Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՌՈՒՍԻՈՅ ՄԷՋ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԱՏԱՆ ՙՄԱՅՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ՚ ԹԱՆԳԱՐԱՆԻՆ ՓՈԽԱՆՑՈՒԱԾ ԵՆ ԾՈՎԱԿԱԼ ԻՍԱԿՈՎԻ ԱՆՁՆԱԿԱՆ ԻՐԵՐ

July 29, 2022
in Հայաստան
0
ՌՈՒՍԻՈՅ ՄԷՋ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԱՏԱՆ ՙՄԱՅՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ՚ ԹԱՆԳԱՐԱՆԻՆ ՓՈԽԱՆՑՈՒԱԾ ԵՆ ԾՈՎԱԿԱԼ ԻՍԱԿՈՎԻ ԱՆՁՆԱԿԱՆ ԻՐԵՐ

Ռուսիոյ մէջ ՀՀ դեսպանատան շքադահլիճին մէջ կայացած է Տմիթրի Խմելիովի անձնական հաւաքածուէն Խորհրդային նաւատորմի առասպելական ծովակալ, Խորհրդային միութեան հերոս Իւան Իսակովի (Յովհաննէս Տէր Իսահակեան) անձնական իրերու` ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան ՙՄայր Հայաստան՚ թանգարանին փոխանցման հանդիսաւոր արարողութիւնը:

Միջոցառման ներկայ եղած են ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան, Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործերու նախարարութեան, Մոսկուայի Յաղթանակի եւ Ռուսիոյ Զինուած ուժերու Կեդոնական թանգարաններու, Սամարայի կայազօրի Կ.Է. Վորոշիլովի անուան Սպայի տան ներկայացուցիչներ, դիւանագէտներ, դեսպանատան աշխատակիցներ:

Ողջոյնի խօսքով Ռուսիիյ մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վաղարշակ Յարութիւնեան երախտագիտութիւն յայտնած է Տմիթրի Խմելիովին` շեշտելով Հայաստանի ու Ռուսիոյ ժողովուրդներու ականաւոր դէմքերու եւ հերոսներու յիշատակի պահպանութեան կարեւորութիւնը: Դիւանագիտական ներկայացուցչութեան ղեկավարը անդրադարձած է ծովակալ Իսակովի` ինչպէս Հայրենական մեծ պատերազմի տարիներու, այնպէս ալ յետպատերազմեան շրջանի գործունէութեան:

Միջոցառմանը ելոյթ ունեցած են նաեւ ՀՀ դեսպանատան ռազմական կցորդ, զօրավար Արմէն Լալայեանը, Տմիթրի Խմելիովը, խորհրդային եւ ռուս ռազմական գործիչ, Ռուսիոյ գիտութիւններու ակադեմիայի ակադեմիկոս, փոխծովակալ Աշոտ Սարգիսովը եւ Ռուսյիո Պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ, առաջին կարգի քափիթան Վալերի Լափինը:

Փոխանցուած իրերու շարքին են լուսանկարներ, Խորհրդային միութեան եռակի հերոս Սեմիոն Պուտեոննիի, Խորհրդային միութեան կրկնակի հերոս Յովհաննէս Բաղրամեանի եւ ուրիշներու շնորհաւորական հեռագրերը: Վերջին շրջանին այդ իրերը կը պահուէին Սամարայի կայազօրի թանգարանին մէջ:

Share61Tweet38
Previous Post

ԿԳՄՄ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՏԱԿԻՑՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԱԾ ԵՆ ԼՈՌԻԻ ՄԱՐԶԻ ՇԱՐՔ ՄԸ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆՆԵՐ

Next Post

500-Է ԱՒԵԼԻ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐՈՒ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ՊԻՏԻ ՏՐՈՒԻ ՕԳՏՈՒԵԼՈՒ ԲՆԱԿԱՐԱՆ ՁԵՌՔ ԲԵՐԵԼՈՒ ՄԱՏՉԵԼԻ ՎԱՐԿԱՒՈՐՄԱՆ ԾՐԱԳՐԷՆ

Next Post
500-Է ԱՒԵԼԻ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐՈՒ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ՊԻՏԻ ՏՐՈՒԻ ՕԳՏՈՒԵԼՈՒ ԲՆԱԿԱՐԱՆ ՁԵՌՔ ԲԵՐԵԼՈՒ ՄԱՏՉԵԼԻ ՎԱՐԿԱՒՈՐՄԱՆ ԾՐԱԳՐԷՆ

500-Է ԱՒԵԼԻ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐՈՒ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ՊԻՏԻ ՏՐՈՒԻ ՕԳՏՈՒԵԼՈՒ ԲՆԱԿԱՐԱՆ ՁԵՌՔ ԲԵՐԵԼՈՒ ՄԱՏՉԵԼԻ ՎԱՐԿԱՒՈՐՄԱՆ ԾՐԱԳՐԷՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.