Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՊԻՏԻ ՍՏԵՂԾՈՒԻ 100 ՏՈԿՈՍ ՊԵՏԱԿԱՆ ՖԻՆԱՆՍԱՒՈՐՄԱՄԲ 5-8 ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆ

ՈԼՈՐՏԻՆ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ԻՐԱԿԱՆԱՑՈՒԻՆ ԾԱՒԱԼՈՒՆ ԲԱՐԵՓՈԽՈՒՄՆԵՐ

July 29, 2022
in Հայաստան
0
ՊԻՏԻ ՍՏԵՂԾՈՒԻ 100 ՏՈԿՈՍ ՊԵՏԱԿԱՆ ՖԻՆԱՆՍԱՒՈՐՄԱՄԲ 5-8 ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆ

ՙԿրթութեան մինչեւ 2030 թուականը զարգացման պետական ծրագիրը հաստատելու մասին՚ ՀՀ օրէնքի նախագիծով կը նախատեսուի բոլոր բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն համար սահմանել միջազգայնօրէն ընդունելի միասնական, արտօնագրման եւ հաւաստագրման չափանիշեր` ըստ ենթակառուցուածքներու, ընդհանուր տարածքի, կառավարման եւ այլ չափանիշերու: ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալ Արթուր Մարտիրոսեան նախագիծը ներկայացնելով նշեց, որ պիտի ներդրուին որակի ապահովման միասնական գործիքներ:

ՙԿը նախատեսուի բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու համար ստեղծել հաւասար մրցակցային դաշտ, մասնաւորապէս, մշակել բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու միասնական կազմակերպաիրաւական ձեւ, նոյնականացնել կառավարման համակարգը: Յատուկ ուշադրութիւն դարձուած է կրթական ծրագրերուն` հիմք ընդունելով աշխատանքային շուկայի պահանջները: Կը նախատեսուի ներդնել աշխատանքային շուկայի պահանջներուն համապատասխան նոր կրթական ծրագրեր, պիտի վերանայուի մասնագիտութիւններու ցանկը՚, ըսաւ Արթուր Մարտիրոսեան` աւելցնելով, որ պիտի ներդրուին պետական պատուէրի ձեւաւորման միջնաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ ծրագրաւորման հաստատութենական մեխանիզմներ:

Կ՛ակնկալուի, որ մասնագիտական եւ բարձրագոյն կրթութեան համակարգի իւրաքանչիւր շրջանաւարտ ունենայ միջազգայնօրէն ճանաչելի եւ աշխատանքային շուկայի կարիքներուն համապատասխան մասնագիտական որակաւորում, որ հնարաւորութիւն պիտի տայ կարճ ժամկէտի մէջ ձեռք բերելու արժանապատիւ աշխատանք կամ սկսիլ սեփական գործը:

ՙԱրմատական բարեփոխումներու գործընթացին մէջ պէտք է առանձնացնել պետական բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու մեծացումը գիտահետազօտական հիմնարկներու հետ, որ կը կատարուի հետազօտութիւններու որակի եւ մրցունակութեան բարձրացման նպատակով: Պիտի ստեղծուի 100 տոկոս պետական ֆինանսաւորմամբ 5-8 բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւն` չբացառելով վճարովի ուսուցման հնարաւորութիւնը: Հայաստանեան յստակ թիւով բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն, պետական թիրախային աջակցութեան միջոցով, հնարաւորութիւն պիտի ընձեռուի միջազգային մրցակցութեան պայմաններու մէջ էականօրէն բարելաւելու մեր դիրքերը: Հետեւաբար 2030 թուականին հայաստանեան չորս բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւն ընդգրկուած պիտի ըլլայ միջազգային վարկանիշային աղիւսակներու լաւագոյն 500-ի ցանկին մէջ՚, ըսաւ Արթուր Մարտիրոսեան:

ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեան նշեց, որ կառավարութիւնը կ՛ընդունի կարեւոր փաստաթուղթ, որուն առնչութեամբ երկար եւ համակողմանի աշխատանք կատարուած է:

ՙՓաստաթուղթին ծանօթացողը պիտի մտածէ, որ 8 տարուան ընթացքին բարդ է այս բոլորը իրականացնելը, բայց վերջին չորս տարիներուն կրթութեան ոլորտին մէջ կատարուող քայլերուն ծանօթ մարդը պիտի հասկնայ, որ շատ ուղղութիւններով արդէն բաւական աշխատանք կատարուած է, յառաջ գացած ենք: Այս փաստաթուղթին մէջ ամփոփած ենք բոլոր ուղղութիւններով կատարուող աշխատանքը ու ներկայացուցած ենք մեր` մինչեւ 2030 թուականի տեսլականը: Կը կարծեմ, որ ստացած ենք ամփոփ փաստաթուղթ՚, ըսաւ Արայիկ Յարութիւնեան:

Share61Tweet38
Previous Post

ՀՀ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ 850 ՄԻԼԻՈՆ ԴՐԱՄ ՅԱՏԿԱՑՈՒՑ ՔԱՆԻ ՄԸ ԲԺՇԿԱԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԿԱՌՈՒՑՄԱՆ ՈՒ ՎԵՐԱԿԱՌՈՒՑՄԱՆ ՀԱՄԱՐ

Next Post

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ՍՏԵՂԾՈՒԻ ԱԿԱԴԵՄԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔ

Next Post
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ՍՏԵՂԾՈՒԻ ԱԿԱԴԵՄԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔ

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ՍՏԵՂԾՈՒԻ ԱԿԱԴԵՄԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.