Ararad Daily
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily
No Result
View All Result

ՀՆԴԻԿ ՄԵԾ ՓԻԼԻՍՈՓԱՅ

July 30, 2022
in Գիտական
0
ՀՆԴԻԿ ՄԵԾ ՓԻԼԻՍՈՓԱՅ

ԲԱՆԱՍՏԵՂԾ« ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒՄԻ ՀԱՅՐª

ՌԱՊԻՆՏՐԱՆԱԹ ԹԱԿՈՐ (1861-1941)

Գ. ՄԱՍ

 

Հնդիկ մեծ փիլիսոփայ« բանաստեղծ« գրող« թատերագիր« ընկերային բարեկարգումի ռահվիրայ« երաժիշտ« փիլիսոփայ եւ արուեստի գործիչ: Ան կատարեց մեծ գործ« երբ պենկալի արուեստը եւ գրականութիւնը վերաձեւեց ըստ 20-րդ դարու նորարարութեան: Սակայն այս բոլոր գործերուն մէջէն ան ամենաշատ փայլեցաւ իր բանաստեղծական հանճարով: Իր գրած ՙԿիթանճալի՚ բանաստեղծութիւնը ուրոյն տեղ վերապահեց իրեն համաշխարհային գրականութեան մէջ եւ ան դարձաւ առաջին ոչ-եւրոպացի գրողը« որ կը ստանայ գրականութեան Նոպէլեան մրցանակ« 1913 թուականին: Անոր շնորհուած ՙՊենկալի աշուղ՚ տիտղոսը տրուած էր ճիշդ անձին:

Թակոր ընտանիքը կը յատկանշուէր իր անդամներու տաղանդով: Ռապինտրանաթի եղբայրները երաժիշտ էին« թատրերգակ« պետական բարձր մակարդակի պաշտօնեայ: Քոյրը գրող էր: Մեծ եղբօր տիկինը Քատամպարի Տեվի մեծ ազդեցութիւն ունէր փիլիսոփային վրայ: Այս կինը անձնասպան եղաւ« երբ Ռապինտրանաթ ամուսնացաւ: Այդ դէպքը խորունկ ազդեցութիւն ունեցաւ փիլիսոփային վրայ« որ տեւեց երկար տարիներ:

Ռապինտրանաթ Թակորի երկերը կ’ընդգրկեն բանաստեղծութիւն« նորավէպ« թատրերգութիւն« պատմուածք« երգեր եւ արուեստի գործեր: Ան գրեց իր առաջին թատրերգութիւնը երբ 16 տարեկան էր: Երկը կոչուեցաւ ՙValmiki Pratibha՚: Թակոր կը հաստատէր« որ իր երկը աւելի զգացական է քան թէ շարժական: Այսինքն թատրոնը Թակորի համար զգացում արտայայտելու եւ ներկայացնելու առիթ էր: Շարժումը միայն կ’ամբողջացնէր զգացումի ներկայացուելու ձեւը: 1890 թուականի գրուած ՙVisarjan՚ը կը համարուի Թակորի ամենալաւ թատրերգութիւնը: Թակորի թատրերգութիւնը կը պեղէր փիլիսոփայական նիւթեր եւ կ’օգտագործէր այլաբանութիւն ներկայացնելու համար իր նիւթը: Այսինքն« կ’ընտրէր կեանքէն առնուած նիւթ մը եւ զայն կը ներկայացնէր հերոսի մը միջոցով« որ այդ նիւթը կը զարգացնէր ըստ Թակորի փիլիսոփայական գաղափարներուն:

Թակորը աւելի լաւ հասկնալու համար« շարունակենք սերտել իր ՙԿիթանճալի՚ բանաստեղծութենէն տուներ:

ՙԵրբ դուն ինծի կը պատուիրես երգել« կը թուի« թէ սիրտս պիտի կոտրի հպարտութենէն. եւ ես կը նայիմ քու երեսին« եւ արցունքները կը հոսին իմ աչքերէս:

Այն ամէնը« որ դաժան եւ անհամաձայն է իմ կեանքիս մէջ« կը հալի մէկ քաղցր ներդաշնակութեան մէջ« եւ իմ պաշտածս ուրախ թռչունի նման թեւերը կը բանայ« երբ կը թռչի ծովուն վրայէն:

Ես գիտեմ« որ դուն հաճոյք կը ստանաս իմ երգելէն: Ես գիտեմ« որ միայն որպէս երգիչ կու գամ քու ներկայութեանդ առջեւ£

Ես կը դպչիմ իմ երգի լայն տարածուած թեւի եզրին քու ոտքերուդ« որոնց ես երբեք չէի ձգտեր  հասնիլ:

Երգելու բերկրանքէն հարբած կը մոռնամ ինքզինքս եւ քեզ ընկեր կ’անուանեմ« որ իմ Տէրն ես:

Share61Tweet38
Previous Post

ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԳԻՏԵԼԻՔ

Next Post

ԿԵՆՍԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ

Next Post
ԿԵՆՍԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ

ԿԵՆՍԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Trending
  • Comments
  • Latest
ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

August 25, 2022

ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ՄՈՒՏՔ ԿԸ ԳՈՐԾԵՆ Ս.Դ.ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՔԵՐԸ

September 14, 2022
ՙԱՐԱՐԱՏ՚-Ի 85-ԱՄԵԱԿԻ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄՆԵՐ

ՙԱՐԱՐԱՏ՚-Ի 85-ԱՄԵԱԿԻ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄՆԵՐ

August 12, 2022

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ԿԱՅԱՑԱՒ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԸ

July 8, 2022

ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

0

ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄԻ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

0

1704 ԶԻՆՈՒՈՐԻ ԱՃԻՒՆ

0

ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄ

0
Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Մէջ.

Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Մէջ.

January 26, 2023
ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՆԱՀԱՏԱԿ ՍԱՐԳԻՍ ՏԽՐՈՒՆԻԻ ՄԱՀՈՒԱՆ 94-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՆԱՀԱՏԱԿ ՍԱՐԳԻՍ ՏԽՐՈՒՆԻԻ ՄԱՀՈՒԱՆ 94-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

January 26, 2023
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ

January 5, 2023
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՈՒՂԵՐՁԸ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՈՒՂԵՐՁԸ

January 5, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily, Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily, Member of the Social Democrat Hunchak Party.