Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԿԳՄՄ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՏԱԿԻՑՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԱԾ ԵՆ ԼՈՌԻԻ ՄԱՐԶԻ ՇԱՐՔ ՄԸ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆՆԵՐ

July 29, 2022
in Գլխաւոր Լուրեր, Հայաստան
0
ԿԳՄՄ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՏԱԿԻՑՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԱԾ ԵՆ ԼՈՌԻԻ ՄԱՐԶԻ ՇԱՐՔ ՄԸ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆՆԵՐ

ՀՀ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան Պատմութեան եւ մշակոյթի յուշարձաններու պահպանութեան վարչութեան աշխատակիցները հերթական աշխատանքային այցը կատարած են Լոռիի մարզի շարք մը յուշարձաններ` ծանօթանալու Հաղպատ վանական համալիրի խնդիրներուն, ինչպէս նաեւ 2022 թուականի պետական պիւտճէով նախատեսուած յուշարձաններու վերականգնման աշխատանքներուն ընթացքը վերահսկելու եւ յառաջացած խնդիրները ուսումնասիրելու նպատակով:

Լոռիի մարզի Հաղպատ վանական համալիրը տեղակայուած է Հաղպատ գիւղի հարաւարեւելեան բարձրադիր մասին մէջ: Սանահինի վանքային համալիրին հետ միասին այն արձանագրուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան յուշարձաններու ցանկին մէջ: Աշխատանքային խումբը ծանօթացած է է 10-13-րդ դարերու Հաղպատ վանական համալիրի առկայ խնդիրներուն:

Մասնաւորապէս` հրատապ լուծում կը պահանջէ համալիրի արեւմտեան պարսպապատի աշտարակներու վերականգումը, որոնցմէ հիւսիսայինը կը գտնուի արկածավտանգ վիճակի մէջ, առկայ են 5-8 սմ ճաքեր ամբողջ բարձրութեամբ, ինչ որ հետեւանք է վերջերս տեղի ունեցած երկրաշարժի: Քննարկման հետեւանքով որոշուած է միջոցներու ձեռնարկել վերականգնման աշխատանքներու իրականացման համար (Հաղպատ վանական համալիրի պարսպապատի աշտարակի ամրակայման եւ մասնակի վերականգնման աշխատանքներու նախագիծ):

Ալաւերտի համայնքի Սանահին վանական համալիրի Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ մէջ աշխատանքային խումբը ծանօթացած է վերականգնման աշխատանքներու ընթացքին եւ քննարկած է արեւմտեան խաչթեւի ծածկասալերու հեռացման հետեւանքով ի յայտ եկած խնդիրները, մասնաւորապէս` ծառարմատներու ազդեցութեամբ պայմանաւորուած հարթ երեսապատի խոշորածաւալ քարերու շարուածքէն դուրս մղման դէպքերը, ինչ որ կը պահանջէ յաւելեալ լուծումներ:

2022 թուականին կ՛ընթանան նաեւ ՀՀ Լոռիի մարզի Լոռի բերդ ամրոցի պարիսպի հիւսիսարեւելեան հատուածի ամրակայման եւ մասնակի վերականգնման աշխատանքները:  Աշխատանքային խումբը ծանօթացած է այս տարի պատուիրուած պարսպապատի եւ աշտարակներու վերականգնման աշխատանքներու ընթացքին, քննարկած է քաղաքատեղիի բաղնիքներու պեղման շնորհիւ բացուած բացառիկ hիփոքաուսթ համակարգի (հռոմէական ջեռուցման համակարգ) ցուցադրման աւելի մատչելի հնարաւորութիւնները, պեղուած հատուածներու վերականգնման եւ ամրակայման հնարաւորութիւնները:

Այցին ներկայ էին նաեւ վերականգնման աշխատանքներ, ինչպէս նաեւ տեխնիկական եւ հեղինակային հսկողութիւն իրականացնող կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները:

Share61Tweet38
Previous Post

ՀԱՍԱՆԵԼԻ ՈՒ ՈՐԱԿԵԱԼ ԿՐԹՈՒԹԻՒՆ, ՊԱՏՇԱՃ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐ.

Next Post

ՌՈՒՍԻՈՅ ՄԷՋ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԱՏԱՆ ՙՄԱՅՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ՚ ԹԱՆԳԱՐԱՆԻՆ ՓՈԽԱՆՑՈՒԱԾ ԵՆ ԾՈՎԱԿԱԼ ԻՍԱԿՈՎԻ ԱՆՁՆԱԿԱՆ ԻՐԵՐ

Next Post
ՌՈՒՍԻՈՅ ՄԷՋ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԱՏԱՆ ՙՄԱՅՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ՚ ԹԱՆԳԱՐԱՆԻՆ ՓՈԽԱՆՑՈՒԱԾ ԵՆ ԾՈՎԱԿԱԼ ԻՍԱԿՈՎԻ ԱՆՁՆԱԿԱՆ ԻՐԵՐ

ՌՈՒՍԻՈՅ ՄԷՋ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԱՏԱՆ ՙՄԱՅՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ՚ ԹԱՆԳԱՐԱՆԻՆ ՓՈԽԱՆՑՈՒԱԾ ԵՆ ԾՈՎԱԿԱԼ ԻՍԱԿՈՎԻ ԱՆՁՆԱԿԱՆ ԻՐԵՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Trending
  • Comments
  • Latest
ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

August 25, 2022
ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ`  ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ` ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

March 11, 2023

ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ՄՈՒՏՔ ԿԸ ԳՈՐԾԵՆ Ս.Դ.ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՔԵՐԸ

September 14, 2022
ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՙԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ՚ ՎԷՊԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՙԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ՚ ՎԷՊԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

April 19, 2023

ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

0

ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄԻ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

0

1704 ԶԻՆՈՒՈՐԻ ԱՃԻՒՆ

0

ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄ

0
ԱՐԱՐԱՏ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ

ԱՐԱՐԱՏ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ

June 4, 2023
BRICS-Ի ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐԸ ՆՇԱԾ ԵՆ ՄԻԱԿՈՂՄԱՆԻ ՊԱՏԺԱՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒ ԲԱՑԱՍԱԿԱՆ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ

BRICS-Ի ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐԸ ՆՇԱԾ ԵՆ ՄԻԱԿՈՂՄԱՆԻ ՊԱՏԺԱՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒ ԲԱՑԱՍԱԿԱՆ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ

June 4, 2023
ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՐԺԱՆԹԻՆ-ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ԽՈՒՄԲԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ

ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՐԺԱՆԹԻՆ-ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ԽՈՒՄԲԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ

June 4, 2023
ԶԵԼԵՆՍՔԻ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԱԾ Է

ԶԵԼԵՆՍՔԻ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԱԾ Է

June 4, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.