Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՍԱՆԵԼԻ ՈՒ ՈՐԱԿԵԱԼ ԿՐԹՈՒԹԻՒՆ, ՊԱՏՇԱՃ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐ.

ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՍՏԱՏԵՑ ՄԻՆՉԵՒ 2030 ԹՈՒԱԿԱՆԻ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ԾՐԱԳԻՐԸ

July 29, 2022
in Գլխաւոր Լուրեր, Հայաստան
0
ՀԱՍԱՆԵԼԻ ՈՒ ՈՐԱԿԵԱԼ ԿՐԹՈՒԹԻՒՆ, ՊԱՏՇԱՃ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐ.

ՀՀ կառավարութիւնը հաւանութեան արժանացուց ՙԿրթութեան` մինչեւ 2030 թուականը զարգացման պետական ծրագիրը հաստատելու մասին՚ ՀՀ օրէնքի նախագիծը: ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալ Արթուր Մարտիրոսեան նշեց, որ կրթութեան ոլորտի զարգացման վերջին պետական ծրագիրը ընդունուած է 2011 թուականին, եւ ժամանակի հրամայական է երկարաժամկէտ ծրագրաւորման փաստաթուղթին մէջ կառավարութեան կողմէ գերակայ ճանչցուած մարդկային դրամագլուխի զարգացման հայեցակարգային դրոյթներու ամրագրումը:

ՙԱյն կ՛անդրադառնայ պաշտօնական կրթութեան բոլոր մակարդակներուն, շարունակական կրթութեան, մեկնելով այն դրոյթէն, որ Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսական եւ հանրային կեանքի առաջանցիկ զարգացումը կրնայ ապահովուիլ մարդկային դրամագլուխի զարգացման գործին մէջ շօշափելի ներդրումներ կատարելու միջոցով: Այս տեսանկիւնէն կրթութեան ուղղուած ֆինանսական միջոցները ոչ թէ ծախս են, այլª անհրաժեշտ ներդրում պետութեան եւ հասարակութեան զարգացման համար: Պէտք է ըսեմ, որ ծրագրի կեդրոնին մարդն է, անոր հնարաւորութիւններու բացայայտումը՚, ըսաւ Արթուր Մարտիրոսեան:

Ծրագրի վերջնական նպատակը մրցունակ կրթական համակարգ ձեւաւորելն է: Սահմանուած են ռազմավարական 3 հետեւեալ ուղղութիւնները. համընդհանուր ներառական աշակերտակեդրոն կրթական միջավայրի ձեւաւորումը Հայաստանի ամբողջ տարածքին, կրթութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացումը եւ կրթական ծառայութիւններու միջազգայնացումն ու արտահանումը:

ՙՔանի մը կարեւոր դրոյթներ առանձնացնեմ. ապահովել ուսումնական հաստատութիւններու համընդհանուր ծածկոյթ, դպրոց ընդունուող երեխաները առնուազն մէկ տարի ընդգրկուած պիտի ըլլան նախադպրոցական ծրագրերու մէջ, մսուրի ծառայութիւններ պիտի գործեն բոլոր խոշորացուած համայնքներուն մէջ: Բոլոր ուսումնական հաստատութիւնները պիտի ունենան պատշաճ կահաւորմամբ, անհրաժեշտ սարքաւորումներով յագեցած շէնքեր, տարրալուծարաններ, աշխատանքային տարածքներ: Մանկավարժները պիտի ըլլան աթեսթաւորուած: Ոչ մէկ երեխայ դուրս պիտի չմնայ պարտադիր կրթութեան համակարգէն՚, ընդգծեց Արթուր Մարտիրոսեան:

ՀՀ փոխվարչապետ Համբարձում Մաթեւոսեան տեղեկացուց, որ նախագիծը բաւական ծաւալուն է, այն յառաջիկային պիտի ներկայացուի Ազգային ժողովին եւ դեռ հնարաւորութիւններ պիտի ըլլան մանրամասն ներկայացնելու:

ՙՔանի մը չափանիշեր սահմանած ենք: Առաջինը այն, որ պէտք է իրականացնենք մեր նախընտրական խոստումները` 2021-2026 թուականի ծրագիրը: Մեզի համար շատ կարեւոր է, որ բարձր յառաջդիմութիւն ցոյց տուող ոեւէ ուսանող ուսման վարձավճարի պատճառով չզրկուի մասնագիտական կրթութիւն ստանալու հնարաւորութենէն: Ընդհանրապէս, կրթական ծառայութիւնները պէտք է մատչելի ըլլան ՀՀ իւրաքանչիւր քաղաքացիի համար իր իսկ բնակութեան վայրին մէջ՚, ըսաւ Համբարձում Մաթեւոսեանը: Այս ծիրին մէջ ան յիշեցուց, որ կառավարութիւնը կ՛իրականացնէ ծրագիր, որւ շրջանակին մէջ քանի մը հարիւր դպրոց ու մանկապարտէզ կը կառուցուի, կը հիմնանորոգուի:

Share61Tweet38
Previous Post

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ՍՏԵՂԾՈՒԻ ԱԿԱԴԵՄԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔ

Next Post

ԿԳՄՄ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՏԱԿԻՑՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԱԾ ԵՆ ԼՈՌԻԻ ՄԱՐԶԻ ՇԱՐՔ ՄԸ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆՆԵՐ

Next Post
ԿԳՄՄ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՏԱԿԻՑՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԱԾ ԵՆ ԼՈՌԻԻ ՄԱՐԶԻ ՇԱՐՔ ՄԸ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆՆԵՐ

ԿԳՄՄ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՏԱԿԻՑՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԱԾ ԵՆ ԼՈՌԻԻ ՄԱՐԶԻ ՇԱՐՔ ՄԸ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆՆԵՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.