Ամերիկեան ՙScripps Research Institute՚ հետազօտական կեդրոնը հրապարակած է հետազօտութեան մը արդիւնքը« ըստ որուª ճշդուած են Երկիր մոլորակին վրայ կեանքի սկիզբ հանդիսացող նիւթերը: Տեղի ունեցած են կարգ մը քիմիական գործողութիւններ« որոնք օգտագործած են սիանիտ« ամոնիա եւ բնածխական կազª արտադրելու համար ամինօ թթուներ (amino acids) եւ հիւլէական թթուներ (nucleic acids)« որոնք կը կազմեն հիմերը ծինային համակարգին եւ բնասպիտներու:
Այս քիմիական գործողութիւնները օգտակար օրինակ մը տուած են գիտնականներուն« թէ ինչպէս դրուած են Երկիր մոլորակին վրայ կեանքի առաջին հիմերը: Ո՞ր նիւթերն են որոնք իրարու միանալով կազմած են կեանքի սկզբը մեր մոլորակին վրայ:
ՙՍայընս Տէյլի՚