Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՇԽԱՐՀԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

July 30, 2022
in Գիտական
0

ԱՇԽԱՐՀԱԳՐՈՒԹՒՆԸ ԱՆՓՈԽԱՐԻՆԵԼԻ՞ – ՂԴ. ՄԱՍ

ՓՈՔՐ ԱՍԻԱ

Թուրքիա« մանաւանդ 2002-ին իսլամական կուսակցութեան իշխանութեան գալէն ետք«  միշտ օգտագործած է Իսլամի եղբայրութեան լոզունգը: Թուրքիա, որպէս համաշխարհայնացումի մաս կազմող երկիր« սկսաւ ունենալ իր ուրոյն համաշխարհայնացումը« որու մէջ Իսլամին տրուեցաւ առաջնահերթութիւնը: Էրտողան իր իշխանութեան գալէն ետք սկսաւ Թուրքիան մօտեցնել իսլամական թեքում ունեցող երկիրներու: Անշուշտ արտաքին պատկերի կողքին« ուր Իսլամ եղբայրութիւնը առաջնահերթ էր« տնտեսական եւ աւելի խորունկ պատճառներ կային այս թեքումի ետին: Թուրքիա սկսաւ վարել մանաւանդ իսլամ դրացիները սիրաշահելու քաղաքականութիւն: Մօտեցաւ անոնց եւ յարաբերութիւնը հասցուց եղբայրութեան սահմանին: Մեծ տնտեսական օգուտ քաղեց Սուրիայէն« որ իր առջեւ բացաւ ամբողջ արաբական աշխարհի երկիրները:

Սակայն« երբ եկաւ Արեւմուտքի հրամանըª այս յարաբերութիւնը շահագործելու եւ իր թշնամիները հարուածելու« պահը եկած էր դիմակը վար առնելու: Սուրիա եւ Իրաք մտցուցին հարիւր հազարաւոր ծայրայեղական իսլամ զինեալներ ՙԱրաբական գարուն՚ եւ ՙմարդկային իրաւունք՚ լոզունգներուն տակ: Փորձեցին այս երկու երկիրները« Եգիպտոսը« Թունուզը եւ Լիպիան առնել իրենց մականին տակ« Թուրքիան կարգելով շրջանի ոստիկանապետ եւ Արեւմուտքի հրամաններ գործադրող կամակատար: Այս էր Թուրքիոյ իսկական դէմքը« որ շատեր մոռցած էին: Թուրքը փաստեց« որ ինք նախ թուրք է, ապա իսլամ:

 

(Շարունակելի)

Աղբիւր ՙՏը Ռիվէնճ Աֆ Ճիոկրաֆի՚« Ռոպըրթ Քափլան

Share61Tweet38
Previous Post

ԿԵՆՍԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ

Next Post

ԲԱՐՈՅԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ

Next Post
ԲԱՐՈՅԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ

ԲԱՐՈՅԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.