Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

500-Է ԱՒԵԼԻ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐՈՒ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ՊԻՏԻ ՏՐՈՒԻ ՕԳՏՈՒԵԼՈՒ ԲՆԱԿԱՐԱՆ ՁԵՌՔ ԲԵՐԵԼՈՒ ՄԱՏՉԵԼԻ ՎԱՐԿԱՒՈՐՄԱՆ ԾՐԱԳՐԷՆ

July 29, 2022
in Հայաստան
0
500-Է ԱՒԵԼԻ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐՈՒ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ՊԻՏԻ ՏՐՈՒԻ ՕԳՏՈՒԵԼՈՒ ԲՆԱԿԱՐԱՆ ՁԵՌՔ ԲԵՐԵԼՈՒ ՄԱՏՉԵԼԻ ՎԱՐԿԱՒՈՐՄԱՆ ԾՐԱԳՐԷՆ

ՀՀ կառավարութեան նիստին հաւանութեան արժանացաւ ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ ներկայացուած որոշման նախագիծը, ըստ որուն, հնարաւորութիւն կը տրուի 500-է աւելի զինուորի օգտուելու բնակարան ձեռք բերելու մատչելի վարկաւորման ծրագրէն: Կառավարութեան նիստին ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ Արման Սարգսեան նշեց, որ նախագիծի հաստատմամբ, կը ստացլուի, որ բնակարանային այս ծրագրին համար 2022 թուականի բոլոր հաշուառուածներուն պիտի յատկացուի վարկաւորման համար անհրաժեշտ տեղեկանք:

ՙՊաշտպանութեան նախարարութեան համակարգի սպայական եւ աւագ ենթասպայական կազմի պայմանագրային զինուորներուն կողմէ բնակարան կամ բնակելի տուն ձեռք բերելու կամ բնակելի տուն կառուցելու նպատակով մատչելի եւ արտօնեալ պայմաններով երկարաժամկէտ հիփոթեքային վարկաւորման ծրագրէն օգտուելու հնարաւորութիւն կ՛ընձեռուի 2022 թուականին դիմում ներկայացուցած բոլոր զինուորներուն: Որոշման նախագիծի ընդունման պարագային եւս 526 զինուորի պիտի յատկացուի վարկաւորման համար անհրաժեշտ տեղեկանք: Ծրագրէն առաջնահերթ օգտուելու հնարաւորութիւն կը տրուի նաեւ մինչեւ 2022 թուականի Յուլիս 1 ռազմաուսումնական հաստատութիւն ընդունուած եւ հաստատութիւնը աւարտելէ յետոյ յետուսումնական պայմանագրային զինուորական ծառայութիւն անցնող սպայական կազմի զինուորներու` աւարտելէ յետոյ 5 տարուան ընթացքին դիմելու պարագային՚, ըսաւ Արման Սարգսեան:

ՀՀ փոխվարչապետ Համբարձում Մաթեւոսեան, մանրամասնելով ծրագիրը, նշեց, որ կը նախատեսուի պետութեան կողմէ աջակցութիւն` մայր գումարի` 10 տոկոսի, եւ սահմանուած տոկոսադրոյքի` 3 տոկոսի չափով:

ՙ2022 թուականին այս ծրագրէն օգտուելու դիմումներով հաշուառուած է 1018 զինուոր: Անոնցմէ առաջնահերթութեան կարգով եւ վիճակահանութեամբ վարկաւորման տեղեկանք տրուած է 492 զինուորի: Այս որոշման նախագիծի ընդունման պարագային մնացեալ 526 զինուորի եւս պիտի յատկացուի վարկաւորման համար անհրաժեշտ տեղեկանք: Բոլոր հաշուառուած զինուորները հնարաւորութիւն պիտի ունենան օգտուելու այս կարեւոր, ընկերային երաշխիքները բարելաւող ծրագրէն՚, ըսաւ Համբարձում Մաթեւոսեան:

Share61Tweet38
Previous Post

ՌՈՒՍԻՈՅ ՄԷՋ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԱՏԱՆ ՙՄԱՅՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ՚ ԹԱՆԳԱՐԱՆԻՆ ՓՈԽԱՆՑՈՒԱԾ ԵՆ ԾՈՎԱԿԱԼ ԻՍԱԿՈՎԻ ԱՆՁՆԱԿԱՆ ԻՐԵՐ

Next Post

ԳՈՐԾԱԴՈՒԼԸ ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ

Next Post
ԳՈՐԾԱԴՈՒԼԸ ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ

ԳՈՐԾԱԴՈՒԼԸ ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.