Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀՀ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ 850 ՄԻԼԻՈՆ ԴՐԱՄ ՅԱՏԿԱՑՈՒՑ ՔԱՆԻ ՄԸ ԲԺՇԿԱԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԿԱՌՈՒՑՄԱՆ ՈՒ ՎԵՐԱԿԱՌՈՒՑՄԱՆ ՀԱՄԱՐ

July 29, 2022
in Գլխաւոր Լուրեր, Հայաստան
0
ՀՀ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ 850 ՄԻԼԻՈՆ ԴՐԱՄ ՅԱՏԿԱՑՈՒՑ ՔԱՆԻ ՄԸ ԲԺՇԿԱԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԿԱՌՈՒՑՄԱՆ ՈՒ ՎԵՐԱԿԱՌՈՒՑՄԱՆ ՀԱՄԱՐ

ՀՀ կառավարութեան որոշմամբ բժշկական հաստատութիւններու կառուցման եւ վերակառուցման համար ՀՀ Առողջապահութեան նախարարութեան յատկացուեցաւ 851 միլիոն դրամ: Կառավարութեան նիստին ՀՀ առողջապահութեան նախարար Անահիտ Աւանեսեան նշեց, որ յատկացուած գումարը պիտի ուղղուի քանի մը բժշկական կեդրոնի վերակառուցման ու կառուցման, ինչպէս նաեւ մէկ բժշկական կեդրոնի շինարարութեան նախագծանախահաշուային փաստաթուղթերու պատրաստման:

ՙԸնդհանուր պիտի հիմնանորոգուին Վարակիչ հիւանդութիւններու ազգային կեդրոնը, Արմավիրի մարզի Վաղարշապատի, Արագածոտնի մարզի Աշտարակի բժշկական կեդրոնները: Արարատի մարզի Արտաշատի բժշկական կեդրոնի դարմանատան մասնաշէնքը, ինչպէս նաեւ` Լոռիի մարզի ՙՏաշիր՚ եւ Կոտայքի մարզի ՙՆաիրի՚ բժշկական կեդրոններու համար պիտի կառուցուին ամբողջովին նոր շէնքեր: Անկէ բացի, պիտի կազմուի Արթիկի բժշկական կեդրոնի նոր մասնաշէնքի կառուցման նախագծանախահաշուային փաստաթուղթերու փաթեթը՚, ըսաւ Անահիտ Աւանեսեան:

Բժշկական կեդրոնները պիտի յագեցուին անհրաժեշտ նոր սարքաւորումներով ու գոյքով: Նախարարին խօսքով` նպատակն է ապահովել հասանելի որակեալ բժշկական օգնութիւն տարածքներու համաչափ զարգացման ծիրին մէջ:

ՙՄինչեւ տարեվերջ պիտի ունենանք եւս վեց բժշկական հաստատութիւններու նախագծանախահաշուարկային փաստաթուղթերու ամբողջական փաթեթը: Անոնց մէկ մասի կառուցման եւ վերակառուցման աշխատանքները նկը ախատեսուի մեկնարկել այս տարի: Շինարարական այս կշռոյթը պահպանելու պարագային կառավարութեան ծրագրով նախատեսուած առնուազն 50 բժշկական կեդրոններու վերակառուցման եւ վերազինման խոստումը պիտի կատարուի:

Յառաջիկային նաեւ ընդհանուր ծախսերու ուղղուածութեան փոփոխութիւն պիտի ունենանք եւ մեր ուշադրութիւնը պիտի կեդրոնացնենք առողջութեան պահպանման առաջնային օղակի շէնքային պայմաններու բարելաւման վրայ՚, յաւելեց նախարարը:

Share61Tweet38
Previous Post

ԲՐԻՏԱՆԻՈՅԻ ԱՓԵՐՈՒՆ ՄՕՏ ԾՈՎԻ ՄԱԿԱՐԴԱԿԸ 32 ՏԱՐՈՒԱՆ ՄԷՋ 16,5 ՍԱՆԹԻՄԵԹՐՈՎ ԲԱՐՁՐԱՑԱԾ Է

Next Post

ՊԻՏԻ ՍՏԵՂԾՈՒԻ 100 ՏՈԿՈՍ ՊԵՏԱԿԱՆ ՖԻՆԱՆՍԱՒՈՐՄԱՄԲ 5-8 ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆ

Next Post
ՊԻՏԻ ՍՏԵՂԾՈՒԻ 100 ՏՈԿՈՍ ՊԵՏԱԿԱՆ ՖԻՆԱՆՍԱՒՈՐՄԱՄԲ 5-8 ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆ

ՊԻՏԻ ՍՏԵՂԾՈՒԻ 100 ՏՈԿՈՍ ՊԵՏԱԿԱՆ ՖԻՆԱՆՍԱՒՈՐՄԱՄԲ 5-8 ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Trending
  • Comments
  • Latest
ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

August 25, 2022
ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ`  ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ` ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

March 11, 2023
ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՙԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ՚ ՎԷՊԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՙԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ՚ ՎԷՊԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

April 19, 2023

ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ՄՈՒՏՔ ԿԸ ԳՈՐԾԵՆ Ս.Դ.ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՔԵՐԸ

September 14, 2022

ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

0

ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄԻ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

0

1704 ԶԻՆՈՒՈՐԻ ԱՃԻՒՆ

0

ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄ

0
ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ  ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԵՐԳԱՀԱՆ  ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 120-ԱՄԵԱԿԻՆ

ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԵՐԳԱՀԱՆ ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 120-ԱՄԵԱԿԻՆ

September 21, 2023
ԱՐՑԱԽԸ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ԹԻՐԱԽ

ԱՐՑԱԽԸ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ԹԻՐԱԽ

September 21, 2023
ԺԱԱԺԱԱ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ

ԺԱԱԺԱԱ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ

September 21, 2023
ԼԱՐՈՒԱԾ ՎԻՃԱԿ ՀԱՐԱՒԻ ՄԷՋ

ԼԱՐՈՒԱԾ ՎԻՃԱԿ ՀԱՐԱՒԻ ՄԷՋ

September 21, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.