Երէկ ժամը 19:00-ի շուրջ, Երեւանի մէջ լուր տարածուեցաւ, թէ օդակայանին, քաղաքապետարանին եւ հանրակառքերու կայարաններուն մէջ պաթուցիկ նիւթեր դրուած են: Յատուկ նշանակութեան փրկարարական ջոկատներ մեկնած են վերոյիշեալ վայրերը եւ մանրակրկիտ քննութենէ ետք ոչ մէկ բան գտած են: