Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՈՒՍՄԱՆ ՎԱՐՁԱՎՃԱՐԻ ՊԱՏՃԱՌՈՎ ՈԵՒԷ ՈՒՍԱՆՈՂ ՊԷՏՔ ՉԷ ԶՐԿՈՒԻ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ԿՐԹՈՒԹԻՒՆ ՍՏԱՆԱԼՈՒ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԵՆԷՆ

July 30, 2022
in Գլխաւոր Լուրեր, Հայաստան
0
ՈՒՍՄԱՆ ՎԱՐՁԱՎՃԱՐԻ ՊԱՏՃԱՌՈՎ ՈԵՒԷ ՈՒՍԱՆՈՂ ՊԷՏՔ ՉԷ ԶՐԿՈՒԻ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ԿՐԹՈՒԹԻՒՆ ՍՏԱՆԱԼՈՒ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԵՆԷՆ

Հայաստանի կառավարութեան համար խիստ կարեւոր է, որ ուսման վարձավճարի պատճառով բարձր յառաջդիմութիւն եւ պատշաճ վարքագիծ դրսեւորող ոեւէ ուսանող չզրկուի մասնագիտական եւ բարձրագոյն կրթութիւն ստանալու հնարաւորութենէն: Այս մասին Ֆէյսպուքի իր էջով գրառում կատարած է ՀՀ փոխվարչապետ Համբարձում Մաթեւոսեանը` նշելով, որ սա անկիւնաքարային մօտեցումներէն է կառավարութեան նիստին հաւանութեան արժանացած Կրթութեան մինչեւ 2030 զարգացման պետական ծրագրի, որ դեռ պէտք է քննարկուի ու ընդունուի Ազգային Ժողովին կողմէ:

ՙՄիւս կողմէ, տարածքային համաչափ զարգացման հետամուտ ըլլալով, մենք նպատակ ունինք, որ կրթական ծառայութիւնները մատչելի ըլլան Հայաստանի իւրաքանչիւր քաղաքացիի համար իր իսկ բնակութեան վայրին մէջ:

Ռազմավարութեան մէջ յստակօրէն ամրագրուած է`

– Բոլոր ուսումնական հաստատութիւնները պէտք է ունենան ապահով եւ յարմարաւէտ շէնքային պայմաններ, պատշաճ կահաւորանք եւ ժամանակակից սարքաւորումներ,

– Մանկավարժի, դասախօսի աշխատանքը պէտք է պատշաճ վարձատրուի, որպէսզի բոլոր հաստատութիւններուն մէջ աշխատին որակեալ մասնագէտներ,

– Կրթական ծրագրերը պէտք է համապատասխանեն հասարակութեան եւ տնտեսութեան օրէ օր զարգացող պահանջներուն, ինչպէս նաեւ կրթութեան առաջադրուող միջազգային չափանիշերուն:

– Ի վերջոյ, մենք պէտք է ունենանք միջազգային միտումներուն համահունչ զարգացող կրթական համակարգ, որ պիտի ծառայէ ինչպէս մեր քաղաքացիներուն, այնպէս ալ գրաւիչ պիտի ըլլայ արտերկրի երիտասարդներու եւ սփիւռքի մեր հայրենակիցներուն համար, պիտո նպաստէ մտաւորական հայրենադարձութեան՚, նշած է Մաթեւոսեան:

Ան կարեւորած է նաեւ, որ կրթութեան փոխակերպման միջազգային միտումներու ծիրին մէջ ծրագիրը խնդիր կը դնէ, որ 2030 թուականին Հայաստանը ունենայ միջազգայնօրէն մրցունակ կրթական համակարգ:

Share61Tweet38
Previous Post

ԾԵՐԱԿՈՅՏԻ ՅԱՏԿԱՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՕՐԻՆԱԳԾՈՎ Կ՛ԱՌԱՋԱՐԿՈՒԻ 2 ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐ ՅԱՏԿԱՑՆԵԼ ԱՐՑԱԽԻՆ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ԱՋԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱԿԱՆԱԶԵՐԾՄԱՆ ՀԱՄԱՐ

Next Post

ՆԵՐՈՒԺ 3.0

Next Post

ՆԵՐՈՒԺ 3.0

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.