անոր համար իրենք կը համագործակցին մեր ընկերութեան հետ՚, մանրամասնեց Այրիս Սոնը:
Ընկերութիւնը կը ծրագրէ ընդլայնել հարթակին հնարաւորութիւնները, ստեղծել նոր այլընտրանքային աշխարհներ վիրթուալ տիրոյթին մէջ: Սոն կ՛ընդգծէ, որ շուկային մէջ արդէն կան շատ նման հարթակներ, ամոր համար կը փափաքին բոլոր այդ հարթակները միաւորել, որպէսզի աւելի շատ մարդոց համար այլընտրանքային իրականութեան մէջ հանդիպելու հնարաւորութիւն ստեղծեն:
Եզրափակելով զրոյցը` Այրիս Սոն յայտնեց, որ վերջերս ZEPETO հարթակին վրայ նոր տարի դիմաւորած են եւ յաւելուածին մէջ հետհաշուարկ կատարած են աշխարհի տարբեր քաղաքներու մէջ: